Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Յովնան պահ մը այդ խմբակին ետեւեն նայեցաւ, կռթնած իւր նիզակին, եւ կ'ըսէր ինքն իրեն:

«Է՜հ, շատ կարելի է, որ Գուրգէն իմ այս խօսքերոմն զայրացաւ, առնուեցաւ, բայց միթէ ամէն ինչ, որ ըսի, ճշմարտութիւն չէ՞ր: Այո, կրնար ինք իրաւամբ ինձ պատասխանել` եթէ նախարարք եւ իշխանք անպիտան եւ յիմար կին, ժողովուրդը աւելի անպիտան եւ յիմար էր, որ նոցայ քմաց եւ հաճույից անասնաբար կը հնազանդէր: Այո, այդ է իրաւացի պատասխան իմ ըսածներուս, բայց ի՛նչ ընել. գրգռել ժողովուրդը ընդդէմ իւր դարաւոր տեարց եւ իշխանաց, եւ այսպիսի՞ ժամանակ, երբ արաբը մէկ կը սղմեն, յոյնը միւսեն, աս խեղճ երկիրը ոտնակոխ ընել եւ հայութեան անունը ջնջել սովորութիւն ըրած են. Մահմեդ կը յորդորէ իր աշակերտները անգութ եւ անողորմ լինիլ քրիստոնէից դէմ, եւ այս քրիստոնեայ յոյները չեն արգելէր ոչինչ հարստահարութեան ընդդէմ քրիստոնեայ հայուն: Այո, երկու ազգաց թագաւորներն իրարու հետ կը պատերազմին եւ Հայաստան կը կործանեն: Երէկ անդիեն Թէոփիլոս մը եկաւ ջարդեց, գերեց ու քանդեց, այսօր Ապուճաֆար մը ասդիեն կը բուսնի, որ նոյնպէս եւ աւելի կը կոտորէ, կավարէ եւ կանապատացնէ: Եւ այս չի բաւէր, մեր նախարարք փոխանակ ընդհանուր վիճակին դարման մը ընելու յիմարաբար ողորմելի փառասիրութեամբ կամ անմիտ շահասիրութեամբ իրարու հետ կը կռուին եւ զիրար կը դաւաճանեն: Եւ այս թշուառութեան տեսարանին դու վկայ եղիր, դո՛ւ հայ, դո՛ւ քրիստոնեայ, դո՛ւ խեղճ Յովնան, եւ անտարբեր կա՛ց իբրեւ քարէ արձան, որ քու եղբայրդ տանջանաց մէջ մեռնի, քու զաւակդ մոռնայ իր Լուսաւորիչը, իր հայութիւնը, կորչի երկուքին համար, քու կինդ եւ աղջիկդ երթան օտար երկիր աղախին եւ հարճ լինին սպաննողին եւ բռնաւորին եւ շղթայներու մէջ հառաչանց եւ արտասուաց ձայներ խղդեն: Այդ է ահա այս քանի հարիւր տարիներ էն խեղճ հայուն բախտը. եւ նախարարին ընկեր ու բարձակից եկեղեցականը «Այս բոլոր մեր քաշածը մեր մեղքն է», կըսէ: «Միթէ՞ այս Հայոց ազգին մեղքը միայն կը տեսնէ եւ չի քաւէր աստուած»:

Այսպէս խօսելով եւ խորհրդածելով Յովնան, սկսաւ երթալ դէպի քաղաքը դառն տխուր սրտիւ, ոչ թշնամուոյն կոտորածը, ոչ գերելոց ազատութիւնը, ոչ պատանդաց փրկութիւնը իր երեսին ուրախութիւն չի բերին. մանաւանդ թէ շարունակ Գուրգէնի չարագուշակ մարգարէութիւնն կը յիշէր եւ կը դառնանար: Եւ գլուխը երբեմն կը դարձնէր ակամայ կամօք դէպ այդ փոքրիկ խումբը, որ Վասպուրականի ճամփան բռնած էր:

Ամէնքը զբաղեալ կին աւարին եւ ուրիշ ոչինչ բանի ուշադրութիւն չէին ընէր. շատ ջանքով ժողուեց զանոնք եւ երբ իրենց միտքը ձգեց թէ իրենք պարտք մ՚ալ ունէին Սուրբ Կարապետ ազատելու նոքա վեր թռան, որոտմանց ձայներու պէս ձայն մը բարձրացաւ, եւ ամէնքը ամէն բան թողած «Սո՜ւրբ Կարապետ երթանք, Սո՜ւրբ Կարապետ», ըսին եւ հազարաւոր նիզակներ ճօճեցին, եւ սկսան հետեւիլ Յովնանու, որ առջեւեն կ'երթար իւր հաստատ քայլերով, միայն իւր ձեռքը ճակտին կը տանէր ի բաց վարելու համար խորհուրդ մը, որ յամառ միշտ ետ կը դառնար եւ իւր մտքին կը տիրապետեր: Երբեմն` վեր երկինք կը նայէր. երկինք, որ գեղեցիկ էր եւ պայծառ եւ արեւ մը ամառուան արեւուն պէս զայն կը լուսաւորէր, բայց հազիւ թէ տկար ջերմութիւն մը ունէր: Իսկ սասունցի զինուորները այս դիտողութիւնը չէին ընէր, նոցայ միտքը Ս. Կարապետի փրկութիւնն էր, որ արաբներէ պաշարեալ էր. ուստի չի մթնցած հասնիլ կը ջանային, միայն իրենց առաջնորդը Յովնան, երբ երկինք կը նայէր` հաստուծոյ այն կը խնդրէր, որ Գուրգէնի մարգարէութիւնը չի կատարուի, եւ այդ խօսքերը շարունակ իւր մտքին մէջ կը դառնային. «Տէ՛ր աստուած, կ'ըսէր, միթէ՞ ես թափուելիք հայ արեան պատճառ պիտի լինիմ, ես որ իմ ազգիս ինկած վիճակին դարման միայն ընել մտածեցի, եւ շահ ամենեւին մտքես չանցուցի»: Թէպէտ այս խորհրդածութիւնը զինք կը տանջէր, բայց քայլ մը պակաս չէր առնուր, եւ լեռնական խումբը իւր ետեւեն կը սահէր, վասնզի ինչպէս երեւցաւ այդ մարդուն վրայ մեծ համարմունք ունէին իւր հայրենակիցք. եւ առանց ընտրութեան, առանց ժառանգական իրաւանց, առանց հարստութեան մեծ ազդեցութիւն ունէր Սիմ լեռան վրայ այդ եզական մարդը, վասնզի ամէնքը գիտէին եւ կը խոստովանէին նորա անշահասիրութիւնը, որ իրենց պէս եւ իրենցմէ շատերէն աւելի աղքատ էր մնացել` թէպէտ Բագարատ իշխանի սիրելի անձ մ՚էր տարիներէ ի վեր նորա ձեռնտուութիւնը բանիւ եւ գործով խեղճերու եւ անտէրներու, եւ նորա ահարկու խստութիւնը տնիրաւներու եւ հարստահարողներու դէմ յայտնի էր: Այս յատկութեանդ վրայ պէտք է յիշել իւր կարդալու եւ գրելու կարողութիւնը, որ շատ քիչ մարդկանց տրուած էր այն դժուար ժամանակին, եւ որ այդ լեռանց մէջ գերբնական բան մը կը համարուէր. շատ անգամ, երբ քահանան Փարատեան կ'ըսէր հիւանդին վրայ, հիւանդին տէրը կ'երթար Յովնանու ալ աղաչելու, որ գայ աւետարան մը կարդայ իւր հիւանդին վրայ, եւ շատերը կը պատմէին թէ ինչպէ՛ս եւ քանի-քանի՛՛ անգամ Յովնան ընթերցմանքը չի վերջացած բժշկութեան նշաններ կը տեսնուէին հիւանդաց վրայ: Եւ միշտ այսպիսի պարագայներու մէջ կը տեսնուէր, որ Յովնան կ'ոգեւորէր, աչուըները կը ձգտէին եւ այդ զօրաւոր մարդը մեծյոգնութիւն մը կ'իմանար այդպիսի դիպուածներու մէջ ու խոնարհաբար կ'ըսէր թէ կը զգամ Քրիստոսի խօսքին ուժը թէ «Զօրութիւն էլ յինէն»: Վերջապէս Յովնան եղբայր` սասունցուն համար տեսակ մը սուրբ էր, որ երբ կը հեռանար գործի մը համար իր լեռնեն, կարելի է թէ շատերը նոյն մտածութեօմնը ունէին, ինչ որ երբեմն իսրայեւացիք Մովսէսի համար, երբ Սինա լեռան ամպամած գլխուն վրայ կ'աներեւութանար: Եթէ մէկ քանի նախանձոտ եւ անպիտան մարդիկ ալ կային, ինչպէս միշտ չեն պակսիր ամէն տեղ ու ամէն ժամանակ, չէին համարձակէր բերան բանալ եւ խօսք մը ըսել:

Արեւը մօտ էր մտնելու, երբ յանկարծ խումբ մը արաբացի ձիաւորը երեւցան, որ մեր սասունցուոց կ'ուգային իբրեւ թէ դիմաւորելու, առ ժամայն Յովնանի մէկ ակնարկութեամբ սոքա փոքրիկ գունդերու բաժնուեցան եւ քառակուսիներ կազմելով` աշտեներու դուրս ցցուած անտառ մը ձեւանալով, որ կը քալէր ջանացին պաշարել եւ արգիլել այս ձիաւորաց հախուռն ընթացքը, թէպէտ շատերը կործանեցին իրենց ձիերէն, եւ ձեան ճերմկութիւնը ի կարմիր ներկեցին նոցայ արիւնով, բայց մէկ մաս մը ձիաւորաց հախուռն յարձակմամբ ճղքեց անցաւ այս լեռնական հետեւակազօրը եւ սաստիկ արագութեամբ կրցաւ Հայաստանի սահմաններէն ինքզինքն ազատել եւ գոյժ տանիլ թէ ինչպէ՛ս Սիմ լեռան ապստամբները, տաձկաց բանակը ջնջեցին եւ ամիրապետին փոխանորդը սպաննեցին:

Է՛լ Ս. Կարապետն ազատած էր բոլորովին, ուստի մէկ մասը բանակին ետ կը դառնար, երբ Յովնան մտախոհ` շարունակեց իր ընթացքը ու մտաւ երկրպագել տաճարին դռան առջեւ: Ազնիւ մարդուն բոլոր մտածութիւնը եւ պաղատանքը ուրիշ բան չէր, այլ միայն թէ աստուած Գուրգէնի գուշակութիւնը հեռի ընէ իւր խեղճ հայրենեաց վրայեն, վասնզի սիրտը կը դողար թէ ինք մարդու մը պատճառաւ միգուցէ ազգին թշուառութեան պատճառ լինի:

Վերջապէս վանահայր եւ միաբանք գոհութեան աղօթքներ կատարեցին ի փառս փրկողին եւ տարին Յովնան իւր բոլոր ընկերաց հետ սեղանատուն ընթրելու, ուր բնականաբար խօսքերը բոլոր կը դառնային այն դիպուածոց վրայ, որոնք յաջողեցան մեր լեռնականաց: Յովնան միայն շատ քիչ կը խոսէր եւ իւր յոգնութիւնը պատճառ բռնելով գնաց երկնցաւ խոտի դէզի մը վրայ. քանի մը ժամ քունէ վերջ, ելաւ կանգնեցաւ այնպէս առոյգ իբրեւ թէ ոչինչ աշխատութիւն չէր ունեցել:

Կոչնակը եկեղեցին կը հրաւիրէր միաբանքը, Յովնան արդէն ամենեն առաջ եկեղեցուոյ դուռը կանգնած էր նոյն միջոցին եւ սկսած էր սաղմոսերգութեան երբ յանկարծ զգաց, որ ձեռք մը իւր ուսին վրայ յեցաւ: Երբ գլուխը դարձուց` տեսաւ երկայնահասակ չոր ծեր `մը, որուն ձիւնի պէս ճերմակ մօրուքը մինչեւ գօտին կ'իջնէր, լայն մոխրագոյն բուրդ վերարկու մը մինչեւ ոտքերը կ'իջնէր, թխամորթ էր իր խորշոմ եալ երեսին գոյնը, իւր սեւ եւ մեծ աչքերը փայլ եւ հրապուրիչ քաղցրութիւն ունէին միանգամայն, առանց խօսք մը արտասանելու ձեռքեն բռնեց, առաւ դուրս հանեց, եւ երբ լուսնին աղօտ լուսով երկու հոգի միայն գտնուեցան. «Ե՛կ, Յովնան, իմ ետեւես, ըսաւ, եթէ կ'ուզես, որ ապագային վարագոյրը պատռի եւ ցոյց տա քեզի հանդերձեալը` գաղտնի՜ք աստուածային, ե՛կ, մի՛ վախեր»:

Եր՞բ վախեր եմ ես, որ հիմա պիտի վախեմ, ըսաւ Յովնան, զինուոր սասնցի մը երբեք չէ վախցեր:

Բայց դու խառնուրդ ես զինուորի եւ քահանայի, դու խառնուրդ ես հաւատոյ եւ թերահաւատութեան, դու խառնուրդ ես քաջութեան եւ եթէ ոչ երկիւղի` գոնէ կասկածանաց:

Ես հաստատ եմ իմ հաւատքիս վրայ` ես զինուոր եմ…

Ինձ զքեզ մի՛ ճանչցնէր. դու տղայ էիր, զքեզ տեսայ, հեռացար դու աս լեռներէն, իմ աչքերս քեզի հետ էին եւ զքեզ կը տեսնէին եւ քու ամէն գաղտնիքդ կը նշմարէին. ուստի քալէ երթանք, չե՞ս ուզէր դու իմանալ ապագան, միթէ՞ դորայ համար չէր, որ դու կ'աղօթէիր, միթէ՞ երկիւղը, որ միգուցէ Հայաստան երկրի թշուառութեան պատճառ եղար այդ հրոսակին կոտորածովը, միթէ՞ այդ չէ, որ զքեզ կը տանջէ:

Ծերուն ցուրտ երկաթեայ ձեռքը կը նառեցնէր Յովնանու ձեռքը եւ իրենք կը քայլէին ձիւնին վրայ, որ կը մռնչէր իրենց ոտքերուն տակ, եւ անխօս կը շարունակէին իրենց ընթացքը: Կը բարձրանային, կ'իջնէին եւ դարձեալ կ'ելնէին, սառած առուակներ եւ գետակներ կ'անցնէին. անցան նաեւ մեծ գետ մը, որու սառոյցին ընդարձակութիւնը իմացուց Խութեցուոյն թէ Արածանին էր, որ կ'անցնէին եւ դեռ իրենք կ'երթային լուսնին աղօտ լուսով մինչեւ բլուրներ ու, ժայռհրու, կիրճեր ու, գահավէժներու եւ փապարներու մէջ դարձեալ այս ուղեգնացութեան ծրագիրը կորսնցուց Յովնան, մինչեւ քարայրի մը մուտք ներկայացաւ իրենց եւ ծերը առանց իւր ընթացից արագութիւնը թողլու, մտաւ մութուն մէջ, ուր խաւարը շօշափեւի եղաւ եւ է՛լ աւելի ամուր սեղմելով իւր ընկերին ձեռքը, կը քաշէր, կը տանէր խորն ի խոր, վասնզի շարունակ կ'իջնէին: Յովնան առանց երկիւղ զգալու կը խորհրդածէր ինքնիրեն. «Չորս ժամ է եւ աւելի, որ մենք այս ծերուն հետ կ'արշաւենք, եւ դեռ նա յոգնութեան փոքրիկ նշան մը չի ցոյց տալ, իւր ձեռքը ոչ կը դողա եւ ոչ կը տաքնա, սառ լինէր իմ ձեռացս տաքութեամբ կը հալէր, իսկ ինք իմ ձեռքս կը սառցնէ»:

Յովնան, ծռէ եւ այնպէս հետեւէ ինձ, ըսաւ ծերը, մի՛ շտկուիր մինչեւ որ ես քեզ իմաց չի տամ:

Եւ այնպէս մի փոքրիկ ժամանակ երթալեն վերջ, ծերուն յորդորով շտկուի ցան, եւ Յովնան զգաց, որ աւելի համարձակ շունչ կառնուր` թէպէտ միշտ գետնափորներ ու մէջ էին եւ ոչ նշոյլ կար, ոչ բնական եւ ոչ արհեստական լուսոյ: Բայց վերջապէս հասան այնպիսի տեղ մը ուր հեռուն նշոյլ մ՚սկսաւ երեւալ եւ մտան ընդարձակ, լուսաւորուած սրահ մը, ուր ոսկեձոյլ աշտանակներ ու վրայ մեղրամոմեր եւ բազմաթիւ արծաթի կանթեղներ իրենց լոյսը կը ցոլացնէին, եւ հրաշալի արձան մը կանգնած էր պղնձէ պատուանդանի մը վրայ. այն համբաւաւոր ոսկիածին եւ ոսկիամօր Անահ տա արձանն էր նա` պաշտպանի հին հայրենեաց, եւ իւր աջ կողմը Վահագնի եւ ձախը Աստղկան արձաններ կանգուն էին, աս երեք արձաննեբուն պատուանդաններուն յեցեալ եռոտանի մը կար դարձեալ ոսկեձոյլ. չէր կարելի իմանալ թէ այս տաճարը` վասնզի իրօք տաճար մ՚էր սա` իւր գմբէթովը, որու չորս կողմ դեռ ուրիշ փոքր գմբէթներ կային, գետնին տակն է՞ր, թէ գետնեն դուրս բարձրացած. վասնզի պատերը բոլոր արձաններով եւ քանդակներով էին զարդարած եւ վրայի գմբէթեն կախ էր ահագին ապակեայ ճրագարան մը, ո՛յ գիտէ ուստի՞ եւ ո՞ր հեռաւոր երկրէ բերուած այդտեղ այդ անդնգախոյզ աստուածութեանց պաշտօնը եւ նսեմացեալ խաւարը շքաւորելու համար:

Այս տեսարանը յանկարծ այնչափս զարմացուց եւ շլացուց զհովնան, որ եւ ոչ զգաց թէ ինչպէ՛ս եւ երբ հեռացաւ իրմէ իւր ծեր առաջնորդը, ուստի սկսաւ նայիլ եւ զննել այդ հին յիշատակաց եւ արուեստներ ու հրաշալիքը, որոնց նմանութիւն կը մտաբեր թէ ո՜ւր տեսած էր ինք, ի Կոստանդնուպոլի՞ս, թէ ի Բաղդատ:

Եւ երբ այս մտածութեան վրայ էր, յանկարծ իւր ուշադրութիւնը շարժուեցաւ, Վասնզի երգերու ձայներ սկսան լսուիլ, եւ տաճարը լցուեցաւ արաբիոյ եւ հնդկաց անուշահոտ խնկերով, եւ եռոտանին իբրեւ թէ խնկաման կամ բուրվառ մը լինէր` դուրս կը փչէր զմայլեցուցիչ մուխ մը, որ զարմանալի ազդեցութեամբ այդ մարդուն երկըթէ շիղերը կակուղ ոսկուոյ սկսաւ դարձնել: Դուռ կը փնտրեր Յովնան, եւ ահա չէր կարող նշմարել նաեւ այն դուռը ուսկից ինք ներս մտէր էր. եւ իր սուր աչքերը շփոթեցան, վասնզի մուտքը կարող չէր նշմարել, եւ իրօք կը տեսնէր թէ բանտի մը մէջ էր բայց փառաւոր բանտի մէջ:

Հազիւ թէ այս խորհրդածութիւնը մտքեն անցաւ եւ ահա Վահագնի եւ Աստղկան պղնձէ պատուանդաններուն անյայտ դռները թացուեցան եւ երգեցիկ քրմաց ու քրմուհաց բազմութիւն մը զոյգ-զոյգ սկսան դուրս ելնել եւ արձաններուն առջեւ շարուիլ. իրենց հարուստ եւ ճոխ ոսկեթել եւ նկարէն զգեստները, հաճոյական էին աչաց, եւ երբ Յովնան անոնց մանրամասն դիտողութեան զբաղած էր` ահա Անահտայ պատուանդանին դռնեն դուրս ելան մեծ քրմապետը եւ մեծ քրմուհին եւ երգերը լռեցին: Մեր լեռնցին քրմապետը մէկեն ճանչեց թէպէտ զգեստն երուն պերճութենեն փոխուած` բայց նոյն ծերն էր, որ զինքն հոն բերել էր. իսկ քրմուհին երիտասարդ եւ շատ գեղեցիկ կին մ՚էր, որ երբ եռոտանուոյն առջեւ կանգնեցաւ, թալուկ եկաւ երեսին: Նոյն վայրկենին, երբ երգերն լռեցին եւ եղէգեայ սրինգներ սկսան փափուկ եւ տխուր երաժշտութիւն մը հնչեցնել, որ մտիկ ընողին հեշտալի եթէ չէր գալ, վայրկենէ մը վերջը շատ ազդու եւ սրտաճմլիկ բերկրութիւն մը կը բերէր անձին: Քրմապետը այն ատեն ձեռք տուաւ եւ հրաւիրեց քրմուհին` որ անցնի նստի ոսկի եռոտանուոյն վրայ, եւ ինք շրջապատեալ իր խումբեն` կանգնեցաւ իւր աստուածութեանց առաջ թեւերը տարածելով եւ անձայն աղօթելով, հազիւ թէ շրթունքը կը շարժէին: Եւ ահա քանի մը րոպէ չեղած ամէն աչք, որ եռոտանուոյն պշուցեալ էին` կը տեսնէին փոքրիկ, ջղային ցնցմունքներ մեծ քրմուհուոյն վրայ, անոնց յաջորդեց վիճակ մը, որ իբրեւ թէ մարմարէ արձան յեղափոխեց այդ եռոտանուոյն վրայ նստողը, մինչեւ որ աչքերը սկսան բացուիլ անսովոր եւ սեւեռ նայուածքով. ան ատեն քրմապետին բերին դիրք մը, որուն թերթերը արծաթեայ բարակ տախտակներ էին, եւ նա բացաւ էջ մը, ուր ոչինչ չի կար գրուած եւ ներկայեց քրմուհուոյն. «Կարդա՛յ, ներշնչեալդ հատուածոց», ըսաւ հզօր ձայնով. երաժշտութիւնն դադրեց, եւ այնպիսի լռութիւն մը տիրեց եւ ամէն շունչ այնպէս կեցաւ, որ մէկ բան մը միայն կը լսուէր` քրմուհուոյն շնչառութիւնը. եւ ամէն աչք իրեն կը նայէր: Իսկ նա քանի նայէր այդ էջին վրայ, իւր երեսին գոյնը, իւր ակնարկը, իւր շարժմունքը շարունակ կը փոփոխուէին, եւ ի վերջոյ մեռած աչքերը կենդանութիւն եւ հետաքրքրական փայլ մը առին. իբրեւ թէ անյագ կը կարդային` եւ վերջը-վերջը այդ աչքերի լիճ մը դարձած արտասուաց հեղեղներ կ'իջեցնէին, կղպուած ծնօտները կը բացուէին եւ հառաչանաց ձայներ, եղուկներ, աւաղներ իրարու կը յաջորդէին: Այն ժամ քրմապետը «Կարդա՛յ, ո՜յ ներշնչեալդ հաստուածոց», կրկնեց, «Բարձր ձայնիւ կարդա՛յ»:

Եւ քրմուհուոյն հեկեկանաց ձայնը այսպէս խօսեցաւ. «Քի՛չ են, Հայաստան, քու չարչարանքդ, քի՛չ են քու տանջանքներդ, դեռ կանգուն են քու քաղաքներդ, դեռ կանգուն են քու տաճարներդ, դեռ հարսի եւ փեսայի ձայներ կը լսուի ի քեզ, դեռ տղայն օրրանին մէջ կը ճուայ, դեռ հուրը վառարանին մէջ կը ճարճատէ, դեռ մուխը երդեաց վրայեն կը բարձրանայ: Դեռ քու որդիքդ բարձրավիզ կը քայլեն, դեռ երկաթը իրենց ձեռքին եւ իրենց մէջքին վրայ կը փայլի, դեռ սաղաւարտը իրենց գլխին վրայ կը ճաճանչի, դեռ քու աղջիկներդ ծիրանիներով կը զարդարուին, դեռ նոցայ վզին վրայ ոսկի մանեակ եւ թեւերնին ապարանջաններ կը նշուլեն. բայց այդ ամէնուն վերջն է` քու քաղաքներդ պիտի անմարդանան, քու շէներդ անշեն պիտի մնան, քու տաճարներդ կիսակործան, քու տուներդ անկենդան, ուրախութեան եւ հարսանեաց ձայներուդ ողբերու եւ լալերու ձայներ պիտի յաջորդեն, քու զէնքերուդ շկահմանց, շղթայներու ձայներ, քու մանեակներուդ եւ ապարանջաններ ու հնչմանց` գերութեան խարազաններու ճարճատմունք. այո՛, քու կտրիճներդ գերի իրենց երկրի մէջ, գերի օտարութեան մէջ, քու աղջիկներդ աղախին իրենց հայրենի տան եւ դառն պանդխտութեան մէջ: Երբ արեւելք երեսդ դարձնես` թշնամի պիտի գտնես, երբ արեւմուտք դառնաս` թշնամի պիտի տեսնես. օգնութիւն պիտի խնդրես նախատինք, արհամարհանք պիտի գտնես, երկինք աչքերդ պիտի դարձնես` նա կայծակ եւ կարկուտ քեզի պիտի տեղայ, քու զաւկներդ նաեւ շատ անգամ եղբայրասպան` իրենց մօր սիրտը պիտի վիրաւօրէն»:

Ձեռքերը ծալած փայտ կտրէր մնացեր էր Յովնան, կը նայէր, այդ կը նկան երեսին գոյնին, կը նայէր աչքերուն մարմրուկին եւ վերջը արցունքներուն, կը լսէր այդ անսովոր ձայնը, կը խորհրդածէր ինքնիրեն եւ կ'ըսէր. «Այդ կինը եթէ դերասան էլ է, շատ լաւ կը խաղա իւր դերը, ես յոյն թատերականաց մէջ նաեւ այդպիսի մը չեմ տեսած. եթէ ըսածները ճշմարիտ են. վա՜յ է մեզի, վա՜յ մեր հայ ազգին. ի՞նչ ապացոյց կրնայ տալ իւր գուշակութեանց ճշգրտութեան այդ անսովոր մարգարէուհին»: Այս միջոցին քրմուհին գլուխը կուրծքին վրայ իբրեւ թէ խոր քուն էր, սրինգներն իրենց տխուր երաժշտութիւնը դարձեալ կը շարունակէին, երբ յանկարծ ցնցուեցաւ նա եւ եռոտանին սարսեցաւ, աչքերը բացուեցան լի տխուր սրտմտութեամբ եւ ցուցամատը կարկառ դէպ Յովնան. «Ո՜վ դո՛ւ, գոչից, ապացո՜յց կ'ուզես դու, սպասէ՛, լսէ ինչ որ Արտեմիս անցեալ մը իմ աչացս առաջ կը բերէ ի հանդէս: Կը տեսնեմ սիրուն պատանեակ հազիւ արբունքի հասեալ, եռանդուն, ա՛յ, հուր է դորայ բնութիւն եւ սիրտը սիրոյն բոցով է շրջապատ եալ իբրեւ լուսինը բակով: Բայց ի՜նչ յիմարութիւն լեռնցի, խե՜ղճ խութեցի, ո՞ւր աչքերդ կը բարձրացնես, ո՞ւր յոյսերդ կ'ամբառնաս, թագադիր իշխանազանց օրիորդին դու կը համարձակիս այդ տոչորեալ սիրտդ մերկացնէր:

Յովնան այս վերջին խօսքերուն այնպէս սաստիկ ցնցուեցաւ իբրեւ թէ իժ մը զինք խածնէր, եւ դէպի մուտքը նտայեցաւ, որ չէր երեւէր:

«Ո՜ւր կը նայիս, ո՜ւր կ'ուզես փախչիլ, կը կրկներ քրմուհին, ապացոյց կ'ուզէիր. յիշէ՛ գիշերները` լուսնին գարնան գեղեցիկ գիշերը, այն վարդենեաց պարտէզը ուր փոքրիկ բանալի մը ձեռքդ պողդոջուն կը մտնէիր, այդ սիրոյ առաջին գիշերը որու քաղցրութեան չի կայ թան մը աշխարհիս վրայ, որ կարէնայ բաղդատուիլ. երբ տիրած անձի բերն են կը լսէ ոք սիրեմ բառը, եւ որ քեզ համար դառն եւ բազմաչարչար կենաց պատճառ պիտի լինէր. այո՛, այդ առաջին գիշերն էր, երբ դու ծ առայ, շինական, լեռնական, քեզ տարեկից ազնուազարմ օրիորդի մը առջեւ ծունր դնել եւ նորա ձեռքերուն վրայ Համբոյր եւ գգուանք դրոշմ ել կը համարձակէիր: Բայց երջանկութեան գակտագողի կրկին տարիներն շուտով անցան. Օրիորդը քօղածածուկ` յարեւմուտս յուսաց սահմանները ղրկուեցաւ ապաշխարելու եւ դու գանակոծ, բանտարկեալ, շղթայակապ գիշերուան մութուն գաղտնեաց մէջ յարեւելս աշխարհիս կը զրկուէիր վանքի մը մէջ ապաշխարելու այդ եղեռն ալի ժպրհութեան վրայ, որ չի ճանչցիր, ընդարձակ սահմանը, որ կը բաժնէ ազատը անազատ են, ազնուատոհմը` անտոհմ են, նախարարը` շինական են, հարուստը` աղքատեն: Այո՛, այդ Յանցանքին համար, որ առանց յանցանքի սիրել եւ պաշտել համարձակեցար օրիորդ մը, որու ո՛չ իշխանական թագը` այլ գեղեցկութիւնը տեսար, իւր սրտին ազնուութեան թափանցեմ ցիր, եւ մոռցար զքեզ, ողորմելի սողուն, եւ ուզեցիր արծուոյ պէս արեւուն բարձրանալ: Ահա տարիներով խորհրղեածութիւնքդ, որ այդ բերդական վանացդ միայնութեան մէջ կ'անցնէիր մտքեդ եւ ուր ուրիշ բան չէիր երաղեր` այլ սլանալ այդ պարիսպներու բարձրութենեն եւ իմանալ թէ ի՛նչ եղաւ քու սրտիդ աստուածուհին»:

Ամէն աչք պշուցեալ այս երկու անձանց կը նայէին. կինը` գէր բնազանց էակ մ՚էր, իւր ամէն մէկ բառը մէկ, մէկ սլաք էին, որ կը վիրաւորէին խեղճ լեռնցին, իւր ամէն մէկ խօսքերը մէկ, մէկ լախտ էին փշրելու համար այդ կորովի մարդուն հին վէրքերով լի սրտին բեկորներ, այդ թշուառ մարդը, որ կը կարծէր թէ է՛լ վէրքերը գոցուած էին սրտին մէջ, վասնզի սրտի վէրքերեն վերջ մարմինը սպիացեր էր պատերազմներու մէջ, այդ մարդը, որ շատ ցաւոց տարեր էր ստոիկեան համբերութեամբ, առանց իւր մռնչման ձայնը լսեցնելու` հիմա հոգուոյն խորերէն կը հառաչէր եւ պաղ քրտինք կը թափէր. մարմինը արձան էր եղած եւ ոտքերը իբր թէ բեւեռեալ էին գետնին: Այդ առաջին եւ հրաբորբոք սիրոյն յիշատակը, որ ինք մարած կը կարծէր, վասնզի զանազան եւ դառն արկածներ անցէր էին վրայեն. հիմա իբրեւ օտար շնչէ մխիրներ փչուած` փայլուն կրակ մը կ'արծարծէր: Կուզեր գոչել եւ հարցնել եւ իմանալ թէ ի՜նչ էր կամ ի՜նչ վերջ պիտի ունենար իւր սրտին աստուածուհին, բայց իր ձայնը իրեն չէր հնազանդէր եւ բերանը չէր կարող թանալ, վասնզի պապանձէր էր: Բայց քրմուհին, որ այդ խեղճ սրտին գաղտնիքը կը կարդար եւ կը տեսնէր նորա վիճակը, ձայնեց դարձեալ.

«Դու կ'ուզես իմանալ թէ ի՛նչ կը խորհի եւ ինչ կը մտածէ նա, որ բնութիւնը քեզի համար էր ստեղծել եւ մարդկային օրինաց անզգամութիւնը քեզմէ բաժնեց. անհոգ եղի՛ր, կ'ուգայ տարին, կ'ուգայ օրը, եւ թերեւս շատ հեռու էլ չէ, որ դարձեալ մօտեն զինք պիտի տեսնես, դարձեալ արցունքներովդ իւր ոտքերը պիտի թանաս… Բայց պէտք է մինչեւ այն ժամը աշխատիս, պէտք է ցոյց տաս, օրինակ լինիս հայ թշուառ աշխարհի թէ ժողովուրդը ողորմելի, արհամարհելի էակ մը չէ, թէ իւր արիւնը ունի այն ամէն առաքինութիւն, որով կը պարծին նոքա, որ իրենց հարց անուան վրայ կը գոռոզնան եւ շատ անգամ զուրկ են նոցայ առաքինութենեն… գնա՛, ասպարէզն ընդարձակ է, գալիք պատուհասը սոսկալի է, զօրացի՛ր, վասնզի հեռի չէ օրը, որ վահանները պիտի ջախջախին, նիզակները կոտրտին, սուրերը փշրին, գնա՛, ժողովրդեան զինուո՛ր, երկնային զօրութիւնք քեզի օգնական թող լինին»:

Եւ ահա բուրմանց ամպ մը պատեց դարձեալ եռոտանին, լոյսերը ամէնքը մէկեն խաւարեցան եւ Յովնան բեկեալ, խորտակեալ Վւ վերջի խօսքերեն սակաւ ինչ կենդանացեալ, թանձրամած խաւարին մէջ կը խարխափէր, երբ օգնական ձեռք մը զգաց թէ իւր ձեռքեն բռնեց:

Ե՛կ Յովնան, հետեւէ ինձ, ըսաւ ծանօթ ձայնը:

Եւ սկսան քայլել այդ մթութեան մէջ եւ միեւնոյն կերպով ինչպէս առաշ մտէր էին: Ծեր քրմապետն էր, որ կ'առաջնարդէր. մինչեւ վերջապէս հասան` այն քարայրին բերանը` լուսնի լուսոյն տեղ արեւու լոյսը ամէն բան կը լուսաւորէր:

Գնա՛, որդեա՛կ Յովնան, երկնային զօրութիւնք քեզի օգնական լինին, ըսաւ ծերը, եւ քարայրին մթութեան մէջ թաղուեցաւ: Իսկ Յովնան քիչ մը տեղ անզգայ քայլելեն վերջ, արթնցաւ եւ ճանաչեց թէ Աշտիշատի աւերակներէն էր շրշապատեալ: Ան ատեն իմացաւ թէ հայկական հին կրօնքը 550 տարի վերջը, անհետ եղած երկոի վրայեն, դեռ գետնի տակ կ'ապրէր հանծանօթս: