*
*
*
Քաղցր
երազներ
-
սե՜ւ
պատրանք
-
Ներսըս
ամբողջ
կը
վառին`
Որոնք,
գիտեմ,
օր
մ’համակ
Պիտի
դառնան
մոխիր
սին:
Ոսկեղէն
յոյս
եւ
իղձեր,
Փախչող
թըռիչ
մ’ունին
յար.
Սառըն
ունայնն
ու
ըստուե՜ր
Կը
գըգուին
զիս
եւ…
զաշխա՜րհ:
Վերջալուսին
դալկացած
Շողերուն
պէս`
բիւր
խոկեր
Կ’այրին
ճակտիս
տըխրամած`
Հուսկ
նըշոյլով
տարուբեր:
Օր
մ’այդ
նըշոյլ
պիտ’
մարի
Հիւծած,
յոգնած
մըտքիս
հետ,
Շարժուն
կեանքէն
այս`
հեռի՜,
Շիրիմ-վըհին
խորն
յաւէտ:
Հոգիս
անդունդ
մ’է
խաւար`
Ուր
ըստուերներ
կը
թըռչտին.
Հոն
տեղ
կեանքի
մը,
մոլար,
Կան
ըղձանքնե՛րը
վերջին:
Փարատելու
համար
այդ
Անդունդին
մռայլն,
ո՛վ
Աստուած,
Բիւր
շողէդ
մէկ
ճառագայթ
Հոն
կաթեցուր
լուսազգեաց:
22
սեպտ.,
1901