«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՑԱՅԳԵՐԳ
(Սիրային)

Իղձերս ամէն, խոստումներս ալ ճըշմարիտ`
Յոյսով մը լի, ոտքիդ առջեւ դըրի ես.
Չը զըլացայ քեզ ո՛չ հառաչ, ո՛չ ժըպիտ,
Բայց, ա՜հ, երբեք չը ճանչցաւ զիս սիրտըդ վէս:
 
Քեզի համար նոյնիսկ հոգի՛ս զոհ ընել
Ես ուխտեցի աստղերուն դէմ, երկնի տակ,
Դու շունչդ ինծի թոյլ չը տըւիր վայելել,
Չը ճանչցար զիս, չը հասկըցա՜ր, ո՛վ հոգեակ…
Սէր-քընարիս լարերը լոկ քեզ համար
Թըրթռացուցի, քեզ երգեցի հեծումով.
Միշտ ցանեցի հետքիդ արցունք անհամար.
Ցոյց չը տուիր դու ինձ ո՛չ գութ, ո՛չ գորով:

Դէմքիդ նըման մեղր ու նըշոյլ լուսնին դէմ
Նըստած, մինակ, լացի քանի՜ գիշերներ.
Յուզուած կու լար նաեւ լուսնակն այն ատեն,
Եւ ես քեզի, անիկա զի՛ս կ’արտասուէր:
Այս ամէնուն վըրայ, անգո՛ւթ, չունեցար
Ո՛չ արտասուք, ո՛չ բառ եւ ո՛չ ծիծա՜ղ մ’իսկ.
Բընաւ ինծի չը բացիր գիրկդ հըրավառ.
Չինկաւ սըրտիս նայուածքըդ խոր, թափառիկ:

Գէթ նայուածքիդ տեղ այս սըրտիս զա՛րկ դաշոյն.
Պատռէ, ճեղքէ, ծալքերը բա՛ց եւ կարդա՛.
Հոն, արիւնէ մեծ տառերով քու անուն
Քանդակուած է. իմ խենթ սիրոյս` խենթ վըկայ:

2 յունիս, 1902