Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱՒԱՎԱՐ ԱՇԿԵՐՏԸ

Փոքրիկն Եանգօն մանր իւր ձեռօք մէկ թիակ

Առաւ նախ. այլ զօրացաւ շուտ իւր դաստակ։

Իւր վարպետին աշկերտ մ՚եղաւ արժանի`

Քաջ ուսնելով, զոր ինչ արուեստն այն գաղտնի

Ունի. արուեստ տաժանակա՜ն դըժուարին.

Ւ՚ ի՜նչ եռանդեամբ բազումք այնմիկ, ո՜հ, փարին։

Այլ թող նորէն Եանգօն ինքն իսկ մեզ խօսի.

«Մէկ դահեկան կու տար վարպետս օրն ինծի։

Բայց իրիկունն, նաւամատոյցն, հոն կեցի՛ր,

Հոն պիտ՚ ելնեն եազըճիներն յոգնաձիր.

Մատիդ ծայրով բըռնէ նաւակնուն ծայրէն,

Ձիլ ձիլ տասնոցք ահա կ՚ելնեն գըրպանէն։

Տուն կ՚երթայի, կը համրէի, չորս, հինգ, վեց.

Հինգ-վեց ղուրո՜ւշ, հարըստութիւն մ՚էր ինձ մեծ.

Եւ ամէ՛ն օր, ամէ՛ն իրկուն նո՛յն գումար։

Կը համրէի ձիլ տասնոցներն. «Ահա՛ մա՛ր.

Եթէ դըպրոց զիս թողույիր դու ցայսօր,

Ա՜յն կընկան քով, տհասկալիձային, որ… որ

Ինքն ալ կարդալ չը գիտեր բնաւ, եւ որուն

Ա՛յնքան շաքար, խահուէ, միրգ, բուրդ տըւիր դուն։

Կը պահէր մայրս ըստակս. «Ապրի՜ իմ տըղաս.

Տըղա՛ս, ըստակդ, ու հօրդ ու ի՛մս ալ ըստակս,

Ամէնք քուկդ են»։ Այո՛, մայրս ալ կը շահէր.

Միշտ թհանտէլա կը շինէր ու կը ծախէր.

Թհանտէլա լայն, նա՛հ, աղի չափ, Ստամպօլա

Կ՚երթար օր մը թհանտէլայովն, եւ ահա

(Նաեւ հետն էր առած իմ շահս ալ ըստակ)

Եւ ահա ծանր արծաթ դըգալ ու պընակ

Կը բերէր տուն։ Ամէնքն ալ քուկդ է տըղա՛ս.

Մեր տունն ու տեղ, ըստակ, պըղինձ, արծաթ թաս»։