ՎԱՐԴԵՐ
Ո՜վ
գողտրիկ
վարդեր,
Վարդեր
անուշակ,
Այտէն
ո՞ր
սուրբին
Թաղարը
ինկաք:
Կապոյտ
դաշտերէն
Աստղե՞ր
էք
իջած`
Մեր
պըլպուլներուն
Երգէն
կախարդուած:
Երէկ,
ես
տեսայ,
Փունջ
կապեց
ձեզմով
Սիրուհի
դրացիս
Դըրաւ
ծիծին
քով:
Նայուածքերուն
տակ
Հիմա
դուք
կ’ապրիք,
Խմելով
աչքերէն
Սիրտն
ու
իր
գաղտնիք:
Պատուէր
մը
ունիմ
Յանձնելու
ձեզի.
Ակնարկնիդ
կուրծքին
Մէջ
թող
լա՛ւ
սուզի,
Որ
ետքն
ինձ
ըսէք.
Սէր
բառին
դիմաց`
Ան
որո՞ւ
անուն
Սըրտին
է
գըրած: