ՍԻՐԵՐԳ
Մանուկ
էինք
տակաւին.
Ես`
քեզ
ժըպտող,
հանդարտիկ,
Իսկ
դու
աշխոյժ
թիթեռնիկ
Մ’էիր
շըրջող
իմ
չորս
դին:
Մատուցի
քեզ
օր
մը,
յո՛ւշ,
Վարդ
մը`
այտիդ
պէս
կարմիր,
Դու
դէմքիս
զայն
նետեցիր`
Ուրկէ
խոցեց
զիս
մի
փուշ:
Արիւն,
արցունք,
երկո՜ւ
շիթ,
Երեսէս
վար
հոսեցան.
Գերին
եղայ
օրէն
այն`
Չարաճըճի
հաճոյքիդ…
Ո՜հ,
երբոր
ա՛լ
կը
վառէր
Սիրտըս`
սիրոյդ
կըրակով,
Հեծող
քնարիս
նըւագով,
Երբ
խընդրեցի
քուկին
սէր:
Դու
մերժեցիր,
ես
լացի՜.
Արցունքի
մէջ
նուաղեցան
Բոցերն
աչքիս.
ընդունա՜յն
Արդ
քեզի
սիրտըս
բացի:
Տենչանքներով
անուշիկ`
Զուր
տեղ
շուրթերս
այրեցան.
Անոնք
երբեք
չարբեցան
Համբոյրներովն
այտիդ
գիրգ:
Ալ
ես
հառաչ
մ’եմ
վերջին,
Բայց
թէ
սիրուիմ
միանգամ`
Նորէն
մըրրիկը
կ’ըլլամ
Սէրերու
մեծ
ովկիանին:
20
ապրիլ,
1901