Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՀԱԿԵՆԴԱՆՈՒԹԻՒՆ

Երկրէս չըւող մէն մի հոգի ե՛ւս անձուկ

Երեւցնէ զաշխարհն աչացս իմ, բաբէ՜,

Եւ անդրագոյնն անհո՜ւն եւըս ինձ յայտնէ,

Անծանօթի՜ն մտրակելով յիս անձուկ։

 

Ամէն մեռել զիս իրեն հետ կը թաղէ.

Իբր ողջ կու լա՜մ, իբրեւ մեռել կ՚որդնոտի՜մ,

Երկնաւորին ես ի՞նչ արդեօք կը պարտիմ

Որ այս անլուր տանջանաց զիս կը մատնէ…

 

Մա՜յրս է, մա՜յրս է… որ կ՚անիծէ զիս.

«Տղա՛ս, գրող եղա՛ր, անօթի պիտի մեռնիս…»։

(Լոյս, 1 Յունուար, 1908)