Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ 

Բանաստեղծը. Դիտեցիք անշուշտ այն տեսակ մը դժուարութիւնը, որուն կ՚ենթարկուի մտածումը ամէն անգամ, որ անաւարտ գործի մը, ինչպէս դեռ ինքզինքը լիովին չայտնաբերած դէմքի մը  շուրջը կը կանչուի վճռական բաներ ըսելու։ Այս վարանքը ամէնէն շատ կը զգամ Նշան Պէշիկթաշլեանի գործին հանդէպ։ 

Տարօրինակ է իր գրականութիւնը, ինչպէս զինքը դրելու մղող պարագաներն ալ տարօրինակ եղած են։ Տեսակ մը անիրական տղայ է ինքը՝ հին օրերէն մեզի ժառանգ եկած բանաստեղծի մտապատկերին գլխաւոր տարրերով։ Պոհե՞մ. գուցէ միակ արժանաւորն է մեր մէջ այդ վերադիրին։ 

Քերթուած, ֆանթէզի, վէպ, վիպակ, երգիծանք, զանազան տոմսեր, այսքան բազմատեսակ արտադրութեան մը մէջ հեղինակին դէմքը հարկադրաբար կ՚աղօտի։ Աւելցուցէ՛ք տարիքը, կեանքին գողգոթան, սրտի եւ հացի հարց, մարմինի խուլ աւաչներ, որոնք հեռուներէն կու գան եւ հեռուներուն կը լարեն գրողին ընդունակութիւնները, շեղեցնելով զանոնք արդիին, այսինքն՝ ձեռքի գործին պարագրկումէն։ Մշտահեւ բան մը կայ իր տողերուն մէջ. ախտագին այրում մը, որ եթէ տողերուն կը հագցնէ երբեմն կիզանուտ գեղեցկութիւն մը, միւս կողմէ է՝ ամբողջը կը թողու անաւարտ եւ տհաս։ Հեռարձակ է իր զգայնութիւնը, անհակակշիռ՝ անոր արտայայտութիւնը։ Իր տողը կը թրթռայ, բայց իր քերթուածը կը պառկի, ըսել կ՚ուզեմ՝ չի քալեր։

Եղիային քերթողականն է, թերութեանց եւ յաջողութեանց ամբողջ կշիռովը, որ կը փորձուի իրմով, նոյն փայլակնատիպ մտածումը, որ ինքզինքը կը ջանայ խտացնել մէկ երեսով բառի մը մէջ. նոյն ծփուն, անկայուն հետաքրքրութիւնները դէպի հումը, դէպի՝ մշուշը, դէպի մահուամբ գէջ մթութիւնները։ Միշտ վախի մէջ ես իրեն հետ, այնքան հռետորութեան, բառական հրթիռին եւ ուռուցիկութեան հովերը կրակի շունչի մը պէս կը զգաս ընթերցումիդ պահուն։ Ասոնք քերթուածը կ՚ընեն տարօրինակ աշտարակ մը, որ բռնկած է, բայց չ՚այրիր։ Որ կը տատանի, բայց չ՚իյնար։ Անշուշտ տեսակ մը վայելք կայ այս քակուածութեան ալ ծոցը, բայց վտանգի գնով։ Յաճախ ինծի տրուած է աւարտել իր քերթուածները, առանց որ դժգոհանք մը ճշգրտուի իմ մէջս։ Ներշնչումի, լայնքի, զգայնութեան, տեսակ մը զաղփաղփուն արուեստի խառնուրդը եղող իր քերթուածներուն մէջ որքա՞ն հաճոյք պիտի ըլլար հաստատ, մնայուն, անկորուստ կտորներու ողջունում մը իմ կողմէ։ Խնամք, ինքնադարձ, կեդրոնացում ու, մա՛նաւանդ՝ metier, ահա՛ քանի մը փափաքներ իր քերթողութեան մասին։

Վիպողը: Ուրիշ է տրամադրութիւնս հանդէպ իր վէպին։  Առաջին առաւելութիւնը, որ կու գայ բանաստեղծի իր խառնուածքէն՝ վիպային իր կառուցումներուն մէջ, թեթեւութիւնն է. սանկ հով մը, որ մարդերը, ինչպէս զանոնք լարող գործողութիւնը, կ՚ազատէ իրականութեան խիստ հակակշռէն ու կը նետէ երազին ու քմայքին արձակութեանց դաշտերուն։ Նոյնիսկ նիւթերուն ընտրութիւնը փաստ մըն է ասոր. « Սիդոննա »ն, « Ռապպի »ն անուններ ըլլալէ աւելի՝ իրականութենէն փախուստի գեղեցիկ դիմակներ են։ Բայց անցեալին ապաստանելու այս աճապարանքը եթէ ներկայէն նուաճուիլ մը, անոր առջեւ տկարանալ մը չէ (բան մը՝ որուն հակառակին կը միտիմ), կը նշանակէ շատ զօրաւոր ցանկութիւն մը հին քաղաքակրթութեանց վերբերումին։

Պատմական վէպին չէ, որ կ՚ակնարկեմ. ինչ որ Պէշիկթաշլեան կը փորձէ՝ գոյնի, պատկերի, խաղի, յուզումի, հոգեկան մոզայիք ներու տեսակ մը քմայախաղ է, որ պիտի անցնի իր առջեւէն՝ աւելի կամ պակաս ուժգին գործողութեան մը թափէն կրկնուած։ Որուն մէջ մարդեր պիտի շալկեն ուռկանները պատկերներու այդ որսորդին։ Ինչ որ կ՚ուզեմ իրմէ հմտութեան պատրուակին տակ՝ խակութեան, անդաշնութեան, երազին եւ պատմական անջրպետին զիրար հերքելու յաճախադէպ սխալանքէն զգուշանալն է, վասնզի քմայքը մեզի կ՚արտօնէ խաղալ, բայց մեզի կ՚արգիլէ խեղաթիւրել։

« Ռապպի »-ն եւ « Սիդոննա »ն ճիշդ է, թէ պայմանաւոր չեն ժամանակով եւ միջոցով, բայց բաւականին ալ ամուր չեն, որպէսզի իրենք իրենց ծանրութեամբը տիրակալեն մեզ, այսինքն՝ մեզմով պայմանաւոր ժամանակն ու միջոցը։ Չենք հարցներ հերոսներուն հարազատութիւնը։ Կրնանք լքել տեղական գոյնը, բայց զայն ստեղծելու համար վատնուած ճիգը կշիռքի կ՚ենթարկենք։ Չենք ծանրանար տիպարներուն պարզեցմանը վրայ, բանաստեղծական ձեւագործման ենթարկուելուն վրայ, անցեալին խորը անգայտացմանը վրայ, բայց կը պահանջենք, որ մշուշներու դուռները բացողը զանոնք սանձելու, զանոնք խտացնելու ու պէտք եղած պարագային՝ պատկերները, տեսիլը, տեսարանը, մարդերը իրենց սեփական գծագրութեանը մէջ սառեցնելու հակադիր կարողութեան ալ փաստը բերէ։ 

Պէշիկթաշլեան առաւելապէս բառերու կը վստահի մշուշները ղեկավարելու այս դժուարին պարտականութիւնը։ Յետոյ՝ անկարելի է, առանց պատմական խոր intuitionի անցեալին հետ իյնալ–ելլել։ Ըսի, թէ անիկա դուրս է պատմական վէպի պարունակէն, բայց դժուար է, որ մարդ ինքզինքը ազատէ քաղաքակրթութեան ճնշումէն, երբ խորասոյզ է անոնց մէջ։ Պիտի փափաքէի, որ այդ թեթեւութեամբ, բանաստեղծական այդ բաբախումով անիկա իր նայուածքը տարածէր իր իսկ շրջապատին վրայ եւ արդի մարդերը արդի յուզումներու հանդէսէ մը առաջնորդէր նոյն իր երազայնացման։ Չի բաւեր ոճը, սահուն ֆրազը, նոյնիսկ յաջողակ պատկերն ու փոխաբերութեանց փունջը՝ այս արդիւնքին համար։ Յետոյ, պատճառներ գտնել եւ այդ պատճառները պարտադրել գիտնալ իրականութենէ այս փախուստին։ Պիտի չըսէի ասոնք, եթէ երկու վէպերուն մէջ տեղ-տեղ չհաստատէի ճիգը հոգեբանութիւն եւ տեղական գոյն ընելու։ 

Արդ, եթէ ատիկա կայ գրքին մէկ կէտին ու չկայ միւս մասերուն մէջ, ուր անոնց պահանջը զօրեղապէս կը զգացուի, գործ կ՚ունենանք Պէշիկթաշլեանի հիմնական թերութեան, այսինքն՝ ճիգէ, կեդրոնացումէ դիւրաւ յոգնող իր բանաստեղծի խառնուածքին հետ։ Փորձեր են այդ վէպերը եւ չեմ կարծել, որ կրկնուին, գէթ իրենց արդի յարդարանքովը։ Անցեալին մէջ կոխելու համար, իր ոտքերը կարճ կու գան, գոնէ հիմա։ 

Երգիծողը. Նոյն հիմնական դիտողութիւնները նաեւ երգիծողին համար։ Շնորհ, ընդունակութիւն, երգիծանքի շեշտ զգայարանք, չեմ կրնար ուրանալ ասոնք։ Բայց չեն բաւեր անոնք, որպէսզի արդիւնքը հարկադրէ ինքզինք։ Հեգնող ամէն գրագէտի մէջ առաջին գիծի կու գայ արհեստը, ուրիշ խօսքով՝ կառուցող յատկութիւնը։ Եւ զինքը վիրաւորողը այս մարզին վրայ դարձեալ իր առաքինութիւններն են։

Անշուշտ, բանաստեղծութիւնն ու ներշնչումը միշտ հոմանիշ չեն մռայլութեան, արցունքին։ Բայց երգիծանքը մտաւորական նրբութեան, շատ շփումի, շատ ապրումի տուրքերովն է, որ կը տարբերի խոշոր ու թանձր հեգնութենէն։ Պարոնեան ոճի մը պէտք չունեցաւ ինքզինքը տալու համար, բայց Օտեանին ֆրազը անթերի հայերէն մըն էր, արեւմտեան կնիքով։ « Փարաւոն–Սէմ–Անտոն »ը, իր մէկ երրորդին վերածուելու պարագային, պիտի թողուր աւելի ուժգին տպաւորութիւն։ 

Ձգձգումը չէ, որ կը մեղադրեմ. հեգնող եւ հաստատող տարրերու շփոթութիւնն է, որուն կ՚ուզեմ ակնարկել։ Երգիծանքը դիտողութեան գործ չի կրնար ըլլալ. ըսել կ՚ուզեմ՝ չի կրնար գիծ-գիծ, դրուագ-դրուագ ինքզինքը յօրինել ամէն մէկ պարբերութեան, չըսելու համար՝ ամէն մէկ տողի մէջ։ Ծաղրանկարը, այսինքն՝ ծաղրանկարի վերածող նայուածքը պէտք է միջամտէ, այդ դրական հաւաքումները փոխելու համար իրենց մտադրուած երանգին։ « Ընկեր Շահազար »ը գրեթէ բարքի վէպ մըն է, քան ծաղրանկարի։ 

Այս ամէնուն եզրակացութիւնը այն է, որ համբերատար ու աղճամիտ աշխատանք մը, ձեռագիրը քանի մը անդամ «գործասեղան»ին վրայ դնելու անհրաժեշտ պարտք մը ու յետոյ պարագրկումի ընդարձակութիւն մը ջերմագոյն փափաքներ են իմ կողմէ այս երիտասարդին համար։ Կէս բան մը կայ իր վրայ, որ կը տարուբերէ զինք գուցէ իր կեանքին ալ մէջ։ Գուցէ ճնշումին տակն է իր սերունդին, գլուխէն ու մէջքէն հաւասարապէս զարնուած, ոտքի ելլելու ճիգովը սրտառուչ, երազ մը ու ցամաք հաց մը նոյն հեշտութեամբ ծամելով։