Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԽԱՉԻՆ

Գողգոթայէն հեւհեւալով մը կ’ելլեմ.
Քեզ հասնելու բա՛ց ինձ ճամբան ծուռումուռ.
Մէկ դի քաշէ փուշ եւ խռիւները դըժխեմ,
Եւ հոծ խաւարը կուրութեան` մեղմացուր:

Ի՛նչ չե՞ս տեսներ` որ ծունկերս հեղգ կը դողան.
Շունչըս կարճ է, եւ խորթ արիւնս է ցամքած
Ամբարտաւան սըրտիս ներքեւ. բա՛ց ճամբան,
Քեզ հասնելու, քեզ գըրկելու ճամբան բա՛ց:

Ո՜րքան դըժուար է քալել այս դարվերէն,
Վարը մինչդեռ խոր ու խաւար վըհի մ’մօտ,
Հեշտանքներու հուրիներ զի՛ս կը կանչեն`
Վայելքներու շինած նեկտար մ’անծանօթ:

Նենգող աշխարհն երակներուս մէջ լեցուց
Արիւն մը, պի՜ղծ. կաշկանդեց սարդ մ’հոգւոյս վարդ
Իր ոստայնով. ոտքիս կայ ցեխ մը գըձուձ,
Պիտ’ ինչպէ՞ս քու մաքուր դաշտէդ անցնիմ արդ:

Աղուոր պատկերդ, որուն հոգիս եմ ըրած
Սուրբ շըրջանակ մը, մաշեր է. իր վըրան
Իմ տասնեւինն տարիներուս սըրընթաց
Բուռն ալիքները գոռացին, կըռուեցան:

Նորէ՛ն զայն խոր, խոր դըրոշմէ քու ձեռքով`
Որ բնաւ` բարքի ըսպառնացող կոյր խաւար
Մ’իր բորբոսն հոն չը սերմանէ, մըշտախռով,
Հոն մեղքերու փոթորիկներ չոռնան յար:

Ըսէ՛, ինչո՞ւ (ահա ոտքըդ եմ ես ինկած)
Չես մերկացներ զիս իմ փըտած կեղեւէն,
Զայն կը թափեն ինչպէս բոյսերը հինցած,
Ինչպէս օձերն իրենց խորխեր կը փոխեն:

Ո՛հ, ինչո՞ւ դուն, որ փոխեցիր աշխարհն հին`
Նոր աշխարհի, խաւարի սաղմը` լոյսի,
Հեթանոս ուղխը` քրիստոնեայ հեղեղին,
Որուն ակն է արփիածաւալ բիբն Յոյսի:

Դու, որ եղար` իբրեւ երկինք վարդերանգ,
Սուրբ անկողին մը Արեւուն ինքնագոյ.
Դու, ո՜վ Մեծ Սէր, Խաղաղութի՜ւն, ո՜վ Խոհանք,
Ո՜վ Գիտութիւն, ո՜վ սուրբ Նըշան հաւատոյ:

Անարգանքները դարերու` վըրայէդ
Կըրցաւ միայն սըրբել արիւնն Անմեղին.
Ամբողջ աշխարհն` այդ արեան մէջ խընկաւէտ
Արդ կը մաքրի, բացած սիրտն իր քու սըրտին:
Այսօր կ’իշխես մէկ բեւեռէն մինչեւ միւս.
Փառքիդ դրօշակը չորս հովեր կը յուզեն.
Հովանիէդ, օր մը, հիւլէ մը իսկ դուրս
Պիտի չմնայ: Մարդիկ քեզմով պիտ’ սիրեն:
Գուցէ աշխարհս իր ճամբայէն խոտորի`
Ու արեւուն չորս դին չընէ ալ շըրջան,
Կամ Ամազո՛նն իր ընթացքէն մոլորի`
Ու չհասնի ալ թափիլ ովկիանն Ատլանտեան,
Սակայն քուկին հետքըդ բըռնող մարդ անցորդ
Պիտի երբեք չը մոլորի, չը խաբուի…
Կÿուզեմ ես ալ այդ հետքն առնել առաջնորդ`
Այդ ճամբայէն երթալ յոյսով կորովի:
Եթէ կ’ուզես զանի դարձուր դու խոպան.
Հոն ջուր, ըստուեր, ծաղիկ, աւազ եւ պարէն,
Բա՛ն մը, բանիկ մ’ալ մի՛ թողուր, չորցուր զայն,
Եւ պիտի ես այդ ճամբէն գամ, այդ ճամբէն:
Կ’ուզեմ ճըզմել զիս անուշիկ բեռիդ տակ,
Եւ մոռացօնքն (որ ինծմէ քե՛զ եղած է)
Լըւալ, սըրբել արցունքներովըս համակ…
Արիւնածոր թեւերդ վըրա՜ս տարածէ:
Ո՛հ, ի՜նչ հեշտանք է` երբ կայլակ առ կայլակ`
Մեծ խորհուրդիդ մէջ հիւծի մասս հողային.
Երբ մըտածումս, եւ մութ խորքերը ցամաք
Ապագայիս` գաղափարիդ մէջ թաղուին:
Երբ արեգակն ա՛լ չը ժըպտի ինձ համար,
Երբ մարդկութեան մահուան կըսկիծն ինձ չըլլայ`
Կ’ուզեմ, շուրջիս ամայութեան մէջ, դո՛ւ յար
Վըրաս իշխես` հող սընարիս մերձակայ:
Կ’ուզեմ միայն քու քառաթեւ շուքիդ տակ
Մոխիր դառնան ըղեղս ու սիրտս ամբարիշտ.
Եւ թեւիդ վրայ թառած երգէ մի թըռչնակ.
-Խաղաղութի՜ւն, խաղաղութի՜ւն եւ հանգի՜ստ: