Ամբողջական երկեր հատոր Ա

Հեղինակ
Zahrat  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳԻԾ ՄԸ

Գիծ մը  միջոցին  մէջ

երեք տարածութիւններուն մէջ 
կը բարձրանայ վեր

վեր - կարծես ամպեր կը ծակէ կ’անցնի 
վեր - հոն գիշերուան կը սպասէ կարծես

աստղ մը խլելու համար գիշերանց

նորածին աստղ մը աստղերուն մէջէն 
Կը բարձրանայ վեր - կը բարձրանայ առաջ

շեղակի

ուղիղ գիծ մը

միջոցին մէջ

մեծ

Ու բազմաթիւններ կը հաւաքուին այղ գծին  շուրջ

                         այդ գծին տակ

                         այդ գծին կողքին 
Կը նային գծին ուղղութեամբ վեր

                         Նորութեան մը յուզումն  իրենց  մէջ

                         Իրենց աչքերուն մէջ որոնք կը շլանան 
Իրենք կը զարմանան 
Իրենք կ’ուրախանան երբ կը տեսնեն ուղիղ գիծը

միջոցին մէջ 
կը ծափահարեն

Ու բազմութիւնները այրով կինով 
մանչով աղջիկով 
ծերով երիտասարդով 
գիծն ի վեր բարձրանալու պատրաստ են

Ու բազմութիւններուն  մէջէն

այն երեք տարածութիւններուն մէջէն ուր այդ բազմութիւնները

կ՚ապրին 
կը յայտնուի մէկը մարգարէներու ծիրանին հագած

այդպէս փառաւոր 
այդպէս ինքնավստահ

այդպէս զգեստաւորեալ գերապանծ փառքով 
շարժուձեւերուն մէջ անառարկելիօրէն հեղինակաւոր ծամածռութիւններուն մէջ աւետաբեր խոստումով

          կը յայտնուի մէկը բազմութիւներուն  մէջէն 
Ու բազմութիւնները իրենց ակնկալութիւններով արբշիռ

յափրացած սպասումէն 
Կը հրեն կը հրմշտկեն ընտրեալն այդ ծիրանազգեստ

յետոյքին աքացիի հարուածներ կու տան 
ոմանք քաջալերութիւն կը փչեն անութներուն տակ

ոմանք կը խարազանեն 
Ու Մոնկոլֆիէի օդապարիկի մը նման 
անիկա կը բարձրանայ  ուղիղ  գիծն ի վեր

միջոցին մէջ

երեք տարածութիւններուն մէջ

Ու բազմասիւնները համակերպած օր մը չէ օր մը անոր

ստրկանալու  ցոյցեր  կ՚ընեն

տօն կը տօնեն այրով կինով

մանչով աղջիկով

ծերով երիտասարդով

- ու կը ցրուին

Այդ «ընտրեալ»ը - ըսենք - այն ատեն առանձին կը մնայ գծին հետ կը մագլցի վեր

կը կարծէ թէ պիտի հասնի ամպերուն - այդքան միայն

              մինչդեռ կը բարձրանայ աւելի առաջ

                                    աւելի վեր

կը կարծէ թէ իր բանը գործն է հոն սպասել 
մինչեւ գիշեր

               ու նորածին աստդ մը որսալ աստղերուն  մէջէն

            տանիլ բազմութիւններուն որ զինք հոն ղրկեցին 
մինչդեռ կը բարձրանայ միշտ աւելի վեր

                         աստղերէն անդին

ուր նորանշան տիեզերքի մը անհունին մէջ

կը մոռնայ բազմասիւնները որ զինք հոն ղրկեցին

Իր տեսողութիւնը կը թաթխէ տեսիլքներու հարստութեան մը մէջ

կը գինովնայ

Յանկարծ

- Արդէն ամէն ինչ յանկարծ կը պատահի արագութիւններու այդ

կարգուսարքին մէջ -

Յանկարծ

- արդէն ամէն ինչ յանկարծ կը պահատի  մէկու  մը համար որ

անպատրաստ է -Հետեւաբար յանկարծ

զինքն զգաստութեան կը կանչէ ձայնն իմաստութեան եւ ընտրեալը կը սթափի

պատասխանատուութիւններու բեռ մը շալկած ու կը տեսնէ գիծն հասեր է իր վախճանին

Երկիւղով լեցուած

իր զգայարանքները կը կարկառէ շրջապատին մէջ կ’ուզէ ասպարէզ տալ իր հասկացողութեան յանկարծ կը  կծկուի  ինքն իր  մէջ  ոզնիի մը պէս

Ու  շուրջը  կը հաւաքուին նոր  բազմութիւններ

կը նային իրեն չնաշխարհիկ արարածի մը պէս կը նային իր անճարակ շարժուձեւերուն կը նային իր դէմքին  ուրկէ  զարմանք կը կաթի եւ իրեն անծանօթ միավանկ բառերով կը բացագանչեն

Այսպէս ակնթարթ մը դէմ դէմի կը մնան

ինքն ու բազմութիւնները այդ պրպտումին մէջ Յետոյ կու գայ վարժութիւնը գարնանային զեփիւռի մը

փաղաքշանքով

ու բազմութիւնները կը ցրոլին Մինչդեռ ընտրեալը կը գիտակցի

թէ անոնք ապագան են անոնց որ գինք գիծն ի վեր ղրկեցին

այրով ու կինով

մանչով աղջիկով

ծերով Երիտասարդով

հրելէն - հրմշտկելէն

Այն ատեն իր քով կը տեսնէ գերմարդը

մարգարէներու հինաւուրց պատմուճանը հագած Գերմարդ մը գերմարդերու հրաշքի ու հրաշալիքի աշխարհին

