*
*
*
Միտքըս
ունիմ
յիշատակներ
ես
անշէջ,
Որոնց
վըրայ
սեւ
ժամանակ
մ’ահագին
Կոխեց
անցաւ:
Հիմա
ինկայ
անոնց
մէ՛ջ,
Առջեւն
իրենց
բեկորներուն`
ծընրադիր:
Կը
համբուրեմ
ըստէպ
զանոնք,
զի
ունին
Դեռ
հըրապոյր
մը
անթառամ,
ճիշտ
նըման
Իբր
յիշատակ
տըրուած
ծաղկի
մ’հրապոյրին`
Որ
տարփածուի
մը
գըրքին
մէջ
կը
դեղնի:
Զերդ
աշնան
վարդ
սիրտս
հիւծած
է
եւ
թօշնած,
Բայց
իր
յոգնած
թերթերը
դե՜ռ
կը
պահին
Սիրոյ
գաղտնիքն
երկու
թիթռուն
գըրկուած,
Ու
սեւ
սարսուռն
այրի
կընոջ
մ’համբոյրին:
1
յունիս,
1902