ԹԶԵՆԻՆԵՐՈՒՆ
ՏԱԿ
Հոն,
դէպի
վա՛ր,
մորճ
բըլուրի
մ’ըստորոտ
Հիւղակ
մը
կայ
թըզենեաց
տակ
ծածկըւած.
Տե՛ղը
կարծես
հուրիներու
երազկոտ,
Ուր
զետեղեց
անհուն
ժըպիտ
մը
Աստուած:
Երբ
արեւելք
կը
կարմըրի
դիմացէն`
Կեանք
կ’առնէ
հիւղն,
եւ
խինդը
հո՛ն
կը
վազէ:
Ծառերուն
տակ
շահարիկները
կ’երգեն.
-Երջանկութիւնն,
երջանկութիւնը
հո՜ս
է…
Գիշերուան
դէմ
երբ
կ’իջնէ
մութն,
ուշադի՜ր.
Մինչ
հիւղին
կեանքն`
անդորրաւէտ
կ’երազէ,
Ծառերուն
տակ
կ’երգէ
պըլպուլն
անձանձիր.
-Երջանկութիւնն,
երջանկութիւնը
հո՜ս
է…
9
օգոստ.,
1902