ԻՆՉՊԷՍ…
Պատուհանիս
առջեւ
աղօթքս
ընելու`
Խռովքոտ
նիրհէս
կ’ելլեմ
կանուխ
մ’առտըւանց.
Կը
բանամ
սիրտս
անծանօթին
ահարկու`
Ուր
միշտ
արթուն
կը
ծածկըւի
Աստըւած:
Կը
տատամսի
դեռ
արշալոյսը
ճամբան`
Մարմրող
նայուածքն
առտուներուն
աշունի.
Եւ
բընութիւնն
հագած
իր
սեւ
պատմուճան`
Զարթնումի
մօտ`
կէս
քունի
մէջ
կը
թալթլի.
Ինչպէս
կ’ըլլան
մըտածումներըս
բոլոր`
Ապագայիս
առեղծուածին
մէջ
մոլոր:
Մեծ-Ջըրանցքին
(որ
Վենետկի
կ’յօրինէ
Մէջքին
կապոյտ,
ծըփուն
գօտի
մ’յակընթեայ)
Մէկ
ճիւղը
կոր`
պատուհանիս
առջեւն
է.
Իրեն
կանաչ
ջուրն
հանդարտիկ
քուն
կ’ըլլայ,
Ինչպէս
տըխուր
յուշերուս
ծովն
երազուն`
Զոր
յուզելու`
սիրտըս
չ’ըզգար
քաջութիւն:
Կուրծքը
ջրանցքին
ակօսելով
վերէն
վար`
Տառապածի
մ’կու
գայ
կոնտոլն,
կը
սահի,
‘Ւ
արձագանգով
կը
կորսըւի,
չ’երեւար
Կամուրջին
տակ`
որ
մութին
մէջ
կ’հըսկայի.
Ինչպէս
որ
յոյսըս
կը
մեռնի
նոր
ծընած`
Եւ
մըտքիս
մէջ
կուռք
պատրանքը
կենաց:
Յետոյ
դարձեալ
ամէն
ձայներ
կը
դադրին
Արձագանգին
եւ
քընահատ
ջուրերուն.
Եւ
գիշերն
իր
կոյր
աչքն
յառած
հոր’զոնին
Կը
սպասէ,
լուռ,
արեգակին
հուրերուն.
Ինչպէս
որ
դե՜ռ
ես
կը
սպասեմ
ձեռնամած`
Այն
մէկ
շողին`
ճակատագրի՜ս
խոստացուած:
13
նոյեմբ.,
1903