Մայրիներու շուքին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ 

ՈՒՐԻՇ ՊԱՏՐԱՍՏ ԳՈՐԾԵՐ 

Պատրաստ գործե՞ր։ Ստեղծագործական ո՛չ. քննադատական այո։ Դասագիրքը, որմէ նմոյշներ երեւցած են զանազան տեղեր, զանազան առիթներով, կ՚ենթադրեմ, թէ պիտի փոշիանայ։ Այս լքումը պատճառ է, որ հրաժարիմ «Մատենագրութեան» ընդարձակ ծրագրէ մը։ Ան ալ դարձեալ բազմահատոր ձեռնարկ մը, որուն ամբողջական իրացումը կը խուսափի իմ կարելիութիւններէս։ 

Գահիրէի Պէրպէրեան վարժարանի պէտքերուն համար սկիզբ առած գործ մըն էր ան։ Մեր գրականութիւնը իր սկիզբէն մինչեւ արդի օրերը տեսնել գրական թափանցումի ակնոցով, որ չըլլայ սակայն ուսուցողական, ռոմանթիք եւ տափակ քննադատութիւնը ժամանակակից զոյգ դպրոցներուն (Չօպանեան եւ արեւելահայ). չըլլայ նաեւ բանասիրութեան մէջ խեղդուած, հոգեկան աւիշէ պարպուած եւ գիտական ըլլալու յաւակնութեան մէջ մոմիայ մատենագրութիւնը Վիեննական դպրոցին, դժբախտաբար այլեւս գեղեցիկ երազ մը կը մնայ ինծի այս այնքան կարեւոր պէտքին իրացումը։ Չրաքեանի « Ներաշխարհ »ին վրայ նոթերու շարք մը, որ հատորի  մը նախանիւթը կը կազմէր, ենթարկուած է նոյն բախտին։ Չեմ կարծեր, որ այլեւս վերադառնամ անոնց։ 

ՎԻԵՆՆԱՑԻՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅՐ ՄԷՆԷՎԻՇԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ 

Նպատակ ունէի առանձին յօդուածաշարքով մը պատասխանել Հ. Մէնէվիշեանին, որ « Զուարթնոց »ի իմ նշմարներուն մասին, կամ առիթով, բաներ մը գրեց « Հանդէս ամսօրեայ »ի մէջ։ Քու հետաքրքրութեամբդ՝ դուն կանեցիր զիս. կու տամ, հետեւաբար, գլխաւոր ցուցմունքներ միայն։ 

Զարմանալի չէ, որ միայն ու միայն բառեր քննասիրող ոգին չկարենայ հասկնալ հիմնականը, որ կը թաւալի բառերուն յատակէն։ 

Վիեննացիները ո՛չ միայն չեն հասկնար մեր հայերէնը, այլեւ կը խեղաթիւրեն մեր բառերուն իմաստն ալ։ « Զուարթնոց »ի մէջ իրենց դէմ ուղղուած մեղադրանքը անհասկացողութեան մեղադրանք մըն էր. օրինակները բաւական պերճ էին՝ ցոյց տալու համար, թէ անբաւական էր մեթոտը, որուն նուիրուած էին պատ. հայրերը։ Չեմ գիտեր ի՞նչ յաւակնութիւն է, որ իրենց միայն կը վերապահէ մեր լեզուն հասկանալու, չըսելու համար՝ «գրել»ու շնորհը։ Կա՞յ դպրոցական մը արդեօք, որ անկարող ըլլայ մեր մէջ Հ. Տաշեանի դասական հայերէնը չհասկնալու, որպէսզի իմ խօսքերս խեղաթիւրուէին եւ լեզուի հարցի վերածուէին գրականութեան պատկանող հարցեր։ Հ. Տաշեանի հայերէնը չի հասկցուիր ոչ թէ գրաբար ըլլալուն, այլ ոճ չըլլալուն, այլ ծանրաբեռն, դանդաղ եւ չափազանց վերլուծական ըլլալուն համար։ Այս վճիռը կարելի է ընդհանրացնել ամբողջ Վիեննական դպրոցի քննա(դատա)կան լեզուին։ Անոնց ամէնէն շնորհալի եւ նորագոյն տարրերով կազմուած մատենագիրը՝ Հ. Ակինեանն իսկ զերծ չէ այս մեղադրանքէն։ 

Ինծի կը վերագրուի այնտարբերութիւն, չըսելու համար՝ անզգածութիւն, մեր հայրենի ոգիին հանդէպ։ Արդ, « Զուարթնոց »ի նշմարը ճիշդ հակառակ թեզն է, որ կը պաշտպանէ։ Հոն խորունկ գուրգուրանք կայ մեր անցեալէն ամէն արտայայտութեան վրայ։ Մեր անցեալը ինձ ի համար կեանք մըն է։ Եւ կեանքը չափազանց բարդ երեւոյթ է, վերլուծուիլ կարենալու համար քերականական կանոնի մը կամ փոխ առնուած բառի մը ստուգաբանութեան processusին։ Պահանջ էր վերագտնել այդ կեանքը իր բոլոր հոծութեամբը, իր արտայայտութեան բոլոր երանգներովը։ Ու վերարտադրել մեր ժողովուրդը ո՛չ թէ մէկ երեսով կրաւիւր ներու չոր  թանգարանի մը պէս, այլ՝ իբր շարժուն ու համատրոփ ամբողջութիւն մը։ Ասոր համար շատ քիչ պիտի գային տուրքերը, որոնք մենէ ոեւէ մէկը բանասէր, նոյնիսկ քննադատ կընեն։ 

Այդ տուրքերը պէտք է ստուերի մէջ մնան մա՛նաւանդ ուրիշ մեծ յատկութեան մը քով, որ ստեղծող շունչն է, ուրիշ խօսքով՝ արուեստին հուրքը։ Արուեստագէտն է, որ պիտի թափանցէ բառերէն եւ քարերէն անդին ու իր լոյսը կաթեցնէ մեռելութիւններուն սրտէն ներս։ Գիտէ՞ք ինչ սրտառուչ պատկեր է, որ պիտի յառնէ ձեր աչքին դէմ, երբ այդ ձեւով առաջ տարուած աշխատանք մը մեր պատմութեան որեւէ մէկ շրջանը լուսաւորէ։ Անշուշտ թերի, բայց ատանկ հաւանականութեան մը նմոյշ կարելի է ընդունիլ Ադոնցի փորձերը, որոնք արժանի են սիրուելու իբր առաջին նմոյշներ։ 

Վիեննացիները պէտք է իրենց ակնոցները ուղղեն դէպի մարդը, դէպի հայը, որուն մոխիրն է վերջապէս ինչ որ իրենց ձեռքը ինկած է այսօր։ Հ. Մէնէվիշեան « Այբուբենք »ի առիթով սրտառուչ բաներ կ՚ըսէ. մենք իրմէ աւելի յուզումով կը խանդավառուինք բոլոր անոնցմով, որոնք մեր լեզուի բառերէն մեր քաղաքակրթութիւնը պիտի ստեղծէին։ Ո՞ւր է մեր լեզուին քննական քերականութիւնը. ո՞ւր է մեր քննական պատմութիւնը, ո՞ւր է մեր եկեղեցիին պատմութիւնը։ Երկու դար է կը դառնայ մեքենան Մխիթարեան տպարանին մէջ եւ կը դառնայ՝ գոհացում տալու համար մեր փնտռտուքին…։ Այսօր մենք այնքան քիչ բան գիտենք մեր ժողովուրդէն, որքան 15րդ դարու պատուական հայրապետ մը, որուն համար Աստուած հայերէն կը խօսէր…

Չեմ ուրանար աշխատանքին ծանրութիւնը, բայց կը պահանջեմ, որ փոխուի մեթոտը, անցեալը ողջնցնելու հիմնական ստեղծագործ ճիգին համար։ Ինչպէս կը տեսնէք, պահանջս կ՚ուղղուի դէպի արուեստը. ան միայն կ՚իրագործէ այդ հրաշքը։ Հիմա՝ գոցեցէք այս խոշոր փակագիծը։ 

ԳՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՓՈՐՁ 

Յօդուածներ օրաթերթի՞ մէջ։ Տանջանք եղած է ատիկա ինծի սկիզբէն ի վեր, տրուած ըլլալով իմ անընդունակութիւնս օրաթերթին յարմարելու։ Եթէ հոս ու հոն երբեմն կը հանդիպիք յօդուածներու, ատոնք զիջումներ են բարեկամական թանկագին կապերու։ Լրագիրը, ուղղուած ժողովուրդին, անյարմար գետին մըն է արուեստագիտական հայեցողութիւններու։ Գալով հանդէսներուն, անոնք դարձեալ կը հպատակին իրենց ընթերցողներուն ճնշումին. այնպէս որ՝ ուրիշ գործերու համար տրամադրելի ժամանակ ու, մանաւանդ՝ սիրտ կը պակսին ինծի։

Եթէ կը սիրեմ փորձը (essai) եւ ուսումնասիրութիւնը, միշտ չկամութեամբ կատարած եմ՝ սակայն գրախօսութիւնը։ Ասկէ զատ, յայտնի է ձեզի իմ տրամադրութիւնս քննադատութեան հանդէպ. ընդարձակ սիւնակներ նուիրած եմ այդ նիւթին. ամէնէն գեղեցիկ քննադատական յօդուած մը նուազ կ՚արժէ, քան ամէնէն գէշ պատմուածքը, քան ամէնէն խոնարհ պատկերը։  

Գիտեմ, թէ ամէնէն շատ կարդացուած գիրքերը քննադատական հատորներն են. ատիկա փաստ մըն է այն հիւծումին, որուն ենթարկուած է մտածելու կարողութիւնը։ Դար մը առաջ մարդիկ կա՛մ չէին մտածեր, կա՛մ իրենց համար ու իրենցմով միայն կը մտածէին։ Այսօր մտածումը կը շփոթուի ներկուելուն, ածիլուելուն, արտասանելուն, դերասանելուն, քաղաքականութիւն բանելուն եւ հայրենասիրութիւն ընելուն հետ։ Մենք՝ որ իմացական անգործութեան օրէնքով կը սիրենք ճապաղիլ մեզի հրամցուած մօրուտքին մէջ, կը թողունք, որ ուրիշներ մտածեն մեր տեղը։ 

Քննադատները՝ իբր հասարակաց պաշտօնեաներ, հասարակաց գործիչներ, սափրուած եւ կոկիկ, հասարակութեան կը հրամցնեն անոր ուզածը, անոր փնտռածը. ասիկա այսպէս է ստուար զանգուածին մէջ արեւմտեան քննադատութեան։ Մեր մէջ՝ խմբագիրէն յետոյ, որ գերագոյն դէմքն է մեր իմացականութեան, երկրորդ գծին վրայ կու գայ քննադատը։ Որեւէ գիրք որեւէ բան պարտական չէ քննադատին ամէն գործ հերքումն է դատումին։ Ամէն գործ ուրիշին չնմանելով կը բարձրանայ արժէքի։ Հասարակաց կաղապարները արուեստին չեն պատկանիր։ Գործ մը մեկնելը ուրիշ է, ուրիշ է արդի քննադատութեան եղանակը։ 

Բայց որքան ատեն, որ լրագիրը ըլլայ իմացական սնունդին գերագոյն տարազը ու դիմանայ իր գահակալութեան մէջ, այսինքն՝ պատրաստ սեղանի մը պէս ամէն առտու մատուցուի քաղքենի վայելումին, այնքան ատեն իր սպասը պիտի ընէ քննադատը։ 

ԾԱՆՐ ՈՒ ԽՈՐՈՒՆԿ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ 

Դուք կը խօսիք գրելու ձեւի մը մասին, որ անուանապէս միայն կը պատկանի ընթացիկ քննադատութեան։ Գրելը այնքան ընդարձակ եւ հանրային երեւոյթ է, որ կրնանք բաղդատել միայն  հին դարերու մէջ կրօնքներով յօրլինուած բարոյական բարեխառնութեան։ Եւ ինչպէս որ բարոյագէտները այդ մարզէն քանի մը մեծ գեղեցկութիւններ են վեր բերած, այնպէս ալ գրականութենէն՝ բուն քննադատները կարող են քանի մը մեծ, պարզ ու խորունկ օրէնքներ վեր բերել։ Բարձր մտքերուն մէջ արդէն արուեստն ու կրօնքը գրեթէ կը նոյնանան։ Նիցչէի քննադատութիւնը բարոյականին դէմ՝ ինքնաբերաբար կը դառնայ արուեստի քննադատութիւնը։ Կամ Սէնթ-Պէօվը եւ Թէնը երբ կը վերլուծեն արուեստագէտը, անգիտակցարար ծառայած կ՚ըլլան բարքերու պատմութեան։

Գերման նորագոյն քանի մը մտքեր (Ցուայգ, Քիւրթիուս, եւայլն) դատելու տեղ գաղափարներու վրայ կը կատարեն աշխատանք մը, որ նորօրինակ բնազանցութեան մը կը նմանի։ Անհուն հմտութենէ, կեանքի անհուն փորձառութենէ, մտքի բարձրագոյն ոլորտներու մէջ երկար մարզանքներէ յետոյ, այդ մարդիկը իրենց աշխատանքին մէջ մեր դարու իմացական մոյնքը կը բեւեռեն։ Որեւէ վէպ ու հոգեբանութեան որեւէ դասագիրք չեն կրնար մօտեցուիլ անոնց էջերէն հոսած տարօրինակ այդ խռովքին։

Այս բարձունքէն դիտուած՝ քննադատութիւնը գերագոյն ստեղծագործութիւնն է, որուն գոյութեան կասկածն իակ դեռ չէ այցելած մեր պաշտօնական եւ անպաշտօն դատողներուն։ Եւ տակաւին մեր մէջ մարդեր կան, որ արուեստի գործերը չափելու համար 1850ի կանգունները կը գործածեն, մասնաւորարար արեւելահայ հատուածին մէջ, ուր հեքիաթ ըլլալէ յետոյ, պատմում ըլլալէ յետոյ, հիմա սոցիալ–գիտութիւն է դատելու գործը։ 

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԴԱՏԷ ՕՇԱԿԱՆ 

Դժուար է այս հարցումին պատասխան տալ առաջին պատեհութեամբ։ Անշուշտ հմտութիւնը խարիսխն է ամէն հաստատ մեթոտի եւ անշուշտ անիկա տարբեր բան է չոր եւ իմաստակ բանգիտութենէն։ Ամէն դատելու կանչուած միտք ընթերցումներու որոշ մթերքի մը, հոգեկան որոշ շեմի մը (seuil) իւրացումը պէտք է տուած ըլլայ իրեն։ Այդ մթերքը մտքին կը հայթայթէ բաւարար հաւասարակշռութիւն մը, որպէսզի նաւը քալէ արուեստի ջուրերէն։ Ու այդ մթերքը կարելի եղածին չափ ըլլալու է բազմակողմանի։ 

Ամէն բան կարդալը բան մը չ՚ապացուցաներ. վասնզի գիրքերը երբեմն կաթիլ մը իւղ իսկ չեն ունենար, որպէսզի ուղեղը անոնցմով լեցնէ իր շեմը։ Ամէն դատող՝ իր տպաւորութիւնները  անընդհատ հակակշռելով, գործը եւ ինքզինքը դէմ ընդդնելով, միշտ իրեն տրուածը քակելու եւ վերաշինելու alternativeով պիտի քալէ եւ, զինքը քալեցնող հոսանքը (դատուած գործին ներգոյակ մղումը) յարգելով՝ պիտի հասնի վախճանին։ Պարզելու համար այս վարկածներուն տարողութիւնը, ինքզինքս կը դնեմ քերթուածի մը առջեւ, եթէ քերթուածով տրուած վիճակը մնայ չափազանց վար իմ մտքիս շեմէն, ասել կ՚ուզեմ՝ եթէ քերթուածը իմ գիտցածներուս կամ ունեցածներուն վրայ որեւէ նոր, անակնկալ բան չ՚աւելցներ, զայն կը նկատեմ զանցառելի։ 

Եթէ քերթուածով ինծի տրուած վիճակը լիութիւն կը ստեղծէ իմ մտքի շեմին եւ ատոր հոսանքը եղող վայելքը շօշափելի կը դառնայ ինծի համար, ես կը մնամ համակրողը քերթուածին։ Եթէ քերթածով ինծի տրուած վիճակը անցնի իմ դատողութենէս եւ զիս ընդ քարշէ, աւրելով իմ բոլոր առարկութիւնները եւ գիրքերէ սորվըւած բոլոր տարազները, կը նշանակէ, թէ կը գտնուիմ մեծ բանաստեղծի մը առջեւ։ Գրեթէ նոյնն է պարագան նաեւ վէպին համար, ինչպէս արուեստի միւս բոլոր սեռերուն։ 

Քննադատը գործ ունի յաճախ վար ապրանքի հետ։ Երբեմն ինք եւ իր դատումին տակ ինկած գործը զիրար կ՚արժեն. քիչ անդամ պիտի հրաւիրուի հիանալու իրմէ շատ վեր գործերու վրայ։ Ինչպէս կարելի է հետեւցնել այս ամէնէն, պատրաստութիւն, խոր եւ ընդարձակ ուսումնասիրութիւններ, գրելու որոշ դիւրութիւն միշտ ամէն բան չեն։ Տեսակ մը գործնական զգայարանք (sens pratique) ազդելու եւ հակազդելու մեքենականութիւն մը, տրուածը եւ մթերուածը դէմ ընդդնելու արագ վարժութիւն մը նոյնքան կարեւոր պահանջներ են քննադատին համար։ Թերեւս անիրաւ կը գտնէք իմ այս պահանջներս ու կամայական։ Գիտեմ, թէ արուեստը որոշադրուած օրէնքներէ չ՚ախորժիր, գիտեմք, թէ դարերու ընթացքին՝ երկրագունտի զանազան մարզերուն վրայ գեղեցկութեան ըմբռնումը ի՜նչ հակասութիւններ կը պարզէ հետաքրքրուողներուն։ Կը հաւատամ, թէ ճիշդ չէ մեր գրականութեան վերաբերող գործ մը սպանութեան ենթարկել՝ մօտիկը դնելով զայն մեծ գրականութեան մը մէջ համասեռ գործի մը։

Գիտեմ, թէ շատ են անոնք, որոնք կ՚ըսեն. «Մերինները՝ մեր ակնոցով»։ Կ՚արժէր ատոնց հետ ըլլալ, եթէ մեր գործերը չներկականային մեզի իբրեւ վերջին կատարելութիւններ. չէ՞ որ ամենահասարակ վէպ մը՝ Տիկ. Մարգօ »), բաղդատուեցաւ « Մատամ Պովարի »ին հետ։ Այս անխղճութիւններն են, չըսելու համար՝ յիմարութիւնները, որ պարտք կը դնեն ամէն խղճամիտ դատողի՝ մշտապէս աչքի առջեւ ունենալ մտքի շեմը եւ օտար կատարելութեանց մեծ օրինակները կանգուն պահել մեր գրական դաշտերու սահմանին վրայ։ Այս զգուշաւորութիւնը խնայած պիտի ըլլար մեզի անհուն միջակութիւններ։ Եւ եթէ քննադատը մեծութիւններ չստեղծէ, գոնէ օրինաւոր բախտը ունենալու է միջակութիւններ չաճեցնելու։ 

Քիչ բան ունի աւելցնելիք։ Կը կարդամ՝ մատիտը ձեռքս, ինչպէս արշաւախոյզ մը՝ երկաթ գաւազանը ձեռքը։ Ամէն անգամ գրքի մը առաջին էջը բանալուս, տեսակ մը խորհրդաւոր լաւատեսութեամբ համակուած կը զգամ ինքզինքս։ Չեմ գիտեր ինչո՞ւ՝ կրկնուած յուսախաբութեանցս հակառակ, այս լաւատեսութիւնը ամէն անգամ ալ չէ պակսած ինծի։ Յաճախ, առաջին 10–20 էջերէն յետոյ, գիրքը կ՚իյնայ ձեռքէս անվերադարձ։ Կը պատահի, որ կաղնիկաղ հետեւիմ անոր՝ նեղուած, դժգոհ, բայց զիջող։ 

Կը գրեմ միայն այն գիրքերուն վրայ, որոնց գտած եմ վերջին էջը, այսինքն՝ կրցած եմ հասնիլ վախճանին։ Ընդհանուր արս պատրաստութենէն յետոյ, իւրաքանչիւր սեռի մասնայատուկ միջոցներով՝ ինծի տրուածը կը մօտեցնեմ մտքի իմ շեմիս եւ հաստատածս կ՚ըսեմ առանց նկատումի։ Այս ձեւով՝ դատելու գործը ենթակայական քմայքի մը վերածուած չ՚ըլլար, ինչպէս պիտի ըսէին առարկայական դատումի ասպետները։ Ըսի կարծեմ, թէ չկայ դատումի գիտութիւն մը, ինչպէս գրեթէ չկայ հոգիի գիտութիւն մը։ Գործի մը տեսակարար կշիռը այն յաւելումին մէջն է, զոր անիկա կը բերէ հասարակաց զգայնութեան շեմին։ Թո՛ղ չգրուին այն գործերը, որոնք նոր բան մը չեն բերել մեր արդեն ունեցածին։

Իսկ եթէ դատողին մտքի շեմը ցած է…։ Այն ատեն կ՚ունենանք երկրորդական կրթութիւն տեսած կամ անոր քսուած, իր լեզուն ուղիղ գրող բիւրաւորներու մէջէն այն միակերպ տիպարը, որ նոյնն է ամէն ժողովուրդի մէջ։ Ամէն bachelier առնուազն քննադատ է՝ այդ սանդուխէն դիտուած։ Ու ամէն մարդ կրնայ քննադատ ըլլալ, երբ շեմը այդքան ցած բռնուի։ 

Արդարեւ, մեր գրականութեան անբնական կողմերէն մէկն ալ քննադատ որակուած մարդերու առատութիւնն է։ Կարելի է դիտած էք, վերջին տասնամեակին մեզի եկած գիրքերուն կէսէն աւելին քննադատական հրատարակութիւններ են։ Իրողութիւն է, որ մենք չունինք քննադատութիւն, բայց այդ գիրքե՞րը։ Անոնց մեծ մասը ծնունդ է շատ փառասիրութեան եւ ստեղծելէ յուսահատ «տաղանդ»ներու ձանձրոյթին։ Ո՛չ մէկ անուն, որ ընդգրկէ իր մէջ եւրոպական  յղացքով դատողի պատկեր մը։ Ասիկա թերեւս անոր համար, վասնզի մեր գրականութիւնը զառածումն է հրապարակագրութեան։ Ու հրապարակագրութիւնը մեր ամէն բանն է։ Այս տեսակ ժողովուրդի մը մէջ, դատողի տիպարը հանրային մունետիկի տիպարին մէկ փոփոխակն է միայն։ Նորերուն մէջ՝ դատումէն աւելի պարսաւի երակը զարգացած կը տեսնուի ։ Չհաւնելու իրենց պատճառները չէ, որ կ՚անգիտանամ, բայց կեդրոնացում ու խորացում պահանջող այս աշխատանքը պարսաւով չի լուծուիը։ 

ԳՐԱԿԱՆ ՎԷՃԵՐ 

Այդ վէճերը, որքան ալ փցուն, գրական միակ կենդանութիւնն են մեր հրապարակին, բայց մեզի իրաւունք չեն տար բաւարարուիլ իրենց պարտադիր միջակութեամբը։ Դժբախտութիւն է, որ մեր նոր գրականութիւնը ամբողջութեամբ ենթարկուած ըլլայ օրաթերթին։ Դժբախտութիւն է դարձեալ, որ գիրքը հալածուելու չափ թշնամութիւն գտնէ իր դէմ։ Ու անհեթեթութիւն է, որ ափ մը այս ժողովուրդը հարիւրէ աւելի թերթ ապրեցնէ եւ տարին տասը գիրք չկարենայ մարսել։ Այնպէս որ՝ գրական խօսակցութիւն մը ինքնաբերաբար պիտի կեդրոնանայ պարբերաթերթի եւ օրաթերթի մէջ մշակուած գրական գործունէութեան վրայ։ Ու յստակ ըլլալու համար, նախ բաժնենք հարցը. ա) օրաթերթերը, բ) հանդէսները։

Քսան մը տարիներ առաջ, մեր օրաթերթերը իրենց իբր ենթատիտղոս՝ ազգայինէն յետոյ հպարտութեամբ ու փառքով կը դնէին գրականը։ Ու ասիկա առանց բացառութեան։ Այսօր կան թերթեր, որոնք վտարած են երկրորդ տիտղոսը. մնացածները նետած են զայն աւելի ետ։ Թերթին տրամադրելի սիւնակները բաց են հիմա աշխարհի բոլոր տնտեսագէտներուն, պատմաբաններուն, քաղաքագէտներուն, բժիշկներուն, իրաւաբաններուն, վարժապետներուն առջեւ։ Հասկնալի է հետեւաբար, որ գրագէտը խեղդուի այս խառնիճաղանճին մէջ։ Քանի մը թերթեր, այդ ողողումէն ազատուելու համար, յատուկ օրեր թերթը կը յատկացնեն գրականութեան, բայց վախկոտ այս զիջումը անկարող է հակազդելու թերթին տարասփռած ընդհանուր բարեխառնութեան։

Ատենին՝ թերթի մը բաժանորդը հաճոյքով կը փնտռէր իր սիրած գրողներուն ստորագրութիւնը։ Այսօր՝ գրագէտին անունը քիթ-պոչի կ՚ենթարկուի ու զայն չկարդալը քաղաքական հասունութեան, լրջութեան, լեցուն բաներու հետամուտ ուղեղի փաստ կը  ծառայեցուի։ Այնպէս որ՝ մեր վաւերական գրագէտները այլեւս չեն կանչուիր թերթին բերելու իրենց բաժինը։ Կէս դարու փորձէն ետք, մենք լքած ենք օրաթերթը ո՛չ թէ խղճահարութեամբ, այլ՝ ընթերցողի պակասէն։ 

ԲԱՅՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅ 

Ուրախ պիտի ըլլայի նման հաստատումի մը առջեւ, ես՝ որ թերթ չեմ կարդար։ Եթէ ձեր հաւաստումը կը կռթնի իրողութեանց վրայ, այն ատեն հարկ է, որ մեր խմբագիրները ընդ առաջ երթան այդ պահանջին։ Եւրոպական ժողովուրդները՝ օրաթերթի ձեւով ու ծաւալով, բայց շաբաթական հրատարակութիւններու մէջ, շատ սուր, արդիական մտածումով, նոյնիսկ իրացումով հարուստ, թեթեւ, ըսել կ՚ուզեմ՝ դիւրահաղորդ, բայց երբե՜ք ծանծաղ` գրականութեան մը պատկերը կ՚ընծայեն, ուր իմացական կեանքը շահագրգռող ամէն արտայայտութիւն իր անդրադարձը կ՚ունենայ։ Մտաւորական բարեխառնութիւն մը ստեղծուած է այդպէսով եւ գրական նորութիւնները լուրի պէս կը հաղորդուին սփիւռէ սփիւռ։

Մեր մէջ՝ օրաթերթը, իր շաբաթական բացառիկներու, գրեթէ անմասն է այդ ընթացիկ շարժումէն։ « Յուսաբեր »ը առաջին գծի վրայ կու գայ այդ ուղղութեամբ. եւ ահաւասիկ ուրիշ անուն մը չի ներկայանար մտքիս, եթէ նկատի չունենանք Փարիզի « Յառաջ »ը։ Ինչ որ կը գրուի այդ թերթերուն մէջ իբրեւ գրականութիւն, կը հաստատէ գրգիռը հոսանքն ի վեր նաւելու ազնիւ ջանքի մը։ Իսկ թէ զանոնք կարդացողները որքան տարբեր են օրաթերթի մեծ հասարակութենէն որ լուրերն ու յօդուածները կը լափէ երջանիկ ախորժակով մը չեմ կրնար ճշդել։ 

Դուք կը խօսիք երիտասարդ խումբի մը վրայ, որ ոչ միայն կը կարդայ, այլեւ կը փնտռէ ու կը սիրէ գրականութիւնը. սրտանց կը փափաքիմ, որ իրաւ ըլլայ ատիկա։ Ու հոսանքը, որ օրաթերթի էջերէն պիտի տարածուէր դէպի սիրտը մեր նոր սերունդին, դարձեալ պիտի արժէր աւելի, քան լրագրին միւս բաժիններով մատռուակուած գիտութեան ու իմաստութեան ներկուած ջուրերը։