Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ԵՐԷՑՆ

Չոր ոսկր, եւ աչօք սեւ անդընդային,

Խոր մինչեւ ուր հուրն երկրի բորբոքի,

Եւ, ցոլացնելով այդ հուրն ի յաչուի,

Երթայր բըժըշկէր հարուածօ՜ք խաչին։

 

Հրաշագործն ո՞րն էր, ի՞նք, թէ զօրք Խաչին։

Այդ հուր նայուածքէն, հարուածէն գութի,

Չէր վրիպեր ցաւ հոգւոյ կամ մարմնի.

Հրեշտակի՜ համբոյր քան հարուած փայտին։

 

Ինչպէ՞ս այն հարուածք, ոյք յերկնից տեղան

Ի վերայ գըլխոց ամպարիշտ մարդկան,

Չը զօրեն բուժել (ինչպէ՞ս) համօրէնն,

Այդ հաւատացեալ նիհար քահանան,

Ի՜նչ հըզօր, գըթած, յար Երկնաւոր Հայրն։

Պաշտենք, արդ, երէցն, որպէս մեծ Որ Էն։

(Մասիս, 23 Դեկտ 1906)