«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՐՆԳԻՆ ՕՐՕՐԸ

Խոշոր լուսինը դէպ հեռուանց
Կ’ելլայ ծառի ուղէշներէ պատըռտուած:
Բեղնաւոր դաշտը կը նիրհէ
Երկըննալով բըլրան ոտքէն լայնօրէն:

Կէտ մ’իսկ փոքրիկ` կ’ընդլայնէ լուռ
Գորշ մըթընշաղը դողդոջուն, եւ միակտուր
Կը տարածուի ուղիներուն
Ակօսներուն, տունկերու վրան ցիրուցան:
Նոյնիսկ սօսա՜փ մը չի լըսուիր.
Սրինգի մ’երգերն լոկ կը դողան անձանձիր.
Եւ չորս կողմի խոր լըռութեան
Մէջ` ձայներն այն կարծես կ’հասնին լուսինին:

Այս երգողն է` սիրտ մը ցաւի`
Բըլրան կողքին ընկողմանած` կը ցաւի
Ան` մէջն իր սեւ յիշատակաց,
‘Ւ ալիք ալիք կ’երգէ, կ’երգէ, միշտ կ’երգէ:

Յափըշտակուած մէջն իր քունին
Բնութիւնն` այս երգը չի լըսեր եւ չորս դին
Խոր ըզմայլման մէջ աներեր`
Ճիւղ մ’իսկ շարժիլ պիտի վախնայ ծառին վրայ:

Յուզուած սրինգին ես ճիգերէն
Վախկոտ կ’երթամ դէպի անոր յամրօրէն:
Չ’ընդհատեր սիրտն այն վիրաւոր`
Իր յոյզերուն բըղխումը յորդ բազմոլորտ:

Միշտ անցեալի մ’վատաբաստիկ
Տըխուր ծալքերը կը բանայ: Կայծոռիկք`
Անշարժ կեցած թուփերուն վրայ`
Կարծես արբշիռ մըտիկ կ’ընեն երգն իրեն:

Կ’ըսեմ անոր. «Ի՞նչ անծանօթ
Ըզգացումներ կը կեղեքեն ըզքեզ հոտ.
Կամ ո՞ր քայլի մը ետեւէն,
Որ կը փախչի` են ջերմ հրաւէր քու շեշտեր»:

-«Յոյսը չունիմ, կ’ըսէ անի,
Ետ դարձընել խուսող այդ քայլ գեղանի,
Այլ կը ջանամ դեղ մը գըտնալ
Կուրծքիս վէրքին` զոր անխընայ փորեց նա:

Արդ, կ’օրօրեմ իմ սըրինգով,
Կ’օրօրեմ քունն էակներուն անխըռով.
Աւելի եւըս բընութիւնն
Թաղելով իր մոռացութեան մէջ համայն:

Որպէսզի, ա՜հ, անծանօթին
Գողնամ կըտոր մը անդորրէն` սըրտային
Տագնապներուս համար ամէն`
Դըրժըւածի եւ լըքեալի եղկելի…»:

Մենք խօսեցանք այսպէս` խի՛ստ ցած
Որ չըլլայ թէ դաշտին բըլրան` քընացած
Իրերն յանկարծ մը արթըննան
Իրենց անդորրը ծածկելով բողոքով: