ՊՍԱԿՄԱՆ
ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ
ՎԵՐՋ
Այսպէս
կ’ըսէ.
«Ներսըս,
կը
զգամ,
սէրն
ամբողջ
Կը
խըտանայ.
լոկ
բոյր
չէ
այն
եւ
ոչ
գոյն,
Նոյն
ծաղիկն
է`
հագած
մարմինը
դողդոջ.
Կը
զգամ
թէ
բա՛ն
մը
կը
դըպչի
իմ
հոգւոյն:
Բացուեցաւ
քօղը
գաղտնիքին
երազիս.
Կը
հասկընամ.
սա
երգն
էր
սա՛
թըռչունին.
Ահա
երկինքն
իմ
բոցերուս,
սիրտն`
ըղձիս,
Շարժմանս
առեղն,
արբեցութեանըս`
գինին:
Գետն
իրեն
հունը
կը
ճանչնայ,
ծովուն
գոգն`
Ալ
կը
գըտնի
անձրեւը
իր
վիհն
անչափ:
Հիմա
շուրթերըս
չեն
ըսեր.
Ե՜րբ
արդեօք…
Էութիւնս
է`
որ
կը
հըծծէ.
Ա՛հ,
որչա՜փ:
Եւ
չեմ
ըզգար
այլեւս
երազն
ըստուերէ.
Կը
տեսնըւի՛
այդ
երազն
արդ
իմ
աչքին.
Ինծի
համար
ծարաւն
հիմա
համբոյր
է,
Իղձը`
վայելք,
խոստումը`
ուխտ,
սէրը`
կին:
Ես
կ’իմանամ
թէ
մէկ
չեմ,
իմ
մըտածման
Շուրջն
ուրիշ
լայն
պարոյր
մըն
ալ
դարձած
է.
Մէկ
երակէս
կ’անցնի
երկո՛ւ
գիծ
արեան`
Եկած
երկու
համակեդրոն
սըրտերէ:
Կուրծքիս
տակ
կայ
սիրոյ
կըշիռ
մը
տարտամ.
Ծանր
է
նըժարն
ինձ
պատկանող
նըժարէն:
Հիմա
Աստուածս
երկո՛ւ
էջէն
կը
կարդամ.
Զոյգ
ճառագայթ
հոգւոյս
վըրայ
կը
փայլեն:
Հոգին
ջահն
է,
եւ
իր
մէջի
կրակը`
յոյս.
Իսկ
մարդուս
մէջ
ջահակիրն
է
ըզգօն
կինն:
…Այսօր
կայ
ձեռք
մ’որ
մերթ
քայլերս
վըհասոյզ
Պիտ’
հաստատէ
ճամբուն
վըրայ
հաւատքին:
Եւ
այսպէս
ո՞ւր
պիտի
երթանք
մենք
մեզի.
Ի՜նչ
վըճիռներ
կը
սպասեն,
ո՛հ,
մեզ
անդի՜ն.
Մընաս
բարով
երէ՜կ,
օրեր
երազի.
Ողջոյն
քեզ
վա՜ղ,
օրեր
մութին,
գաղտնիքին:
Անցեալն`
ուր
միշտ
մեզ
ամէն
ձայն
էր
աւա՜չ,
Եւ
մեր
կոչման
ամէն
թիթեռ
կը
շտապէր,
Ուր
դէպի
ետ
չէինք
նայեր,
ոչ
առաջ,
Կեանքն
իր
գինին
կու
տար,
սէրը`
չէր
չափեր:
Ապագային`
պիտի
գըտնե՞նք
այդ
Անցեալ`
Փոխադըրուած
մեր
ուխտերուն
հետ
մէկտեղ.
Պիտի
գըտնե՞նք
զայն`
վերածնած
անայլայլ`
Հոգեակներու
մէջ
կայտըռուն,
վարսագեղ:
Տէր
իմ,
արդեօք
մըրրիկներո՞վ
պիտ’
յուզի
Ճիւղն
որուն
վրայ
հաստատեցինք
մերին
բոյն.
Ո՛հ,
արդեօք
ի՞նչ
տեսակ
արեւ
կ’ընկլուի`
Մեր
վաղորդեան
հորիզոնին
տակ
մրափուն:
Սա
նոր
ալիքն
ի՞նչ
անդունդներ
է
ծածկեր.
Պիտի
վըխտան
մեր
կամարին
ներքեւէն
Սիրոյ
ծիտե՞ր,
թէ
արիւնի
անգըղներ.
Ծաղկէ՜ն
կու
գանք,
մեզի
փուշե՞ր
կը
սպասեն:
Կը
մօտենայ
վայրկեանն
ահա
սարսուռի.
Պիտի
բացուի
առջի
համբոյրս
իր
ճակտին,
Իմ
կոկոնն
այդ`
զոր
ես
կոկոն
պահեցի
Երկար,
երկա՜ր
տարիներ
սուրբ,
կաթոգին:
Ի՞նչ
կ’ապրի
այդ
համբոյրին
մէջ
(փա՜կ
ծաղիկ).
Հոն
ցօ՞ղ
մ’երկնի
կայ`
թէ
արցունք
մը
կենաց.
Վաղը`
որո՞ւն
վրայ
պիտ’
գըտնեմ
ցոլացիկ`
Զինքն
ինծմով`
ինք,
զիս
իրմով
ես
կազմըւած»:
20
յունիս,
1904