Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԻՐՈՒՀԻՆ ԳԻՇԵՐՈՅ

ԱՌ Պ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Երեկո՜յ է. ա՜յն փափկօրէն արու Զեփիւռ`

Իւր գըգուանաց համար ծանըր գըտանէ դեռ

Զոստըս ծառոց եւ ըզծաղկանց իսկ գիրգ թերթեր,

Ու դեռ կիզիչ` զոսկի ճաճանչս յայերս ըսփիւռ։

 

Պատուհանէս դալարասքօղ թեւաբացիկ,

Զոր ողողել ըսպառնայ գո՜գ ոսկեձո՜յլ ծով,

Պատուհանէս` երկնի՜ց անձուկ շըրջանակ ձիգ`

Բուրումնավանգ ինձ հասանէ տըրտո՜ւնջըն զով։

 

Տըրտունջ շընչոյն երեկոյեան, ոյր թեւք խընդրեն

Շողէն նըրբին, ծաղկէն բուրեան, ու խոտ ու խունկ,

Հիւթով մարմնոյն խանդիւն հոգւոյն լի, մըսատունկ

Թելերն ոսկի` ոչ լոյծ, ոչ գայտ, բա՜ն մ՚եթերէն։

 

Ո՜հ, իմանամ քաջ ըզքոյին խորհըրդաւոր

Բարբառ` բուրմամբք ու նըուագօք ու մերթ աղի,

Ու մերթ համեղ ինչ ըմպելեօք վերերկնաւոր

Բաղադըրեալ, ո՜ բնութիւն… Ու գաղտագողի

 

Գընամ գըտնել պատուհանին առջեւ ինձ պէս

Ձեռն ի ծընօտ ու աչկունքն ի ծով ոտքն ի վարդիս

Ու սիրտն ի ծուփ` բազմած անշարժ` որպէս զանդրիս,

Գընամ գըտնել դըրացուհին իմ ոսկեգէս։

 

Արեւելից արփին յաչացն ոչ է վանած,

Եւ ոչ արեւ մ՚իւր հոգիէն վանցէ երբեք,

Եւ ո՛չ արեւ մ՚ (արեւ ըլլայ նոյն ինքն Աստուած)

Վանցէ ՚հոգւոյն այն Անկլուհւոյն ըզթանձըր մէգ։

 

Այլ ինձ ժըպտի, յորժամ խօսիմ, յորժամ հայիմ.

«Անդունդն, - ասէ, - յաչսդ ինձ հայի, ո՜ Թեւանիոյ,

Մառախլապատ ծովն իմ ի ձայնդ ինձ հեծէ, ո՜հ».

«Եւ լըռութիւնդ, - յարէ, - անի տանջա՜նքն է իմ…»։

 

Խըլեմ ձեռքէն ըզմատենիկ, զոր ոչ կարդայ,

Ծովուց աղջկանն ասեմ. «Լըսե՞ս ըզձայն ալեաց.

Նա՛ զպաղատանըս Զեփիւռին, ո՜վ Ագաթայ.

Անդ ի դրախտին քե՜զ մընայ Սիւք. քե՜զ անձկայրեաց»։

 

Յակինթ ժըպտովն, ուր խոհանաց ամպք մըթագին,

Խարակներու խութերու պէս գո՜գ խիտ ամպեր,

Յամըր նաւին` մատաղ կենացն այն մահաբեր,

Յակինթ ժըպտովն այն կաթնածիր ու կաթոգին,

 

Ինձ ակնարկէ, ակամա՜յ զաչսըն զատուցեալ

Մարմարայէն, ուր միգուտ ջուրք Ովկէանուն,

Ովկէանուն ի՛ւր (նէ ասէ) հասնին թորեալ։

Ու ձուկի պէս ցուրտ թաթիկքն յիմ, յի՜մ ձեռս ջեռնուն։

 

Իսկ ես աչօք իմովք տամուկ, ո՜հ, տենչանօք,

Ի դըրախտին առ Ագաթայ ցոյց տամ զուղին

Աւազացան, որ երկարի` զերթ ծիր կաթին,

Զոր եզերեն բիւր ծաղկունք երփն-երփն երանգօք։

 

Եւ վարդերես իւր ոտք գըգուեն զաւազի հատս,

Մինչ անձկագին գըգուէ զիւր վարսս Սէրոնսըրտիկ.

