ՔՆԱՐԻ
ՀԵԾԿԼՏԱՆՔՆԵՐ
Սիրտս
է
նոճերու
լուսնակը
տըխուր`
Որ
աղօտ
փայլով
շող-արցունք
կու
տայ,
Եւ
գիտէ
միայն
խոկերու
մէջ,
լուռ.
Գըգուել
շիրիմնե՜ր,
սըգալ
անոնց
վրայ:
Սիրտըս
քընար
մ’է,
սիրոյ,
սուգի՜
քնար,
Որ
թախծոտ
լարուած`
միշտ
կը
հեծկլտայ.
Զըւարթ
եւ
ա՛լ
գոհ
թըրթռալու
համար`
Ժըպիտ
մը
պէտք
է,
շո՛ւնչ
մը
անոր
վրայ:
Սիրտս
է
դալկահար
ծաղիկ
մը
աշնան.
Ո՜հ,
կոյս
մը
բըռնած
մատերուն
մէջ
հուր`
Խօլ
հաճոյքներով
կը
փետըռտէ
զայն,
Ու
թերթերն
հովին
կը
յանձնէ
ըսփիւռ:
Սիրտս
է
նետահար,
գարնան
հէգ
սոխակ`
Որ
քաշկըռտուելով
խութի,
փուշի
վրան,
Իր
սիրած
վարդին
ընկած
շուքին
տակ`
Կ’ողբերգէ
արեան
մէջ,
օրհասական:
20
յունիս,
1901