«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՍ ԻՆԾԻ

Մեծ ժամացո՛յցը կը զարնէ միօրինակ.
Եւ կը թափէ ցուրտ իրիկունն աշունի`
Սենեկիս մէջ մութը կայլակ առ կայլակ.
Օրը յոգնած եւ դալկացած կը մարմրի:

Վայրկեա՜ն մըն ալ, վայրկեա՜ն մըն ալ, ահա
Ժամանակն, յամր, անըզգալի կը թըռչի.
Կեանքն շոգւու պէս կը ցընդի անխընայ,
Եւ կը մարէ սիրտն ալ իր բոցը առջի:

Ո՛հ, ի՜նչ պատրանք, երբ երջանիկ բայց անցա՜ծ
Յիշատակով կը խաբխըբեմ իմ այս կեանք.
Մինչդեռ ծաղիկը Անցեալին է խանձած,
Ցօղը` ցամքած, լոյսն ալ` մարած… Ի՜նչ պատրանք:

Թող չը խօսին ինձ Անցեալէն` սա դեղին
Թերթը, եւ սա երգերն հընչող շուրթիս վրայ.
Ինծի համար խոր անդունդն այդ միշտ մըթին
Եւ միշտ առանց կայծոռիկի թող մընայ:

Ինչո՞ւ այս մութ խուցին մէջ` իմ Ապագան
Կը մաշեցնեմ դատարկօրէն, լըռօրէն.
Երկու քայլ դեռ` ահաւասիկ գերեզման.
Ի՞նչ երեսով պիտ’ անցնիմ այս աշխարհէն:

Ապագային լոյսը կ’ուզեմ ո՛վ Աստուած.
Սուրբ արշալոյսն ուրախութեան, բարութեան,
Հանէ ինծի այդ գիշերէն մըթամած.
Սիրոյ բոցերն այդ մեծ ծուխէն թող ելլան:

Սա լուռ, խորին անծանօթէն` ականջիս
Միշտ անիծող արեան խոշիւն մը կու գայ.
Անսըւաղի մը կու լայ ո՛ղբը չորս դիս,
Եւ կը կաթի կարծես արցունք մ’հոգւոյս վրայ:

Տըւայտանքի այդ կաթիլներն, այդ ձայներ`
Դէպի երկինք ահեղ բողոք մ’են լալկան
Եւ նախատինք մ’հոգիներու կիսամեռ`
Նետուած ճակտին` անձնապարար Մարդկութեան…
…Հո՛ն, կը տեսնեմ - վերջալոյսին մէջ կարմիր
Արիւնոտ սիրտ մը կը պոռայ երեսիս,
-»Պիտ’ դարձընե՞ս ժամերդ, անգործ, դեռ մոխիր…
Կըռուէ՛, Սէրին համար պէտք է արիւնիս»:

Այո՛, ո՛վ հէգ, խոցուած հոգւոյ ուրուական,
Կամ ո՛վ ըստուերը խաւարչուտ հիւղակի,
Ո՛վ մըգլոտած բանտի մ’ոգին դու դաժան,
Ո՛վ հոգեգէշն անգերեզման դիակի:

Այո՛, կ’ուզեմ իմ այս վատնած ժամերէս`
Արեանըս գոյնն ու ճակտիս շաղն ունեցող
Անձնուրացման նոր բողբոջում մ’հանել ձեզ,
Բողբոջ Գութի, Եղբայրութեան սիրաշող:

Սիրտս` սրտին, հոգիս` հոգւոյն մէջ ձերին
Կ’ուզեմ դընել. եւ մէկ մարմին, մէկ արիւն
Թող ըլլայ վիշտըս ձեր վըշտին հետ միասին.
Թող դո՜ւք ապրիք գաղափարիս մէջ տըժգոյն:

Կ’ուզեմ կըռուիլ ընդդէմ կեանքի յարձակման
Եւ վէրք առնել չարին դիմաց, բախտին տակ:
Անշըշուկ կեանք մ’ինձ համար է գերեզման.
Անմըտածում գըլուխ մըն ալ չորցած գանկ:

Թող իմ ճակատս իջնա՜յ, իջնա՜յ դարաւոր
Այն խեղճութեան մէջ` ուր ցաւի ողբն երբեք
Չը դադրեցաւ. իսկ բազուկներըս անզօր`
Թող մագըլցին Նըպատակի ժայռը սէգ:
*

Ապագաս է՞ր կը մաշեցնեմ դատարկ, սին.
Դեռ չեմ ձգած ակօս մ’անցած իմ ճամբուն,
Եւ յորձանուտ ծովուն վըրայ այս կեանքին
Դեռ չեմ թողած փոքրիկ հետք մ’իսկ դողդոջուն:

Մինչ վայրկեա՜ն մ’ալ, վայրկեա՜ն մըն ալ, եւ ահա
Ժամանակն յամր, անըզգալի կը թըռչի.
Կեանքը շոգւու պէս կը ցընդի անխընայ.
Եւ կը մարէ սիրտն ալ իրեն բոցն առջի…

18 հոկտ., 1903