Բանաստեղծութիւններ, հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՁՕՆ  ԽԱՓՇԻԿ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻ ՄԸ

ԳԱՆԿ

Տափակ ոսկորներ կ՚առնէ քով քովի

Կը Կարէ  Գանկեր կը շինէ

Խօսէ կ՚ըսէ կը խօսին Լռէ կ՚ըսէ կը լռեն Խորհէ կ՚ըսէ կը խորհին

Խօսէ կ՚ըսէ կը խօսին Խօսէ  կ՚ըսէ  կը պոռան Լռէ կ՚ըսէ չեն լռեր Ազատութիւն կը պոռան

ՃԱՆԿ

Միայն կատուն չի ճանկեր

Ոչ ալ բախտը միայն

Ոչ ալ չեմ գիտեր ձեր որ սիրուհին

Ես

Ես ալ ճանկս  կ՚անցընեմ  ձեր զգեստներուն

Դուք կը յառնէք

Ու կը մեկնիք Լուսաւոր -

Լուսաւոր մերկութեան մը մէջ -

Լուսաւոր

Եւ  ազատ

Ու ճանկէս կախուած կը մնայ

Ցնցոտին Ձեր բոլոր բոլոր ամօթներուն

ՎԱՆԿ

Վանկ մը կրակին վրայ

Կրակին շուրջը մենք կ՛երգենք ձայն ձայնի 
Վանկը եփ կ՚ելլայ

Ձեռք ձեռքի կրակին շուրջը կը պարենք

Ու վանկը կ՚եռայ

Կը շոգիանայ

Երկինքը կը լեցուի գոյն գոյն վանկերով -

Մինչ մենք կը ժողվենք կեցած ուս ուսի

Ա եր արեւուն շողերովն օծուն ԶԱ եր զմրուխտէ

ՏՈՒ եր տպազիոն աւիշի գոյնով ԹԻՒՆ եր թափանցիկ -

Երկինքը կը լեցուի գոյն գոյն վանկերով

Քով քովի կանգնած երկինք կը նայինք 
Մեր կապարի գոյն լուռ նայուածքներով 
Մինչեւ որ գարնան անձրեւին նման

ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ  իջնէ  մեր  վրայ

 

ՑԱՆԿ

Մեր պաշտօնն է ժպտիլ դէմքերուն բոլոր

Որոնք կը նմանին խոշորացոյցի 
Ու խնամով պահել աչքերը որոնք

Ուրիշին կը նային

Մեր պաշտօնն է բարեւել գլխարկները բոլոր

Որ անմահութեան ծովուն վրայ կը ծփան

Ու ողորմիլ նիհար ճայերուն որոնք 
Կը մնան առանց թառի

Մեր պաշտօնն է յարգել կուռքերը բոլոր

Որ գերհաս թուզերու թափով կ՚յինան հողին

Ու մեծարել արիւնոտ սուինները որոնց

Ժանգը կ՚երեւայ երբ մեգի հային

Մեր պաշտօնն է ծալլել պարիսպները բոլոր

Որ կը ճմռթկին բարձրութեան բեռին տակ

Ու փչել քոսոտ կուրծքերուն մէջ որոնք 
Պիտի մեծնան պարիսպի չափ

Մեր պաշտօնն է անսալ մեր ժամերը ճշդող ցանկերուն

Հաւատալ թէ կ՚ապրինք 
Ու կանչել կանչել օրերը  բոլոր

Որ նոյն կշռոյթով կ՚ընդլայնին կեանքի չափ