ՀԱՌԱՉԱՆՔ
ՄԸ
Մատաղ
կեանքիս
ծաղկունք
կարգաւ
Չորցան
գացին.
տարուէտարի
Խանդըս
խուսեց,
եւ
պայքարի
Արիւնն
լանջքիս
տակ
լըճացաւ:
Միշտ
կըրեցի
ցաւերով
մեծ.
Յոյսն
-
այդ
սոսկ
լարն`
որ
կը
կապէ
Այս
կեանքին
հետ
ըզմեզ
-
բաբէ՛,
Աչքիս
ամէն
բան
շըպարեց:
Ցնորքի՜
աշխարհ:
Ըսին
ինծի`
Թէ
փառքն
է
կեանք
ու
ելլելու
Ինձ
ցոյց
տուին
ժայռ
մ’ամպերու
Խորն
էր
կատարը,
դողացի՜:
Ո՛հ,
չը
տեսայ
ծով
մ’անալի,
Երկինք
մ’առանց
սեւ
ամպերու,
Մըրրիկներէ
կաղնի
մ’հեռու,
Եւ
ծովեզերք
մ’առանց
բալի:
Այսպէս`
չը
գտայ
ժըպիտ
մը`
ուր
Չը
խառնըւին
արցունք
լալիւն,
Եւ
սէր
մ’առանց
իր
վիշտերուն,
Առանց
շիրմի
մ’ալ
խանձարուր…
Արդ
հառաչի
մէջ,
սըրտաբեկ,
Կը
բողոքէ
հոգիս
լըռիկ.
Այս
օրէնքին
ո՞ւր
է
գաղտնիք…
-Հոն
վեր,
Կապոյտը
ճեղքեցէք:
Կ’ուզենք
գաղտնիքն
այս
ամէնուն
Արտասուքին,
ժըպտին,
շիրմին…
Կ’ուզենք
գաղտնիքդ,
ո՛վ
Աշխարհ
սին,
Վըսեմ
Երազ,
ո՜վ
Խօլութիւն:
20
օգոստ.,
1903