Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ», «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԵՒ «ՄԵՆՔ» ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐԸ 

Մեր աշխատակից Բենիամին Թաշեանի հետ «գրական զրոյց»ներու ընթացքին՝ Օշական անդրադարձած է նաեւ հայ պարբերական մամուլի կոչումին, իրագործումներուն, թերութիւններուն եւ թերացումներուն։

Իրմէ հրատարակելի այն քանի մը էջերուն մէջ, որոնք կ՚երեւին ստորեւ՝ կը յիշատակուին «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ը (ամսագիր), Հրանտ Բալուեանի «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ»ը եւ փարիզահայ գրողներու նախաձեռնութեամբ հրատարակուած «ՄԵՆՔ»ը։ 

Եթէ արժեւորումի այս փորձը Օշականէն եկած չըլլար, հաւանօրէն ապառիթ ու աւելորդ նկատէինք «զրոյց»էն աւելի քան երեսունըհինգ տարի ետք անոր հրատարակութիւնը՝ այստեղ

Տարբե՜ր է տեսնել այդ հաստատումներուն ու ծաւալումներուն մէջ մեծ քննադատին շեշտուած անձնականութիւնը, ու հիմնովին տարբեր՝ իր ընդհանրացումները, որոնք մնայուն իմաստ ու արժէք կը ներկայացնեն

1935ին կամ 1936ին՝ Օշական ցաւ ունեցած է «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ի խմբագրին հանդէպ, որ դիտել տուած էր իրեն, թէ  գրական եւ վերլուծական իր էջերը «դժուարիմաց» էին ամսագրի ընթերցողներուն համար։ 

Օշական կ՚ակնարկէ այս դէպքին, ստորեւ հրատարակուած իր էջերու առաջին իսկ տողերուն մէջ, երբ կը շեշտէ, թէ « հանդէսի մը վարիչները՝ անոր տէրերն են, ո՛չ թէ ծառաները։ Այսօրուան «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ի բաժանորդները բաւական զօրաւոր փաստ չեն, որպէսզի անոնց հանրաքուէովը, անոնց խեցեվճիռովը գրագէտի մը գործը վտարուի գրականութեան սպասարկող շրջանակէ մը »։ 

Եւ կ՚աւելցնէ՝ այս պարբերութենէն անմիջապէս ետք, իրեն վայել անկեղծութեամբ ու քաջութեամբ. «ԱՅՍ՝ ԻՄ ՀԱՇՈՒՈՅՍ»։ 

Ընթերցողը պիտի հաստատէ վստահօրէն, որ երեսունէ աւելի տարիներու անցեալէ մը հնչող ու…, այսօր միայն հանրային սեփականութիւն դարձուող այս ձայնը «ժամանակավրէպ» մըն է ըստ ժամանակի ։ Սակայն պատմութեան  առջեւ աւելի քան այժմէական կը մնայ ու, մա՛նաւանդ՝ վաւերագրական։ 

Անարդա՜ր, անձնապաւէ՜ն, ծայրայեղակա՜ն, ուրացամի՜տ, ասոնք բառեր են, որոնք կու գան շրթունքի վրայ, երբ Օշականի մտրակը կը շաչէ։ Սակայն, եթէ նոյնիսկ ճշմարտութեան բաժին մը ունենան այս ու նման որակումներ՝ կ՚արժէ ականջ տալ իր ձայնին եւ փորձը ընել ըմբռնելու, թէ  ի՛նչ կ՚ըսէ, ինչո՛ւ կ՚ըսէ եւ ինչ տագնապ կ՚ապրի ներքնովին, երբ կը միտի դաժան դառնալու։ 

Երանի ապրէ՜ր, ու ամէն օր գէթ զայրոյթի փոթորիկով մը շարժէր իմացական լճացող մեր կեանքը…

«Հայրենիք»

