Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Ես միշտ այն համոզումը ունեցած եմ, թէ Օշական մեր գրականութեան մէջ ստեղծած է արմատական յեղաշրջում մը՝ ո՛չ այնքան իբրեւ վիպագիր կամ թատերագիր, որքան մա՛նաւանդ իբրեւ քննադատ։ Ընդունելով հանդերձ իր բերած նպաստը մեր վէպին, մինչեւ իսկ թատրոնին, կը մտածեմ, թէ իրեն կ՚իյնայ պատիւը՝ եւրոպական ըմբռնումով արուեստի մը բարձրացնելու ինչ որ մենք կը կոչենք հիմա գրական քննադատութիւն։ Այս մարզին մէջ, կարելի է ըսել, պետն է ինք մասնաւոր դպրոցի մը, եւ անվիճելի է իր դրոշմը ժամանակին ու ժամանակակիցներուն վրայ։

Այս մտածումներէն տարուած՝ շահեկան նկատեցի խօսեցնել զինք քննադատական իր ուղղութեան, իր հանգանակին եւ այլ նման  հարցերու շուրջ։ Իմ հարցումներում պատասխանեց բարեհաճ պատրաստակամութեամբ:

Ահա՛ մեր զրոյցին այս մասը.  

 

Ի՞նչ է ձեր քննադատական ուղղութիւնը։ Ունի՞ք հանգանակներ: Ո՞ւր կը զատուիք մեր հրապարակէն ։ 

 

Շատ բան կը դնէք սեղանի։ Թերեւս չէք անդրադառնար, որ ձեր հարցումներէն իւրաքանչիւրը կը թելադրէ իրարմէ շահեկան ո՛չ թէ պատասխաններ, այլ՝ արուեստի հասկացողութեան շուրջ բազմապիսի վարկածներ, քանի որ այդ հարցերը ամէն հարց հարցում մը ըլլալով կը սկսի իր կեանքը դարերու կեանք մը ունին իրենց ետեւը, երբեմն զիրար հիմնովին իսկ հերքող։ Տեղը չէ պատմութեան։ Կը գոհանամ դիտել տալով, որ արուեստի շուրջ օրէնքներ, բանաձեւեր, վճիռներ հերքումն իսկ են արուեստին, որ, կեանքէն գալով՝ ասոր միայն կրնայ մնալ հոլատակ, առանց ինքզինքը կործանելու։ Այն դարերուն, ուր մենք ուզեր ենք զայն, արուեստը ծառայեցնել իրմէ դուրս, նոյնիսկ վեր նպատակներու եւ արդյունքներու, այն դարերուն արուեստի գործերը եղել են այլայլումները կեանքին։ Ի՞նչ կ՚ուզէին ԺԷ. դարուն գաղիացիները իրենց բեմերէն։ Իրենց պալատներուն miniatureը։ Մեր օրերուն «Phèdre»ը հանդուրժելի ընելու համար՝ դերասանները պարտաւոր են միսի կտորներ ըլլալ, որոնց մէջէն անցնէր յաւիտենականին ճենճերը։ Ռասինի դարուն՝ նման պահանջ մը կը մնար երկրորդական։ Ուզուածը՝ այդ անզբաղ աւագորեարի աչքերուն ու ականջներուն մատուցանել զգայութիւններ, որոնք քիչ աղերս ունին բեմին, իր տրամին, խորհուրդին ու առաւել չափով մը պայմանաւոր են իրենց անմիջականով, թուալէթ, մարմին, կիրքի փշրանքներ, բամբասանք, ցանկութիւններ ։ Դուքսերը հոն են՝ իրարու սիրուհիները կշռելու։ Մեր օրերուն՝ սրահը դադրած է նման կշիռէ մը, ինչպէս դերասանուհին՝ նման ազդմունքներէ։ Ելլել բանաձեւել թատերական օրենսդրութիւն մը, այդ օրերէն մեկնելով, պիտի նշանակէր քիչ մը շատ աճապարել։ Ահա թէ ինչու կը մերժեմ քննադատութեան՝ իրաւական, այսինքն՝ օրինական հիմունք (assise)։ Միւս կողմէ՝ չէ անիկա սանձարձակ բաջաղանքն ալ, որուն կը վարժուինք հետզհետէ, գրագիտութեան (արեւելահայ առումով) ծաւալումին հետ ուղիղ համեմատութեամբ մը։ Ինծի հետ էք հաստատելու համար, որ հազարաւոր թերթեր, աշխարհի երեսին, ունին իրենց դատողները տասնեակ հազարներով։ Հետեւանքը ա՛յն՝ որ ամէն ուսում տեսած պատանի իրեն կու տայ իրաւասութիւն իր խելքին եկածը դիրքի մը, դէմքի մը առիթով հրապարակ թափելու։ Եթէ ունին գոյութիւն տարրական յարմարութիւններ վէպ, քերթուած գրելու ատեն պահանջելի, քննադատելու համար՝ իր լեզուն գրել կրնալը ալֆան եւ օմեղան է արուեստին։ Ինչպէս կը տեսնէք, քննադատութիւնը գունաւորուած հրապարակագրութիւն է, թեթեւ մասնաւորմամբ մը գիրքերու սփիւռին, բայց տիրական ճնշումին տակ անձին ախորժակներուն։ Ամէն ընթերցող այսօր քննադատ մըն է։ Իրերու սա պատկերին դիմաց ինքնախաբէութիւն պիտի ըլլար քննադատի յաւակնութիւններ արժեւորել ձգտիլ, երբ գիտենք, թէ արուեստագէտը ամէնէն հեստ անասունն է կենդանիներու կարգին, իրմէն զատ ո՛չ ոքի զիջում մը ընող։

