«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

* * *

Համբոյրի տենչն ու սիրոյ խոհն հոգեկան
Ամէն մ’ինծի յոյսեր տըւին ոսկեզօծ,
Որոնք հիմա չեն գըգուեր զիս. սահեցան
Իբրեւ ասուպ, եւ մարեցան կայծի պէս:

Սիրտս ու հոգիս բոլոր արցունք դարձեր են.
Վայելքներն յար զիս կը ծաղրին, եւ կուրծքս ալ
Կը բաբախէ հըրացանի մը ձայնէն
Վախցած սըրտին պէս սոխակի մ’ողբերգու:
Ես կեանքն ամբողջ կը տեսնեմ վիշտ մ’որուն մէջ
Աստուած, իբրեւ մըխիթարանք, դըրած է
Կոյս մը սիրոյ. այդ կոյսն, աւա՜ղ, զիս անվերջ
Ափիոնի երազներով օրօրեց:
Երբ կը նընջեմ ծառի մը տակ զիս պատող
Անուրջներով, չեն օրօրեր ա՛լ իմ քունս
Սոխակներու անուշ երգեր. շուրջս, անշող,
Սոսկ կը լըսեմ բուերու խուլ վուվուներ:
Ո՜հ, կըրակոտ հոգիէ մ’ես կրակ առի.
Եւ կը վառիմ, կը տոչորիմ, երբոր կոյտ,
Մ’ըլլամ մոխրի, ի՜նչ, մոխիրն այդ ցըրուէ՞ տի
Շըրջազգեստիդ հովն, ըսէ՛ ինձ, չա՜ր աղջիկ:

11 ապրիլ, 1902