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» ԱՄՍԱԳԻՐ 

Հանդէսը օրաթերթ չէ. ունի իր կոչումը եւ իր պարտքերը։ Ուրիշներու մօտ՝ շրջանակի լայնութիւնը յաջողութեամբ կը միջամտէ, որպէսզի բաժանորդներու ճաշակը իր լրիւ գոհացումը գտնէ՝ զայն սնուցանելու կանչուած էջերէն։ Մեր մէջ հանդէսը շտեմարան մըն է։ Պատերազմէն առաջ մեր հանդէսները աւելի հարազատ դիմագիծ ունէին։ Այսօր այլապէս հետաքրքրական է պատկերը։ Ի վերջոյ, մեր հանդէսներն են, որ սպառեցին, չըսելու համար՝ սպաննեցին մեր գրականութիւնը վերջին քսանամեակին։

« Հայրենիք » ամսագիրը անսովոր ձեռնարկ է անպայման, բայց իր արդիւնքին մէջ մերձեցուելիք չէ « Փորձ »ին, « Մուրճ »ին, նոյնիսկ այնքան աննպաստ պայմաններու մէջ լոյս ընծայուած « Գործ »ին։ Այս վրիպանքն է, որ դառնութիւն է ինծի համար։ Կէս դար առաջ, մեր հանդէսները ժամադրավայրն էին մեր կարելի արժէքներուն։ Ըմբռնումի տարբերութիւններ կը կիսէին ճակատները, բայց իւրաքանչիւր խմբաւորում իր լաւագոյնը ի սպաս կը դնէր իր պայքարին։ Ու՝ հիմնական դիտողութիւն մը, հանդէսի մը վարիչները անոր տէրերն են, ո՛չ թէ ծառաները։ Այսօրուան « Հայրենիք »ին բաժանորդները բաւական զօրաւոր փաստ չեն, որպէսզի անոնց հանրաքուէովը, անոնց խեցեվճիռովը գրագէտի մը գործը վտարուի գրականութեան սպասարկող շրջանակէ մը։ Այս՝ իմ հաշուոյս։

Գալով զայն լեցնող բաժիններուն մէջ իրացուած արժէքներուն, շատերը կը վրիպին իմ ձեռնհասութենէս, որպէսզի վճիռ ունենամ անոնց մասին։ Կը համակրիմ արշիւ ներու տպագրութեան. յուշքերուն եւ յիշատակներուն, որքան ալ անոնք գրուած ըլլան ձախորդ ոճով մը։ Կը համակրիմ մեր անցեալէն պարկեշտ վերարտադրման ամէն փորձի, ուր հմտութիւն, քիչ մը լայն, խուզարկու, դպրոցական բարեխառնութենէ ազատ պրպտում բաւարարութիւն կու տան գիտնալու մեր պահանջին։ Անշուշտ շատ աւելի լաւ կ՚ըլլայ, եթէ ստեղծագործող շունչ մը գունաւորէր այդ ամէնը եւ կեանքն ալ պատմումի ընթացքին մարմնանար մեր առջեւ: Բայց ատիկա խստագոյն պահանջ մըն է « Հայրենիք »ի նման ոչ–մասնագիտական ձեռնարկէ մը։

Կը համակրիմ մասնաւորաբար շրջաններու մասին եւ զանոնք լեցնող մեծ անհատականութեանց վրայ քիչ մը վիպաձեւ ( ռոմանսէ ) յօրինումներուն, ուր առնուազն ոգեկոչում, չափով մը բարք, շրջանին իմացական ու բարոյական հոսանքներուն ցուցակագրում կը դարմանեն պակասը զօրաւոր ստեղծումին։ Կը համակրիմ՝ դարձեալ մեր քաղաքական եւ իմացական պատմութեան մէջ իրենց անունը արձանագրել կրցող մեծ ու փոքր անհատականութեանց շուրջ պրպտումի ամէն ճիգի, մենագրութիւններու, վաւերագրերու, մեր մօտաւոր պատմութեան նախանիւթ ծառայող ամէն փաստաթուղթի եւ զանոնք հաւաքողներու նոյնիսկ անբաւարար, նոյնիսկ անտաղանդ աշխատանքին։ « Հայրենիք »ի իւրաքանչիւր թիւին մէջ այդ ծառայութիւնը գէշ կամ աղէկ կը տրուի մեր պատմութեան։ Արդեօք աւելի՞ն  ուզած կ՚ըլլամ, եթէ այս աշխատանքին համար պահանջեմ նախօրոք որոշադրուած յատակագիծ, քանի մը լայն ու տիրական գաղափարներ, բաւական ճկուն մեթոտ մը, որպէսզի մասնակի այս ճիգերը ողնասիւնուին հասարակաց ձգտումով մը եւ իրարու վրայ յաւելումներ դառնան, վճռական եւ շահուած յաւելումներ, ամէն մէկը սպառած ինքզինքը եւ նորին մէջ մտնելու համար վերածուած իր պարզագոյն տարազին։ Աւելի՞ն ուզած կ՚ըլլամ դարձեալ, եթէ բոլոր այդ ճիգերը լուսաւորող ընդարձակ պայծառութիւն մը տեսնել փափաքիմ, որպէսզի կազմուէր այս կերպով ո՛չ թէ ամրակուռ դպրոց մը, այլ՝ մեծ մտածումի մը սպասարկու ազատ միտքերու համակրելի հոյլ մը։ 

Անտարբեր եմ հանդէսին մէջ ընթացիկ հարցերու շուրջ ընթացիկ, լրագրական, անխնամ եւ ինքն իր գլխուն ձգուած, դժբախտաբար միշտ մեծ ծաւալ բռնող շատ մը քաղաքական, պատմա– փիլիսոփայական եւ ընկերային ուսումնասիրութեանց հանդէպ։ Ցաւ է ինծի հաստատել պակասը ցեղային բուն պահեստը ներկայացնող գործերուն։ Ցաւ է հաստատել, որ « Հայրենիք »ի մէջ սկսող գրողները տարիներու ընթացքին պահեն սկսնակի իրենց խակութիւնները եւ պարծենան իսկ ատոնց համար, շփոթելով աճումը եւ ինքնատպութիւնը, ինքն իրեն հետեւողական մնալու միամտութիւնը եւ կասումը։ Մնաց որ, գրական խողովակի շատ քիչ բան կ՚ազատի ընդհանուր այս մեղադրանքէն։ Անշուշտ, գնահատելի է խմբագրութեան լայնամտութիւնը, լայնսրտութիւնը, որով թերթին սիւնակները կը բացուին, մեծ ազատութեամբ, քիչ-շատ տաղանդի նշմարանք մը երեւան բերող ամէն սկսնակի։ Բայց վրիպանքը կը սկսի, երբ յաջորդական կրկնութիւններ տարուէ տարի տաղանդին քարացումը կը գուժեն ու երբ խմբագրութիւնը իր կողմէ ո՛չ մէկ ցուցմունք կ՚ընէ վտանգը մատնանշող։ Իսկ արդեն կազմուած, կամ գէթ իրենք զիրենք այդպէս նկատող մեր մեծատաղա՞նդ վիպասաններն ու պատմողները իրենց վրիպանքը վերածած են առաքինութեան եւ կը խնդան մեր վրայ։ 