 

Շատ ընդհանրացուցիք հարցը: Պիտի ուզէի, որ մնայիք մեր կարելիութիւններու ծիրին։ Չունի՞ գոյութիւն ընթերցողները լուսաւորելու, ոմանց օգնելու եղանակ մը՝ իրենց տպաւորութիւնները կարելիին չափ քիչ զառածումով արժեւորելու

 

Բայց ատիկա մեր թերթերուն խմբագրականն է, իր էութեան մէջ։ Ամէն հանդէս մեր մէջ բացած է իր բեմը Բանին քարոզը ընելու։ Ու կայ կազմակերպուած կերպ մըն ալ գիրքերը զանգուածներուն մատուցանելու։ Ատոր վրայ խօսիլ զիս հեռուները կը տանի։ Բայց նման դեր մը փառաւորել, ընդունեցէք, որ պիտի չներէի ինծի։ Մեր հրապարակագիրները այնքան փառքով, օգուտով կը գործադրեն այդ պաշտօնը՝ կուռքեր բարձրացնելով կամ կործանելով, հաւասար օտարութեամբ մը, այլուրութեամբ մը իրենց ըրածին։ Ամէն խմբագիր քննադատ է այսօր, քանի որ ի պաշտօնէ, ասպարէզէն քննադատին չափ ու նոյնիսկ քիչ մը աւելի համով գիտէ գրել իր լեզուն։ ԹԷ մեր հրապարակին այդ է պահանջը, չեմ մերժեր։ Ինչպէս ամէն գործ վերջ ի վերջոյ իր գործաւորը կը ստեղծէ, մի զարմանաք, որ մեր մէջ ալ ամէն խմբագիր գրագէտին չափ ու աւելի գիտնալ յաւակնի գիրքերը, մշակոյթները դատելու արարքներուն մէջ։ Նոր չէ, որ ես դեմ եմ արտայայտուեր քննադատութեան։ 

 

«Համապատկե՞ր»ը։ Ձեր բազմաթիւ փորձե՞րը, անհամար յօդուածնե՞րը։ 

 

