Մայրիներու շուքին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇԱՒԱՐՇ ՆԱՐԴՈՒՆԻ

Տասը տարի է՝ կը գրէ Շաւարշ Նարդունին ու իր դէմքը չունի դեռ մեր գրականութեան մէջ։ Ասիկա տեսակ մը զարմանք կու տայ ինծի, տրուած ըլլալով, որ փորձի շրջանը արդէն իսկ լրացած է եւ դեռ Նարդունին պիտակելու համար տարազներ կը պակսին ինծի։ Սկսած է շողարձակ պատկերներով, լեցնելով իր տողերը գոյնի եւ հնչումի նուրբ ագուցումէ ծնունդ առնող խռովքով մը։ Թափառեցաւ հեքիաթին իմաստութեան փաւիոններուն մէջ, զանակներ առաւ հին ու նոր աշխարհներէ եւ իր ցեղը գրեթէ անայց եղաւ իրեն: Կը փնտռեմ պատճառը այս զանցառումն ու չեմ գտներ։ 

Յետոյ փոխեց իր հետաքրքրութեանց գետինը. զինքը տեսայ գիտնալու, դատելու մեծ մտահոգութեանց մէջ խորասոյզ։ Ընդարձակ էր իր հասկացողութեան պարունակը, եւ հմտութիւնը՝ հրապարակէն գերակշիռ (նկատի ունիմ հոս « Մենք »ի խմբակը)։ Արուեստի իր զգայարանքը սուր էր ու թափանցող։ Գիտէ՞ք, թէ moderne քննադատի մը գլխաւոր տուրքերն են, որ մատնանշած եղայ այս կարճ տարազով։ Եւ սակայն ինչպէս իր ստեղծագործ էջերուն մէջ լիութիւն մը, միութիւն մը, դէմքի ընդհանուր շնորհք մը դեռ չողջունեցինք, նոյնպէս, իր քննադատութիւններուն մէջ դեռ չէ տրուած ինծի հաճոյքը՝ հաստատելու վաւերական, պարտադրող պատկեր մը։ Նորերուն այս օժտուածին, այս ոստոստուն, այս ծփուն, չըսելու համար անկայուն տաղանդը ե՞րբ պիտի խարսխէ ինքզինքը ըմբերանող գործի մը պատկառանքովը։ Հարցումս եւ  պատասխանը չ՚արժեր գուցէ, բայց չի հերքեր անոր ընդունակութեանց բազմազանութիւնը (այս զրոյցը գրի առնուած ատեն հրապարակուած չէր դեռ Նարդունիի վերջին գործը « Մեղեդինե՛ր, մեղեդինե՜ր », Բ. Թ.  

ՆԱՐԴՈՒՆԻԻ ԸՆԴՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆՑ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ 

Դժուար վիճակի մը առջեւ կը դնէք զիս, հարցնելով, թէ ո՞ւր կ՚ուզէի, որ ուղղուած ըլլային Նարդունիի ընդունակութիւնները։ Ոչ ոքի փափաքը կրնայ ազդեցութիւն մը ունենալ ուրիշի մը վրայ։ Իմ խորագոյն ցանկութիւնս է, որ մեր տղաքը հեռանան քննադատութենէն։ Բայց չեմ գիտեր ինչո՞ւ, կ՚ուզեմ Նարդունին տեսնել դատելու մարզին վրայ, քանի մը տարուան ինքնասոյլ մարզանքէ յետոյ։ Իրմէն դուրս պիտի գայ դէպի խորութիւն հակած դատող մը, որուն այնքան պէտք ունինք եւ որ չըլլայ հրապարակի դիւրին հայհոյիչը կամ պատերու վրայ ազդարարութիւն փակցնող charlatanը

Ասկէ զատ՝ կը խորհիմ նաեւ գործի մը, որ ըլլայ վէպ, ինչպէս քերթուած, մտածում, ինչպէս դատում, անցեալին ստուերովը, զոր բաւական կը ճանչնայ, ներկային սեւովը, ուր ընկղմած է արդէն իր զգայնութիւնը, գործ մը, որ ես մը ըլլայ, բայց նոյն ատեն տեսակ մը համապատկեր, զոր ոտքի չկեցնեն գրագէտի յատկութիւններ՝ յօրինում եւ հռետորութիւն, ազատ, տեղ–տեղ լայն, տեղ-տեղ խոր, կրելով կնիքը վերլուծումին, անսանձութեան։ Յստակ չէ ձեւը մտքիս, մէջ, օրագի՞ր, պատմո՞ւմ, վիպո՞ւմ, ոգեկոչո՞ւմ, կամ թերեւս այս ամէնը իրարու խառնուած։ Աւելի պարզ՝ Նարդունի չի կրնար պատմել, ինչպէս կ՚ընէ Հրաչ Զարդարեանը. չի կրնար լայննալ եւ ճապաղիլ, կորսնցնելով չափը, կեանքին շփումը, ինչպէս է Շուշանեանը։ Չի կրնար տիրապետել մարդը, կապել զայն գետինի մը, մա՛նաւանդ անցեալ մը դիզել անոր ուսերուն, ինչպէս կ՚ընէ Համաստեղը։ Չի կրնար մխուիլ գիրքի մը բաւիղին մէջ, իջնելու համար դէպի ալքերը, որոնք լիճի պայծառ յատակ կամ զեռուն կոյաջուր են երբեմն, երկու պարագային ալ բաբախուն, անձկագին, հեւասպառ ու դժբախտ՝ իր երազէն ու զգայնութենէն, ինչպէս է իրողութիւնը Շահան Շահնուրի մօտ։ 

ԳԻՐՔԵՐԸ ԵՒ ՆԱՐԴՈՒՆԻՆ 

Գրադարանը իր ստացածները նախասահմանօրէն կ՚ընտրէ։ Գրադարանը իր բարեխառնութիւնը կրնայ տարածել ամրափակ, վանաձեւ հաստատութիւններէն ներս։ Դրէ՛ք Նարդունին Վիեննա՝ Մխիթարեաններու նկուղներուն մէջ, առանց որ անիկա բացուած ըլլայ արեւին, այսինքն հասած՝ արուեստին, անիկա կորսուած մը պիտի ըլլար։ 

Բայց նուազ գրադարանի մուկ չէր Միշըլէն, որուն համար առնէտն անգամ անբաւարար պիտի գար, այնքան փոշի է խառնուած։ Եւ սակայն իր գործը ամէնէն կենսառատն է 19րդ դարուն։ Նոյն Սէնթ-Պէօվին, Ռընանին, Հուռմոնին համար։ Մեր մէջ իրաւ է, թէ զոհ մը եղաւ Դուրեան սրբազանը, բայց սքեմը դեր ունի այդ սպանումին մէջ։ 

Երբ ընթերցումը մտքի պայման մը չէ, երբ չենք կարդար միայն կարդացած ըլլալու համար, երբ գիտութիւնը կ՚ամբարենք պատուելի չըլլալու դիտումով, կրնանք անվնաս դիմաւորել կեանքը։ Կարճ ըլլալու համար, եւ ըսեմ հարցը խառնուածքի հարց է, ջղային դրութեան հարց է։ Ընթերցումը փոշի մըն է միշտ, բայց կը յարգէ, ինչպէս ամէն փոշի, իր թառին աշխոյժը։