ԱՆՑՆՈՂ
ՏԱՐԻՆ
Պառաւցած
է:
Ձիւն
գիսակներ`
ծոծրակին
Խոր
ակօսները
կը
սքողեն,
եւ
բերանն
Ակռայ
չը
կայ.
միսերը
չոր,
ցըրտագին,
Կը
դողան:
Ան
կը
փախչի
մերկ
ծառերուն
խորերէն.
Կըքած,
մախաղ
մ’ունի
ուսին.
իր
աչքեր`
Աղօտ
լոյսով`
ձանձրոյթ,
խոնջանք
կը
փայլեն
Տարուբեր…
Միշտ
կը
փախչի
մախաղովն,
ուր
իղձեր
կան,
Մոխիր
յոյսեր,
անբախտներու
վաղամեռ
Հառաչանքներն
ու
ինքնախաբ
մարդկութեան
Երազներ:
Ժամանակի
մ’հեղեղին
մէջ,
հէ՛գ
պառաւ,
Պատրանքներով
իր
քամակն
ա՛լ
ծըռած
է:
Կ’երթայ
մեռնիլ
հանգըստութեան
մեծ
անձկաւ:
Անդա՜րձ
է…
Մըթընշաղին
մէջ
մարդիկներ,
վայրապա՜ր,
Ապշօրէն,
լուռ
կ’նային
անոր
ետեւէն,
Եւ
գոչելով
թախանձագին.
-Վայրկեան
մ’ալ.
-
Կ’աղաչեն:
Բայց
ուղեւորն
լերան
ետեւ
ա՛լ
լըռին
Կը
կորսըւի.
եւ
կը
դառնան
մարդիկներ
Նոր
եռանդով
մը
կ’ընդգըրկեն
Նոր
տարին,
Անտարբեր…