Աղաչեմ զկոյս. «Դուստը՛ր մի՜գաց, սէ՜րս ու հաւատս,

Խօսեա՛ց. քեզ զի՞նչ ազդեն երկինք, երկիր, ծաղիկ»։

 

«Քան զԱլպիօն` իմ հայրենիք` մառախլապատ,

Մառախլապատ է իմ հոգեակ. ու մըթագին`

Մըտածմունք իմ. ցանցառ` բանք իմ ու սառնային։

Դու զիս ընտրես, ո՜ Թեւանիօ, ես` զանապա՜տ…։

 

Եւ կամ տեսնե՞ս ըզկոշտ կըտաւ լայն ուռուցիկ,

Դատարկ այն լանջն, այլ այնքա՜ն լի, ո՜հ, քերթութեամբ.

Զառագաստն այն սիրեմ, յալիս զուղին այն ձի՜գ…։

Փափաքէի՜ նաւել յամայր` դիտելով զամբ»։

 

«Հանապա՜զ ծով, յաւէտ շարժումն անշարժութեա՜ն.

Առագաստն յար ճերմակ, ու ալիքն յաւէտ կապոյտ

Կամ յաւէտ թուխ, յանծայր ծովուն անվե՜րջ պըտոյտ։

Այլ ո՞չ երկիրն է գեղագոյն, երկինք պատկեր անհունութեա՜ն։

 

Տե՛ս ըզծաղկունս, ծաղկատիպ կո՜յս, տե՛ս զարեգակ,

Բուրեն ծաղկունք, փըթթին ցանգ նոր, գունով գեղով

Յար այլազան. եւ եօթներփեան զիւր վեհ գիսակ

Ի տիեզերս արփին սըփռէ ի ծմակ, ի ծով»։

 

«Տե՜ս զառագաստ…։ Ո՜ Թեւանիօ, ես ոչ սիրեմ,

Ատեմ իսկ ես, ես ըզծաղկունս եւ զարեգ քոյ.

Ձիրքն իսկ իւրեանց, որ ինչ առնեն քեզ զայնս հաճոյ,

Ատելի յաչս իմ զայնոսիկ կացուցանեն։

 

Արփն է ջերմ յոյժ, եւ ճառագայթք իւր բոցագին

Յայգուէ ցերեկ հուր անընդհատ տեղան յերկիր.

Շողիւքն ոսկի կիզու նենգո՜ղն` որպէս ըզկիր.

Ա՜յր է վայրագ, ու վարսագեղ` իբրեւ ըզկին։

 

Երփնից համայն է գոյարան, է ձուլարան.

Կաթի, վարդի, ոսկի գունօք ներկէ զերկին.

Բիւրեղն` ի շեղ իւր շող, փայլի միշտ եօթներփեան,

Ու գոգանայ գունոյ գօտին ի ձեւ մահկին։

 

Իսկ ծաղիկներն, աղո՜ւ դըստերքն այն արփենին,

Բաղադրութիւնք արու շողից ու կոշտ հողոյն,

Ի ձեւ, ի գոյն յար փոփոխին հանգէտ արփւոյն,

Առաձըգեալ եւ ամփոփեալ, գունեղ, տըժգոյն։

 

Ծաղկո՜ւնք. եւ ո՞չ թեւ արկանեն զմիմեամբք նոքայ.

Սիրոյ տենդիւն ո՞չ մոզանան ու գալարին.

Եւ ո՞չ հըպմամբ նոցին մարդն իսկ մերթ սարսըռայ.

Գիրգ կանացի մըսոյ չը տա՞ն ըզգայութիւնն։

 

Ես ի յերկրի աստ զառագաստ` զըստուե՜ր ճերմակ

Սիրեմ միայն, կամ զանապատըն անըստուեր.

Զանապատըն` ըստուե՜ր համակ, անբոյր, անբեր.

Եւ ըզքեզ, ո՜հ, քան ըզծաղկունս եւ զարեգակ…

 

Թ՚է տանջանք ինձ` քո լըռութիւն ու անտեսութիւն,

Մեծ, արդարեւ, տանջանք սըրտիս լինէր, եթէ

Զառագաստ ոչ տեսանէի լա՜յն ի ծովուն։

Իսկ մեծագոյն, անհընարին տանջանքս ա՜յն է,

 

Տանջանքն անլուր իմ այն լինէր, ա՛յն ապաքէն,

Թէ ի լուսոյն ըստնահատէր աչքս յաստեղաց.

Զի քան զարեւ, եւ քան ըզվարդ, քան զառագաստ,

Քան զանապատ եւ քան ըզքեզ, ո՜ ծովահէն…

 

Ո՜ Թեւանիօ, Արեւելից ո՛ւստր հըրեղէն

(Զոր չը գիտեմ` զիա՛րդ սիրել կարեմ, սիրե՜լ).

Քան զամենայն, քան զոր սիրեմ, քան զոր ատեմ,

Այո՛, սիրեմ գիշերոյն աստղն ես առաւել։

 

Նըշոյլ նորին ոչ բոցանայ. անգոյն է աստղն` որպէս զաւա՜զ,

Կամ միագոյն։ Եւ ցըրտին են համայն աստեղք.

Կայծ մը յաստեղց աստ ի յերկիր անկա՞ւ երբեք.

Ա՞րկ մարմարեան իւրեանց տեսիլ հուր ի նաւազ։

 

Ծաղիկն ի ձեւ, ի շնորհ, յանուն երկնիցն աստեղ

Ոգւո՛վ է լի, արմատ ունի, թըրթուռ եւ որդ։

Զօրէ՞ թըրթուռ ցըտել զաստեղց կարծր ըզբիւրեղ.

Զարմատն ո՞ տես իւրեանց։ Ու ո՞չ սիրտ որոնէ որդ։

 

Անաճ, աննուազ, ըզգայազիրկ, անկարեկիր,

Անթոյր, անբոյր, անսիրտ ապա եւ անհառաչ,

Անթըւելի, անհամեմատ մեծ, քան զերկիր,

Երեկոյին գամուին անդ. ձախ չունին ոչ աջ…։

 

Մեր ակնարկին առաջի ո՜ որ շիկնիք ոչ,

Զի չունիք գոյն, զի ոչ արիւն, ապա ոչ կեանք.

Աչք, որ բացուիք, մերձ ի փակուիլ մինչ մեր են աչք,

Լապտե՛րք, ոյց լոյս թողու մըռայլ զանդունդս աստոջ,

 

Դէ՛տք, ոյք չառնէք ազդ ըզվըհից, ըզնըհանգաց,

Միթէ չէ՞ք դուք… տապանք անգիր, անթըւական,

Յաւերժատունկ շիրիմք անխաչ եւ անաստուած.

Ըզձեզ, աստե՛ղք, սիրեմ, մընամ ձեզ յերեկեան…»։

 

«Ո՞չ գեր ի վեր, քան զանըզգաց իցէ զաստեղունս

Կոյսն ըզգայուն, որ քան ըզսէր ընտրեց ըզմահ…։

Ես քան զԱրեւն իմ, քան ըզկեանս սիրեմ զքեզ, կո՛յս,

Ո՜ սխրալի մարմնաւորում Դու Նիրվանայ…»։

 

29 Յուլիս, 1889
Ֆանառաքի, Սեպ., Պանդոկ

(Արեւելք, 12 Օգոստոս, 1889)