Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱՒԱՎԱՐԻՆ ՈՐԴԻՔ. ՎԵՐՋԱԲԱՆ

Ւ՚ որպէ՛ս ինքն էր, այնպէ՛ս ըրաւ իւր տըղաք.

Թոյլ չը տըւաւ, որ ունենան ա՜յն փափաք

Բարձըր ուսմանց, ըստէպ մարդկան մահաբեր,

Ի շնորհս որոց է մարդ, բաբէ՜, տարուբեր

Ի մէջ սուտին ու ճըշմարտին, անըստոյգ,

Թէ գո՞յ ըսկիզբ, վախճան. մի՞ է կեանք, թէ զոյգ։

Երկու տըղաքն ալ արհեստի դըրաւ վաղ.

Հօրն հանգոյն` չեն սիրեր օղի, կին եւ խաղ.

Իրենց դրամով կ՚ապրին, կ՚ընեն ե՛ւ խընայք.

«Ա՜հ, եթէ ինձ չափ լինէի՜ն եւ իմ տղայք

Բարեբաստիկ յամուսնոյ։ Այո՛, ես զիս

Պարտիմ նախ մօրս, ապա կընոջս` իմ կէսիս»։