ՄԱՆՈՒԿԸ
Ա
Ո՞վ
պըճնեց
զայն
այս
աստիճան
գեղեցիկ`
Շուշան
ճակտով,
խոպոպներով
գեղաշէն,
Սեւ-մարգարիտ
աչքով,
յօնքով
կոր-մահիկ
Եւ
այտերով
վարդ`
որ
եդեմ
կը
բուրեն…
Երբ
կը
ժըպտի
ան`
արշալոյսն
է
բացուող`
Գրաւիչ
գոյնով,
եւ
թարմութեամբ
կենսատու.
Եւ
կամ
զըւարթ
կապոյտին
մէջ
լուսնին
շող,
Ուր
կայ
հրապոյր
մը
հոգիներ
դիւթելու:
Երբոր
կու
լայ`
իր
արցունքն
է`
գարունին
Առտըւան
ցօղն`
որ
թուլօրէն
կը
հոսի
Բոց
աչքերէն
հուրիներու
օդային,
Եւ
կը
փըռուի
դալարին
վրայ
մայիսի:
Երբ
կը
քալէ`
ճառագայթն
է`
որ
դողայ.
Երբ
թոթովէ
դաշըն`
մըրմունջն
է
հովի,
Կամ
դայլայլող,
երկի՜նքն
ի
վեր,
գանարեայ.
Երբ
կը
խօսի
ան
խորհուրդն
է
որ
կ’լուծուի:
Երբ
կը
նընջէ,
լըռեցէ՛ք,
ո՛վ
մարդիկ,
ան
Հրեշտակ
մըն
է`
որ
կ’երազէ
բացօթեայ.
Իր
խաղաղիկ
միջոցին
մէջ
ձերին
ձայնն
Ահաբեկող
որոտման
պէ՛ս
պիտ’
ըլլայ:
Մի՛
դըպցընէք
ձեր
շըրթունքներն
իրենին.
Ձեր
խորշակներն
այդ
կոկոններ
կը
խամրեն.
Եւ
մի՛
դընէք
ճակատներնիդ
իր
ճակտին,
Զի
երկինքն
այդ
կը
պըղտորի
ձեր
ամպէն:
…Ան`
Տիրոջ
քով
ճաճանչի
փունջ
մ’էր
առաջ,
Օրոցքին
մէջ
տրոփուն
ծաղիկ
մ’է
հիմա.
Ապագային,
ճակատագրին
հետ`
սառած,
Շիրմին
մէջ
կմախքը
տերեւի
մ’պիտ’
ըլլայ:
Բ
Անմե՜ղ
մանուկ,
դու
տակաւին
չե՛ս
գիտեր
Թէ
ինչպիսի՜
բախտ
մը
գըրուած
է
ճակտիդ,
Եւ
գըլխուդ
վրայ
կը
դառնան
ի՜նչ
մըրրիկներ,
Ի՜նչ
յորձանքներ
կը
պըտոյտքեն
քու
չորս
դիդ:
Կը
զգա՞ս
արդեօք`
ընդուսներու
մէջ
քընքուշ`
Թէ
կըտրել
քեզ
ի՜նչ
ճամբայ
է
մընացած,
Կամ
կը
տեսնե՞ս,
թեւերուն
տակ
մօրդ
անուշ,
Փափուկ
կուրծքիդ
ի՛նչ
տեսակ
նետ
է
ուղղուած:
Գ
Օրերդ
հիմա
ծաղիկներու
մէջ
կ’անցնին.
Դու
ժըպիտն
ես`
խորն
արցունքին
մեր
անվերջ,
Գարունի
երգն`
հիւսուած
մեր
սեւ
հառաչին,
Ձիթենի
ճիւղը
մեր
կեանքի
մարտին
մէջ:
Արդ
կը
պահեն
գըգուող
սըրտի
վրա՛յ
ըզքեզ`
Որ,
կըրելով,
կը
գուրգուրայ
քու
դիմաց.
Դու
նորաբոյս,
իբրեւ
արքայ`
պաշտուած
մ’ես
Էակներու
ալ
խորշոմած,
ծերացած:
Դեռ
տըղեկ
մ’ես
եւ
պիտի
օր
մը
մեծնաս.
Պիտի
ճանչնաս
թէ
ի՛նչ
բան
քեզ
կը
պատէ,
Եւ
կը
հիւսեն
շուրջըդ
ի՛նչ
տեսակ
երագազ,
Կամ
որպիսի՛
օրէնք
ըզքեզ
կը
դատէ:
Թերեւըս
վա՜ղն,
արտասուելով
Վիշտին
մէջ`
Մեր
մըտքերուն
անոր
գաղտնիքը
մեկնես.
Քըրքրես
Կեանքին
խաւերը
խոր
եւ
անվերջ.
Կամ
ճանչցընես
Մարդը
մարդուն
ողբակէզ:
Օ՜ր
մը.
այդ
օ՛րը
մեզ
համար
պիտ’
մընայ
Խորհո՜ւրդ,
մինչ
դու
թերեւս
ըլլաս
անոր
տէր.
Եւ
սերմանես,
լուսաւորես
զանիկա`
Զոր
ճանչնան
քու
անունովդ
ե՛տքն
եկողներ:
Երնե՜կ
քեզի`
երբոր
մայրիկըդ
օրն
այն,
Այլեւս
հանգչած
իր
շիրմին
մէջ
մըթամած,
Սօսափն
առնէ
դափնիներուդ,
որք
ըլլան
Շուշաններու
հետ
միասի՛ն
բողբոջած:
Երնե՜կ
քեզի,
երնե՜կ
ազգիդ
ալ
համակ.
Երբ
(Աստուծոյ
կամքովն
եղած
յաղթական)
Այն
մեծ
համբո՛յրն
ըլլայ
քուկին
յիշատակ`
Զոր
անցեալէն
կ’առնէ
անմահ
ապագան:
[22
յունիս,
1903]