*
*
*
Ապագաս
էր
երկինք
մը
ջինջ
ու
լըռին.
Կը
տեսնէի
հոն
փըթիթներն
աստղերուն,
Եւ
աղուորիկ
մահիկը
սուրբ
լուսնակին:
Սակայն
աւա՜ղ,
սեւ
բախտը
դէպ
այն
երկինք:
Ժայթքեց
անէծք
մ’իր
որկորէն
մեղաւոր
Երկինքն
իսկոյն
ամպոտեցաւ,
եւ
լուսինն
Այդ
ամպերուն
մէջ
մարեցաւ`
իմ
բոլոր
Դեռաբուսիկ
իղձերուս
հետ
երբեմնի:
Ու
ծաղիկներն
ալ
երկընքի
դաշտին
կոյս`
Սեւ
անհունին
խորերն
ինկած
մոլորուն
Կորսըւեցան,
գունատ,
նըման
յոյսերուս
Մէջը
սըրտէս
խոր
անդունդին:
Դաժա՜ն
բախտ:
22
յունիս,
1902