մէջէն  Մեծ գանկով ու վտիտ սրունքներով

–Այս պատմուճանը  –կ՚ըսէ–  ես հագայ քեզմէ տասը սերունդ վերջ հագայ - որովհետեւ բազմութիւններ պահանջեցին որ հագնիմ Ինծի ըսին թէ օր մը պիտի գայ մէկը գուպարի եւ կռիւի

անհասկացողութեան եւ վայրագութեան կործանումի եւ քանդումի եպերելի աշխարհէ մը հոս Հագիր դուն այս պատմուճանը Նոյի օրէն մնացած ու եթէ հանդիպիս օր մը չէ օր մը մէկու մը որ նմանն է հագեր մօտեցիր անոր գութով գորովով մօտեցիր անոր ներողամտութեամբ մօտեցիր անոր մեծ եղբօր մը պէս անյիշաչար ու պատմէ անոր - որովհետեւ դուն միայն պիտի կարենաս խօսիլ

լեգուով մը զոր ինք կը հասկնայ պատմէ անոր - որովհետեւ ան չի գիտեր -պատմէ թէ ինչպէս մենք

անոնցմէ տասը սերունդ վերջ երբ երկրագունդը անցաւ Ջրհոսի նշանին տակ

երբ գիւտերու դարաշրջանը ապրեցանք հիւլէներ փշրելով

այդ  հիւլէին մէջ գտանք

սփոփարար գաղտնիքը յաւիտենական խաղաղութեան

Ու մենք հիմա անջատ անջատ

երեք տարածութիւներուն մէջ

մթնոլորտին մէջ որ կու տայ կարելիութիւնը

տարածութիւններուն մեր օդայած մեքենաներուն վրայ

անհատ առ անհատ մշտնջենական տեղափոխման հաւասարակշռութիւնը

կ՛իրագործենք  մեր  առանձնութիւններուն վրայ քուանդաներու պէս

մագնիսացած

մեր ընտրեալը կը նշմարէ թէ հետզհետէ լպրծուն կը

դառնայ անգոյ մակերեւոյթը գծին

ուրկէ կը սահի վար

ուրկէ կը սահի ետ

Մոնկոլֆիէի հրդեհեալ օդապարիկի մը նման

վար

ետ

ճամբան ինքնիրեն բագմիցս կրկնելով պատգամը

գերմարդուն մագնիսացած

Ու բազմութիւնները կը հաւաքուին ստորոտը գծին

- այդ  ուղիղ  գծին որ դէպի Ապագայ տարաւ -

Ու բազմութիւնները կը կանչեն  ուրիշ  բազմութիւններ

որոնք կը կուտակուին

եւ աննման ցնծութեան մը մէջ

կ’երգեն միաբերան

Ընտրեալը վերադարձաւ

Մեծ աւետիս բոլորին

Ել ընտրեալը կը բացխփէ աչքերը

երազը աւարտած երազատեսի մը նման

մէկ երկու կը հազայ եւ իր հագագը կը մաքրէ եւ յարմարագոյն ձայնով եւ յարմարագոյն կերպով դիմախաղերով շարժուձեւերով կը պատմէ իր արկածախնդրութիւնը

լարուած մեքենայի մը պէս հաւատարմօրէն

Ու բազմաթիւնները մեծաշռինդ կը ծափահարեն

անգիտակ թէ ինչ կը ծափահարեն

անգիտակ թէ ինչու կը ծափահարեն ու երբ  այլեւս  կը ձանձրանան ծափահարելէ կը ցրուին անտարբեր

Մինչդեռ ընտրեալը տակաւին կը նայի

ծիրանի պատմուճանին մարգարէական Իսկ միջոցին մէջ

երեք տարածութիւններուն մէջ շեղակի կը բարձրանայ վեր

         դէպի ապագայ

ուղիղ  գիծ մը

պիրկ

Երկրին ընդերքէն արձակուած երկնասլաց նետի մը պէս

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍ ՄԸ

Զահրատ Ա. - իշխան մեծազօր 
Արքայ հիմնադիր զահրատեան տոհմին 
Որ սուրով թուրով գահը բարձրացաւ 
Չնայած  որբին  այրիին լացին -
Ու Զահրատ Բ. - յաջորդն արժանի 
Իր հօր - անոր պէս քաջ արիւնարբու 
Տարածեց անունն իր վեհ նշանին 
Երկիրներ անդին - գերեց անթիւ ազգ 
Գունդ  գունդ  կոյս աղջիկ բերաւ իրեն հետ 
Մէկ մէկ անոնց հետ պառկեցաւ որդին 
Զահրատ Գ. - Մեծ կոչուած իրաւամբ -
Մեծ որովհետեւ երկու տարուան մէջ 
Բովանդակ երկիրն էգերուն բաշխեց 
Այնպէս որ զերդ գահ Զահրատ Դ. ին 
Ոզորէ շինուած աթոռ մը մնաց -
Չեմ գիտեր քանի Զահրատ այն օրէն 
Այդ գահին վրայ նստան ու գացին 
Իսկ ես այդ տոհմէն Զահրատը վերջին 
Ոչ թագը տեսած - ոչ գահն իմ պապին 
Եկեր եմ  կ՚երթամ  այսպէս - որու ինչ