ԵՐԳ
Այսպէս
այգ
մ’էր
մայիսի,
Երբ
գարնան
հետ
միասին
Կոյսն
հոգւոյ
մէջ
կը
սուզի`
Կըծծիութեամբն
հաճոյքին:
Երբ
իրարու
կ’երկըննան
Շէկգոյն
արեւն
ու
կակաչ.
Զոյգ
շըրթունքի
յար
նըման`
Առած
սիրոյ
բոց-մարմաջ:
Ճիշտ
իրարու
քով
քովի`
Նըստած
էինք
երկուքս
ալ.
Նայուածքներով
գինովի`
Կը
ջանայի
զինք
կարդալ:
Մագնիսացած
էի,
ա՜խ,
Աչքերէն
լուրթ,
հոգեգրաւ.
Սէգ
նազանքով
մը,
դանդաղ,
Ձեռքըս
ձեռքին
մէջ
առաւ:
Երազի
մէջ,
մեղմօրէն,
Վերացումի
ազդման
տակ,
Բոց
աչքէ՞ն
էր
թէ
այտէն`
Համբո՜յր
մ’առի
կուշտ
ու
տաք…
Շուրթիս`
թոյն
մ’է
այդ
համբոյր
Սա
օրերուն
դըրժումի.
Այն,
կեանքիս
մէջ
ընդհանուր,
Կուրծքիս
‘տի
մնայ
լա՜յն
վէրք
մի:
20
մայիս,
1901