ՍՐՆԳԻՆ
ՕՐՕՐԸ
Խոշոր
լուսինը
դէպ
հեռուանց
Կ’ելլայ
ծառի
ուղէշներէ
պատըռտուած:
Բեղնաւոր
դաշտը
կը
նիրհէ
Երկըննալով
բըլրան
ոտքէն
լայնօրէն:
Կէտ
մ’իսկ
փոքրիկ`
կ’ընդլայնէ
լուռ
Գորշ
մըթընշաղը
դողդոջուն,
եւ
միակտուր
Կը
տարածուի
ուղիներուն
Ակօսներուն,
տունկերու
վրան
ցիրուցան:
Նոյնիսկ
սօսա՜փ
մը
չի
լըսուիր.
Սրինգի
մ’երգերն
լոկ
կը
դողան
անձանձիր.
Եւ
չորս
կողմի
խոր
լըռութեան
Մէջ`
ձայներն
այն
կարծես
կ’հասնին
լուսինին:
Այս
երգողն
է`
սիրտ
մը
ցաւի`
Բըլրան
կողքին
ընկողմանած`
կը
ցաւի
Ան`
մէջն
իր
սեւ
յիշատակաց,
‘Ւ
ալիք
ալիք
կ’երգէ,
կ’երգէ,
միշտ
կ’երգէ:
Յափըշտակուած
մէջն
իր
քունին
Բնութիւնն`
այս
երգը
չի
լըսեր
եւ
չորս
դին
Խոր
ըզմայլման
մէջ
աներեր`
Ճիւղ
մ’իսկ
շարժիլ
պիտի
վախնայ
ծառին
վրայ:
Յուզուած
սրինգին
ես
ճիգերէն
Վախկոտ
կ’երթամ
դէպի
անոր
յամրօրէն:
Չ’ընդհատեր
սիրտն
այն
վիրաւոր`
Իր
յոյզերուն
բըղխումը
յորդ
բազմոլորտ:
Միշտ
անցեալի
մ’վատաբաստիկ
Տըխուր
ծալքերը
կը
բանայ:
Կայծոռիկք`
Անշարժ
կեցած
թուփերուն
վրայ`
Կարծես
արբշիռ
մըտիկ
կ’ընեն
երգն
իրեն:
Կ’ըսեմ
անոր.
«Ի՞նչ
անծանօթ
Ըզգացումներ
կը
կեղեքեն
ըզքեզ
հոտ.
Կամ
ո՞ր
քայլի
մը
ետեւէն,
Որ
կը
փախչի`
են
ջերմ
հրաւէր
քու
շեշտեր»:
-«Յոյսը
չունիմ,
կ’ըսէ
անի,
Ետ
դարձընել
խուսող
այդ
քայլ
գեղանի,
Այլ
կը
ջանամ
դեղ
մը
գըտնալ
Կուրծքիս
վէրքին`
զոր
անխընայ
փորեց
նա:
Արդ,
կ’օրօրեմ
իմ
սըրինգով,
Կ’օրօրեմ
քունն
էակներուն
անխըռով.
Աւելի
եւըս
բընութիւնն
Թաղելով
իր
մոռացութեան
մէջ
համայն:
Որպէսզի,
ա՜հ,
անծանօթին
Գողնամ
կըտոր
մը
անդորրէն`
սըրտային
Տագնապներուս
համար
ամէն`
Դըրժըւածի
եւ
լըքեալի
եղկելի…»:
Մենք
խօսեցանք
այսպէս`
խի՛ստ
ցած
Որ
չըլլայ
թէ
դաշտին
բըլրան`
քընացած
Իրերն
յանկարծ
մը
արթըննան
Իրենց
անդորրը
ծածկելով
բողոքով: