ԾԻԾԱՂ,
ԶԱՅՐՈՅԹ
Մըշուշին
մէջ,
յորձանապտոյտ,
տարուբեր,
Թո՛ղ
մըրրիկներն
ոռնան
ճամբէն`
մոլորուն,
Եղած`
այս
կոյր
աշխարհիս
կոյր
թըռիչներ.
Թո՛ղ
տըքնի
ծովն,
ու
թող
լեռներն
առնեն
քուն:
Թո՛ղ
մայր-Բնութիւնը
վախճանի,
ու
ետքն
ալ
Իր
աճիւնէն
կենդանանայ
վերըստին,
Ընթանալով
նոյն
ճամբայէ
մ’անայլայլ`
Որուն
ելքն
յար
միացած
է
իր
մուտքին:
Թո՛ղ
ալիքները
մէկմէկու
ետեւէն
Դէպի
հեռուն`
անծանօթ
մ’ընթանան.
Եւ
մարդերն
ալ,
ուրի՜շ
ալիք,
թող
վազեն`
Կէս
նըշմարուած
ճառագայթի
մը
տատան:
Թո՛ղ
հոգիներ
ունայնութեան
ձայնին.
խո՜ւլ,
Երջանկութիւնն
ուզեն
բըռնե՜լ.
ո՛հ,
այդ
լոյսն
Որչափ
ջանանք
մերին
գըրկին
մէջ
առնուլ`
Պիտի
գըտնենք
մեր
գըրկին
վրայ
տըւած
խոյս:
Թո՛ղ
նայուածքներ
ըստուերներո՛ւ
հետեւին,
Թո՛ղ
դափնիներ
ծըփան
չորս
դին
գանկերու,
Այդ
տերեւներ,
գիտե՜մ,
դըռնէն
սեւ
շիրմին`
Պիտ
չը
սըղմին
դէպի
անդի՜ն
անցնելու:
Մըխիթարանքը
գըտնելու
տենչանքէն`
Թո՛ղ
հարուստներ
հեշտանքի
մէջ
ընկըղմին.
Ո՛հ,
խե՜ղճ
սագեր`
որոնք
ջուրին
ներքեւէն
Չոր
ու
ցամաք
պիտի
ելլեն
վերըստին:
Թո՛ղ
իշխաններ
համբոյրներով
կիներու
Շարեն
իրենց
կեանքի
համրիչն
հեշտական,
Եւ,
մեղկօրէն,
կախարդ
կապտող
ձեռքի`
հլո՜ւ,
Անոնց
աչքին
մէջ
իրենց
պարտքը
մոռնան:
Դիմա՛կ
փոխէ
թող
Եւրոպան
ըստ
շահին,
Մինչ
դատասաց`
դատաւորի՜
ըզգեստով.
Եւ
թող
ինքզինքը
խաբխըբէ
տակաւին`
Թէ
կը
գործէ
վըսեմութիւնը,
խըղճով:
Թո՛ղ
փառամոլն
թագի
մ’համար
մարմաջի,
Թո՛ղ
համբոյրներ
տեղան
նենգող
քղանցքի
վրայ.
Մողէզի
պէս`
որ
քարէքար
կը
թագչի`
Կեղծն
իր
քօղին
տակ
բացխըփիկ
թող
խաղայ:
Ես,
իմ
վըսեմ
երազիս
մէջ
փաթթըւած,
Հոն,
լերան
վրայ,
հեգնո՜ղ
արծիւ
մըտածման,
Սուր
ճիրաններս`
բնութեան
կուրծքին,
դէպի
ցած
Պիտի
նայիմ
եւ
պիտ’
խընդա՜մ
ատոնց
վրան:
Բայց
երբ
որ
Չա՛րը
ծընի
այս
ամէնէն,
Այս
խօլանքէն
Վընա՛սն
ելլէ
անդադար.
Մարդկութեան
մէկ
մասին
մոլի
յագուրդէն`
Միւս
տարաբախտ
մասն
ըլլայ
զոհ
մ’անարդար:
Բայց
երբ
աշխարհըս,
փըրփրերա՛խ
երիվա՜ր,
Սուրբ
Վարողին
դէմ
իր
բաշերը
թօթուէ.
Երբ
հասկը`
գոռ
փոթորկին
տակ
պառկի
վար,
Եւ
կոտրի
վարդը
տերեւին
ներքեւէն:
Երբ
բաց
մատեանը
Բնութիւնն
իր
գաղտնիքին`
Դեռ
մեր
տըկար
աչքէն
բըռնէ
դէպ
հեռու.
Երբ
լացերո՛ւ
փոխուին
երգերն
ալիքին,
Եւ
դեռ
ջանայ
մարդն
իր
շուքին
հասնելու:
Երբ
քաղելու
համար
լոկ
վարդ
մ’հաճոյքէն.
Կոյր
հոգիներ
իրենց
խուժող
ոտքին
տակ
Մանիշակներ,
անմոռուկներ
կոխկըռտեն,
Եւ
խոցէ
բիւր
սըրտեր`
փառքի
մը
տենչանք:
Երբ
դատարկուած
թանկ
բաժակներ
խընճոյքի,
Դուրսն,
աղքատին
արցունքներո՛վ
մաքրըւին,
Եւ
ալիքներն
ուրախութեան
աղմուկի,
Սեմին
վըրայ
խեղդեն
լալիւնն
անսուաղին:
Երբ
զինք
մըշուշը
ցոյց
տալու
համար,
վերն,
Արեւուն
վեհ
ճակտին
կառչի
լըկտօրէն.
Երբ
ելլելու
համար
բարձունքն`
յաղթ
քայլեր
Ինկած
կուրծքերն
իրենց
սանդուխ
գործածեն:
Երբ
օրէնքին`
քըմահաճոյքն
ըլլայ
ղեկ.
Եւ
Արեւմուտքը
տակաւին
բաւական
Ըստուեր
երկնէ`
քօղ
մ’հիւսելու
թանձըրկեկ
Արեւելքի
ցօղերու
վրայ
մըշտական:
Սուտը,
դաժա՜ն
ահե՜ղ
հիդրայ,
երբ
իրեն
Պըրկումներուն
մէջ
ճըշմարտին
հեծել
տայ,
Երբ
բըռնութիւնն
իբրեւ
լերան
մը
բազէն`
Թըռչուններու
տարմեր
ընէ
խեղդամահ:
Ես
այն
ատեն,
նորածին
Մուսայիս`
պարտակա՜ն,
Քընարազարդ
իբրեւ
առիւծ
մը
վըսեմ,
Շըղթաներո՜ւս
մէջ`
Բնութեան,
Մարդկութեան
Երեսն
ի
վեր
ահեղօրէն
պիտ’
մըռնչե՜մ…
7
մայիս,
1904