Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՓՈՇԻ

Պէտք է ըսեմ, այս իրիկուն,

Գլուխս ուսին, աչքերըս փակ՝

Թօշնիլն հիւանդ ծաղիկներուն…

 

Մեռան։ Քի՛չ մը փոշի ունայն

Կը տանիմ լոկ, այս իրիկուն,

Իր ձեռքին մէջ դընել անձայն…

 

Անոնցմէ ա՛յս մընաց միայն… ։