«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հ. Ե. -ին

Մեր մանկութեան օրերն, եղբա՛յր,
Ո՜ւր մընացին, անմեղ օրեր,
Որոնք հեշտանք մը սիրավառ
Կը կըրէին, եւ խինդ մ’անհուն:

Որքա՜ն էինք մենք երջանիկ,
Հոն, խաղաղ ծո՛ցը մեր գիւղին.
Մանկութեան հուր սէրն ըզմեզ` ձիգ
Պըսակած էր, պանդո՜ւխտ եղբայր:
Միշտ մեր երկինքը պայծառ էր,
Սեւ սեւ ամպեր չունէր բընաւ.
Փուշ չունէին մեզի վարդեր.
Միշտ` գիշերն աստղ ու լուսին կար:

Նոր կոկոններ էինք գարնան.
Մեզ համար չէ՛ր վիշտը կեանքի.
Մեր ճակտին սոսկ անփորձ մանկան
Երազն հեշտի՜ն կը թըռչըտէր…
Ո՜հ, այն օրեր անցան գացին.
Այն ծաղիկէն` ցօղուն մընաց,
Այն բոցերէն` մոխիրը սին,
Ու այն կեանքէն` լոկ յիշատա՜կ:

5 դեկտ., 1901