ՍԻՐՈՅ
ՎԱԶՔ
Երեք
տարի,
յոյսով
լեցուն,
ես
անձկաւ
Սիրոյ
ճամբէն
փուշերու
մէջ
քալեցի.
Արիւնեցան
ոտքերս
եւ
կուրծքս
հալեցաւ,
Բայց
անէծք
մ’իսկ
չելաւ
բերնէս
դէպ
քեզի:
Սէրէն
ամէն
բան
յաղթըւած`
ինձ
լուծեց
Իր
արգելքը:
Լանջքիս
առջեւ
փըշրեցան.
Տեղի
տըւին
տառապանքի
ժայռեր
մեծ,
Սակայն
նորէն
չը
լըմընցա՜ւ
այն
ճամբան:
Թասուն
սըրտով
ա՛լ
նըստեցայ,
եւ
մէկէն
Անյուսութեամբ
մը
հաւատքս,
ո՛հ,
ծայրէ
ծայր
Ըսքողուեցաւ:
Տեսնըւեցար
այն
ատեն`
Նայուածքներովդ
հեգնող
եւ
ըսիր`
յոգնեցա՞ր:
21
դեկտ.,
1902