Անուննե՞ր, եթէ կը հաճիք  

Մեր մէջ է, որ կը տեսնեմ՝ անուններով յղփանալու, վարպետ բաշխումով մը զանոնք իլլիւսթրէ ընելու ճարտարանքը։ Յատուկ անուններու այս անհաշիւ մսխումը տեսակ մը սարսափ ստեղծած է իմ մէջս, ճիշդ ինչպէս ատենին՝ բացագանչական մասնիկներու անհարկի կիրառումը մեր ռոմանթիք շրջանին մէջ։ Օտարները չյիշելու այս բռնադրումը անզգալաբար կը տարածուի նաեւ մերինները յիշելու թաքուն պարկեշտութեան մը վրայ։ Կարծեմ թէ անուններ ըսել ու մեղքեր մերկացնել նոյն բաները չեն։ Ես կը խնայեմ նանիր փառասիրութիւնը մարդերու, որոնք ամէն գնով յիշուած ըլլալ կը փափաքին, հոգ չէ թէ հարթումի գլանին տակ։ Յետոյ՝ մարդերը, այսինքն՝ անունները զգայնութիւններ են. մինչ քննադատը նկատի ունի զանոնք լարող մեքենականութիւնը, առաւելապէս ուղեղային մեքենականութիւնը։ Այսպէս, փոխանակ անուններու, անոնց գործին ընդհանուր նկարագիրն է, որ կը հրաւիրէ զիս իրենցմով զբաղելու։

Կ՚ուզեմ քանի մը անուններու շուրջ բաց խօսիլ, քանի որ կը ստիպէք զիս այդպէս ընելու։ 

ՌԷՆ

Անոնցմէ մէկը, որ « Հայրենիք »ի ամենահին բնակիչներէն է եւ Ռէն կը ստորագրէ, տարօրինակ փարատոքսը ցոյց կու տայ՝ քալելու տեղ ընկրկած ըլլալու։ Երբ կը պատմէր անիկա, ըսել կ՚ուզեմ՝ երբ պզտիկ պատմուածքներ էին իր շրջանակը եւ իր աշխարհը, պարտաւորուած էր իր տափակ տիալոկ ը խնայելու մեզի (քանի որ պատմուածքը չարտօներ նման ճապաղում մը) եւ փոխարէն՝ փոքր իր դիտողութիւնները շատցնելու: Դեռ չենք ըսած, թէ պատմելը հականիշն իսկ է վիպելուն։ Եւ եթէ անիկա դէպի վէպը կ՚առաջնորդէ, կ՚ընէ ատիկա միայն հոգեբանական անցքերու միջոցով։ Յետոյ վրայ հասան Ռէնի մեծածաւալ վէպերը։ Եւ հոգեբանութենէ զրկուած ամէն գրողի ճակատագիրը կրկնուեցաւ իրեն համար ալ։ Փոխանակ գործի մղելու՝ մարդերը խօսքի բռնել ամենաճղճիմ հարցերու շուրջ կամ աժան հռետորութեան մը քարոզին վրայ. լքել վիճակներու ընդլայնումը եւ զգայնութեանց, կիրքերու, յուզումի ստեղնաշարի մը վրայ անդնդային պարի մը մէջ խորասուզումը, արձակել լեզուին լիսեռն ը ու անընդհատ խօսիլ, ընկոյզի կճեպ մը չլեցնելու չափ խորքէ զուրկ գրականութեամբ, ահա՛ ինչ որ կը կազմէ Ռէնի առաքինութիւնը։

Ատենին՝ երբ կը տպուէր « Եըլտըզէ Սասուն »ը կամ « Բանտէ բանտ »ը, մարդիկ՝ թիւով շատ՝ հոգի կու տային այդ վէպերուն համար։ Նուազ ընդունելութիւն չեն գտած նաեւ լուսահոգի Քասիմին վէպերը։ Եւ սակայն մեր գրագէտները պատրանք չունէին անոնց արժէքին վրայ։ Ու ո՛չ Քասիմ, ո՛չ Սմբատ Բիւրատ մեր գրական  պատմութեան չանցան։ Անցնելիք ալ չունին։ Ի՞նչ անուն տալ հապա արդի ոգիին, որ ո՛չ միայն կը հանդուրժէ բիւրաւոր պարապ խօսքերը, այլեւ անոնց գնահատումին ատեն յաւակնութիւն կը դնէ մեծ արուեստի բանաձեւեր ալ գործածելու, անհանգիստ ընելով անուններ, մեծ ու սրբազան, որոնք իրենց փառքին բարձունքէն կը կանչուին. գաճաճներու քով ցոյցի դրուելու համար։ Այս մեղքն ու սրբապղծութիւնը մենք կընենք հասարակաց մեղսակցութեամբ։ 

Ա. ԱԲԵՂԵԱՆ ԵՒ Ա. ԽՈՆԴԿԱՐԵԱՆ 

Ես չեմ կրնար ըմբռնել, որ դատելու դժուար գործը դիւրութեամբ ստանձնեն մարդեր, որոնք մէկ օրէն միւսը ասպարէզին մէջ իրենք զիրենք լանսէ ընեն եւ իրենց իմաստութիւնը մեզի քշելու մեծ աճապարանք մը կը մատնեն։ Էջեր լեցնելու եւ բան մը չըսելու իսկապէս արեւելահայ ճապաղումը ներեցէք, որ չկարենամ դատում ու համադրում ընդունիլ։ Որքան անհեթեթ պիտի ըլլար վիճակագրութեան դիւանի մը արձանագրել, պաշտօնեան առնել իր թիւերու խորշադարաններէն եւ տանիլ նստեցնել, օրինակի մը համար, հանրային կրթութեան գերագոյն մէկ դիրքին. ուրիշ բան չէ, ինչ որ կատարուած է Ա. Աբեղեանին համար։ Թարգմանել ու հաւաքել, խօսիլ ու չըսել արժէքով բան մը, ահա ինչ որ գիտենք անոր մասին։ Պիտի պատմէ ուրիշներուն գիրքերը եւ պիտի անցնի իբրեւ քննադատ։ Ասիկա աճպարարութիւն մըն է, մեր մէջ միայն կարելի։ Գրական գործերու դատում, վաղը սպասելի է իրմէ, հիմա՝ որ միայն պատմական եւ վիճակագրական բաժիններու շուրջ կը դեգերի։ 

Նոյնքան անտեղի է Ա. Խոնդկարեան, իբրեւ գրախօս ու քննադատ։ Արեւելահայ մեթոտը՝ ամբողջութեամբ (ըսել կ՚ուզեմ՝ ուրիշներուն գիրքերը պատմել). անհասկացողութեան անխորտակելի կարծրութիւն մը, որուն առջեւ շնորհ կը գտնէ միայն ու միայն հեքիաթունակ պատմումը. յաճախ թերթօն ու անկէ ալ վար, պարզ զրոյցներ, հերիք է, որ կարդացուին, տուած կ՚ըլլամ, այս տողերուն մէջ աստիճանաչափը դատելու իր եղանակին։ Ոեւէ քննադատ իր դատած գործերէն աւելի մեծ պակաս պէտք է ունենայ։ Ո՛եւէ քննադատ պարտաւոր է առնուազն գրելու գործը, զոր կանչուած է դատելու: Այսպիսով՝ քննադատը կը հրաւիրուի դէպի մարզերը այն գաղափարներուն, որոնք արդի սերունդը լիացուցին։ 1880–1890ի արեւելահայ քննադատութիւնը մեզի բաւական ծանօթ է, որպէսզի լրջութեամբ զբաղինք իրմով։ Այդ դպրոցին յետսապահներէն է Խոնդկարեան։ 

ԹԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 

« Հայրենիք »ին ուղղուած մեծագոյն մեղադրանքը՝ պակասն է ոգիին, որ բաւական ընդարձակ ըլլար՝ իր մէջ հալեցնելու չափ մասերուն թերիները։ Անշուշտ, անկարելի է լիութիւն, կատարելութիւն, ուսումնասիրուած առարկային մէջ վերջնական սահմաններու մղում, զայն սպառելու չափ յարատեւ ու անխոնջ խորացում պահանջել մեր գրողներին, որոնք՝ նետուած աշխարհի այս ու այն անկիւնները՝ յաճախ պատառ մը հացի մղձաւանջին տակ, կը շարունակեն ծառայել մեր գրականութեան։ Այս փակագիծը այն քանի մը սակաւութիւններուն համար, որոնք գրելը եւ խղճմտութիւնը յաջողած են փրկել, որքան կարելի է ատիկա մարդերու ուժին ներած չափին։ Պէտք է սակայն վերջ տալ այն շատ մը թերխաշ, ծանծաղ, յաճախ գաղափարային տարրական խորքէ զուրկ բաժիններուն, ուր մեր ինքնակոչ ուսումնասիրողները, մա՛նաւանդ ընկերային–քաղաքական, քիչ անգամ գրական մարզէն, սիւնակներով կը փռուին ու չեն ձանձրանար։ Առէք եւրոպական ո՛րեւէ լուրջ հանդէս, պիտի հանդիպիք հոն ալ մերիններուն ծրագրէն էթիւտ ներու։ Բայց միակ էջի մը ընթերցումը պիտի բաւէ, որպէսզի գրաւուիք նիւթէն եւ չկարենաք բաժնուիլ անկէ։ Տարբերութի՞ւնը։ Մինչ օտարները էթիւտը գրելէ առաջ բազմակողմանի պատրաստութեամբ մը գիտական գա ղափարի մը պաշտպանումին կը նուիրեն, մերինները կը մեկնին ճղճիմ գաղափարէ մը, կը ծաւալին քովնտի, յաճախ աչքէ կորսնցուցած նիւթը, որուն համար ճամբայ ելած էին։ Գրեթէ հարիւրներով կը համրուին հիմա մեր նորագոյն անցեալին պատմումը ընել փորձող յօդուածները։ Անոնց ամէնուն ընթերցումէն չի ծագիր մեր մէջ պատկերը, որ մեր երկրինը եղաւ Պատերազմի եւ անոր յաջորդող տասնամեակի ընթացքին։ Հազար էջ յիշատակ, նոյնքան մըն ալ վերլուծում մեզի չեն տուած գոնէ շեմա ն այն վիճակին, որուն մէջ գտնուեցաւ մեր ժողովուրդը թշուառ շրջանի մը։ Հարցերը, որոնք պիտի մօտեցուէին դասակարգումի եւ յստակ լոյսի, խորագոյն մտահոգութիւններն են մեր ցեղին։ Ոչ ոք գիտէ, թէ ի՛նչ էր Հայաստանը նոյնիսկ մինչեւ շիջումը վաղանցուկ Հանրապետութեան։ Եւ սակայն պզտիկ շեղումով մը դնենք հարցերը, որոնց հանգոյցն է մեր քննութեան նիւթը. թուրքեր՝ աջէն ու ձախէն. վրացիներ՝ կողէն. ռուսեր՝ հեռուէն, բայց զօրաւոր։ Արեւելքը. ժողովուրդներ եւ անոնց մտայնութիւնները, ցեղային անդունդներ. կրօնքներ. դիւանագիտութիւն. արիւն. կոտորած. սով. հերոսութիւն. նահատակներ. ստորնութիւն. դաւ, կռիւ։ Եւայլն։ Մեր ժողովուրդը՝ այս  ամէնուն համակեդրոն ցանցին մէջ, ու այդ ժողովուրդէն ափ մը մարդեր. մօտիկ անցեալ մը՝ անլուր մղձաւանջով եւ բնաջնջման ուրուականը՝ հասած դուռներու սեմին. ահա՛ Հայաստանը։ Չէ՞ք կարծեր, որ երբ գլխաւոր այս գաղափարները տարուին իրենց հեռագոյն ոլորտներուն, կրնայ ստեղծուիլ աշխարհի ամէնէն ողբերգական, սրտառուչ ու գեղեցիկ մէկ դիւցազներգութիւնը։ 

Ի՛նչ թերացումով, որ մեղաւոր է « Հայրենիք »ը, նո՛յն թերացումով մեղաւոր են իրեն հետ նաեւ մեր գրողները, որոնք չմօտեցան մեր Եղեռնին եւ թողուցին, որ աշխարհի մեծագոյն ողբերգութիւնը թաղուի փոշիի տակ կամ լղրճուի։ Ու տխուրը հո՛ն է, որ քապինէ ի եւ դիւանի գիտութիւններուն հետ կային մարդեր ալ, որոնց երեսը այրած էր ուրականին շունչէն։ Այո՛, եղան մարդիկ, որ պատմեցին մեր կռիւները, բայց չէր բաւեր կամքը։ Աճապարանք, ցուցամոլութիւն, անբաւարար մշակոյթ այդ պատմումները կը վերածեն հասարակ յօդուածագրութեան։ Ինչո՞ւ միջոցներով հարուստ պարբերաթերթ մը ընդարձակ բռնուած ծրագրի մը լուրջ չկեդրոնացնէր փոքր աղբիւրներու բոլոր տուրքերը։ Ու չկազմէր համապատկերը մեր Եղեռնին։ Պատմական ճիգին դէմ այս թերացումը աւելի ամուր ջանքով մը պէտք է տարածել քաղաքական–ընկերաբանական միւս էթիւտներուն ալ վրայ։ 

Չենք ճանչնար այսօրուան ապրող Հայաստանը, ինչպէս չենք ճանչնար մեր գաղութները։ Ինչո՞ւ ամէն մէկ հոծ գաղութէ լիակատար, վճիտ համապատկերներ չներկայացնէին մեր ժողովուրդին կեանքը՝ իր դժբախտութեան ու վերջին հանգրուանին մէջ։ Եգիպտոսի փորը կուշտ հայը աղօտ, չըսելու համար՝ մութ բան մը ունի մտքին մէջ իբրեւ վիճակը իր եղբայրակիցներուն, որոնք ցրուած են Սուրիոյ ափերուն։ Ո՞վ ինչ գիտէ մեր ժողովուրդին վրայ (այդ գիտնալը առնելով իր ամբողջ տարողութեամբը), երջանիկ Ֆրանսայի ոստաններուն մէջ հատնելու, հալելու դատապարտուած մեր վերջին բեկորներուն վրայ։ Ի՜նչ յափշտակութեամբ պիտի կարդացուէին այս հաստատ, յստակ պատկերացումները։ Քիչ մը դուրս է ասիկա իմ գետինէս, բայց նոյն այս պահանջկոտութիւնը թող ներուի ինձ փոխադրել բուն իմ գետինիս, մեր գրականութեան ու արուեստին վրայ։ « Հայրենիք »ը անփոյթ եղաւ հանդէպ քննադատութեան, բառը առնելով իբրեւ գաղափարի եւ մշակոյթի շարժումին արձագանգը։ Ու երբ կեանքի միւս արտայայտութիւնները իրենց բաժինները գէշ կամ աղէկ ունեցան, մեր գրականութիւնը արժանի չնկատուեցաւ. համադրող բաժինի մը։ 

« Հայրենիք »ի թերութիւններէն մէկն ալ չգոյութիւնն է, ամէն մէկ թիւի մէջ, արեւմտեան արուեստէն գեղեցկագոյն նմոյշի մը թարգմանութեան, աւելի ճիշդ՝ հայերէնի վերածումին։ Եթէ միջակութիւնները քաջալերելու համար մեր սիւնակները կը կոչենք, ինչո՞ւ չզոհենք նոյնքան մը սիւնակ, օգտակար ըլլալու համար ամէնէն առաջ այդ միջակութիւններուն, որոնք արուեստի գերագոյն էջերը ունենալով իրենց տրամադրութեան տակ, անզգայաբար պիտի սրբագրէին իրենք զիրենք։ Մեր ընթերցողները շփուելով իսկապէս գեղեցիկ գործերու հետ, պիտի ազնուանային իրենց ճաշակին մէջ եւ պիտի պահանջէին, իրենց հանրաքուէով, գոնէ անոնց հեռաւոր նմանութիւնը ունեցող հայեցի ստեղծումներ։