«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

* * *

Ապագաս էր երկինք մը ջինջ ու լըռին.
Կը տեսնէի հոն փըթիթներն աստղերուն,
Եւ աղուորիկ մահիկը սուրբ լուսնակին:
Սակայն աւա՜ղ, սեւ բախտը դէպ այն երկինք:
Ժայթքեց անէծք մ’իր որկորէն մեղաւոր
Երկինքն իսկոյն ամպոտեցաւ, եւ լուսինն
Այդ ամպերուն մէջ մարեցաւ` իմ բոլոր
Դեռաբուսիկ իղձերուս հետ երբեմնի:
Ու ծաղիկներն ալ երկընքի դաշտին կոյս`
Սեւ անհունին խորերն ինկած մոլորուն
Կորսըւեցան, գունատ, նըման յոյսերուս
Մէջը սըրտէս խոր անդունդին: Դաժա՜ն բախտ:

22 յունիս, 1902