ԽԱԲՈՒՍԻԿ
ՍԷՐ
Օր
մը,
սիրոյ
երազանքի
մէջ
խոհուն,
Ֆեներ-Պահչէ
կը
շըրջէի
յամրաքայլ.
Տըխուր
դէմքիս
հազիւ
կու
տար
պերճ
գարունն`
Ժըպիտ
մը
լոկ
մելամաղձիկ,
դալկահար:
Աղմուկ
մը
զիս
ըսթափեցուց
խոկերէս.
Կառք
մը
կ’անցնէր
թաւալմունքով
ծանրաբար.
Ո՛հ,
Աստուած
իմ,
հոն
կոյս
մը
կար,
տեսայ
ես.
Լուսի՜նն
էր
ան`
եթէ
կառքին
մէջ
չըլլար:
Սընդուսներու
խորն
ընկըղմած
կը
դիւթէր,
Այգաթիթեռն
ինչպէս
վարդին
ծոցին
մէջ.
Կ’ընէր
կուրծքին
տակ
շունչն
աշխոյժ
ելեւէջ,
Իբր
որսացած
սըրտով
մ’իր
սիրտ
կերակրէր:
Հոն,
ծո՛վն
իյնող,
մա՛րը
մըտնող
արփւոյն
դէմ`
Ինքն
ալ
արփի
մ’էր
նորածա՜գ,
բոցազգեաց
Ամբողջութեամբը
կը
թըւէր
նոր
Եդեմ,
Հուրի
մ’էր
գի՛րկը
շողերուն
դալկացած:
Գեղեցկութեա՛նը
վրայ
յուզուած
եւ
գինով`
Մէկ
կողմ
կեցած
կը
դիտէի,
լըռիկ,
զա՜յն…
Չէի
դիտեր,
կ’երազէի՜
բաց
աչքով,
Կ’երազէի
համր
ու
անշարժ
իբր
արձան:
Այդ
կոյսն
աչքէն
հոգւոյս
մըխեց
մէկ
խոր
ցաւ,
Որ
ներսի
դիս
դեռ
կը
կըրծէ
որդի
պէս.
Լանջքն
ալ
լանջքէս
երկար
հառաչ
մը
գողցաւ.
Ու
ետքը
լոկ…
կառքին
փոշի՜ն
տեսայ
ես…
10
մայիս,
1902