Որքա՜ն շատ իմ ըսելիքը, այդ ամէնուն ո՛չ թէ ի պաշտպանութիւն, այլ՝ այդ ամէնը ինծի հաշտեցնող ազդակներուն վերլուծումէն։ Խօսակցութիւն մը չի կրնար զարգանալ այդ ուղղութեամբ։ Իմ « Համապատկեր »ը քննադատական ձեռնարկ մը չէ, ոչ ալ՝  գրականութեան ուղղափառ յայսմաւուրք մը։ Անիկա, գրեր եմ « Մուտք »ին, իմ ժողովուրդի մէկ դարու կեանքէն քանի մը շատ հիմնական, շատ ընդարձակ ապրումներու ներելի խտացումն է. այդ կեանքին այնքան բազմազան արտայայտութեանց մէջէն մէկ քանի երեսներու ուրուային արտագրումը, եթէ կ՚ուզէք։ Այդ մէկ դարը վերլուծելու, վերակազմելու, խտացնելու այնքան ձեւեր ունին գոյութիւն։ Մօտեցէք պատմութեան, միշտ այդ դարուն, ու կը զարհուրիք ձեր առջեւ փռուածին շատութենէն։ Գրել, այդ դարուն համար, Հայաստանեայց եկեղեցիին մեծ յուզումները, ապրումները, պիտի նշանակէր մօտենալ, դպիլ, ողողուիլ մեր ժողովուրդին հզօրագոյն տառապանքներով։ Մօտենալ մեր դպրոցական կեանքին, նոյն մեթոտով, որքա՜ն հեռուները պիտի տանէր մեզ։ Ու ասիկա այսպէս՝ հայ կեանքին այդ հարիւր տարուան մէջ զգեցած բազմաթիւ կերպարանքներուն համար։ Անցէք կուսակցութեանց, յեղափոխութեան, տնտեսականին, տարազներուն, բարքերու յեղաշրջումին, իմացական տագնապանքին։ Փորձեցէք այս ամէնը առանձին–առանձին օգտագործել պարզ պատմական շրջափոխութեան մը պողոտային ընդմէջէն։ Ու պիտի գտնէք, որ որքա՜ն քիչ է մեր սեւեռելիքը այդ ամէնէն։ Իմ ըրածը, « Համապատկեր »ին մէջ, մասնաւորումն է մեթոտին՝ գրական դաշտին վրայ։ Այսպէս սահմանաւորուած, այսինքն՝ իմ ընելիքը ճշդելէ վերջ, ինծի ձգուած միակ ազատութիւնը՝ եղանակն է իմ աշխատանքին։ Ու ներեցէք, որ իմ աշխատանքին գործադրումին մէջ ես չդիմեմ աս ու այն ապացուցուած եղանակին, որով գրականութեան պատմիչներ մեր մէջ քալեր են. կը մերժեմ գիրքերով ուսանելի, մատչելի, նոյնիսկ պարտադրելի բոլոր օրէնքները, վճիռները, բանաձեւերը, քանի որ աւելի քան ստոյգ է, որ բոլոր այս միջոցները այնքան արագ կը հիննան, կը մեռնին։ Աչքերնուդ առջեւն է գրական խայտաճամուկ դպրոցներուն ոդիսականը։ Կու գան ու կերթան, տղա՛ս…։ Կայ օրէնք մը, եթէ գէշ չէք գտներ բառը, որ օրէնքն է կեանքին։ Գրեր եմ այնքան անգամներ, այնքան տեղեր։ Այդ ամէնուն մէջ ու դէմ, զիս պահողը, խանդավառողը կեանքն էր, կեանքն է, որ գրողի մը խորհուրդին, անձին, գործին մէջ խտացած, բայց ողջուննալու իր ուժերէն ոչ իսկ հիւլէ մը կորսնցուցած, ձեւով մը հասեր է իմ սեղանին, անկէ թեւ բանալու համար իմ մտքին հորիզոններուն ու իջնելու աւելի վար, իմ հոգետունին։ Իմ ըրածը, ընելիքը, ուրեմն, « Համապատկեր »ներուն մէջ, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ այդ խտութիւնը բանալ, անոր ներսը քնացող ուժերը արձակել, որպէսզի ես հասկնամ զիս կանխողները։ Դասարաններու մէջ իմ գրական վերլուծումները ուրիշ բան չեն։ Դուք տեսաք, թէ քերթուած մը ինձմէ հարիւրով էջեր առաւ, ինքզինքը տալու համար։ Նարեկացիէն էջ մը, ըստ արժանւոյն հասկցուելու համար, ժամերով ենթարկուած է վերլուծման։ Ու ասիկա այսպէս՝ ամէն մէկ արժանաւոր վկայութեան համար։ Այս հասկացողութիւնը կարելի կը դառնայ միայն ու միայն կեանքին վերարտադրութեամբը եւ ո՛չ թէ օրէնքներու գործադրութեամբ։ Այս ամէնուն պարզ է հետեւութիւնը։ Գրական քննադատութիւնը կա՛մ կեանքին վերարտադրութիւն եւ կամ բաղաջանք է։ Գրական քննադատութիւնը շատ-շատ կը հանդուրժուի պատմական սա հասկացողութեան բերելիք իր նպաստովը։ Ու հարկ կա՞յ յիշեցնելու, թե որքա՜ն ընդարձակ է կեանքը ։ Այնքա՛ն բարդ ապրումներու գումար՝ այդ պատմութիւնը, սա յորդումին իսկ ճնշումովը, կը զառածի, եթէ երբեք իր հուները չունի ամրօրէն կազմակերպած։ Ամէն բան չըսել։ Անշուշտ։ Ամէն բանի առջեւ չկենալ։ Անշուշտ։ Բայց մա՛նաւանդ հիմնականը զանազանել գիտնալ։ Ու զեղչել, զեղչել, զեղչել…։ Գրականութեան պատմիչ մը մինակ իր գրողներուն անձնաւորութիւնը վերապրեցնելու իր պարտքը երբ գործադրէ պարզագոյն խղճմտութեամբ, վճարած կ՚ըլլայ իր տուրքը՝ իր ժողովուրդին։ 

 

Կը կարծէ՞ք, թէ ըրած էք այդ վճարումը «Համապատկեր»ին մէջ, օրինակ, ապրեցնել փորձելով Գրիգոր Օտեանը, որուն նուիրուած ձեր երկար մենասացութիւնը անկարելի եղաւ ինծի աւարտել, այնքան շատ ու այնքան քիչ կու տայիք կեանքը։ 

 

Կը հաւատամ ձեր տպաւորութեան անկեղծութեան, բայց կ՚անցնիմ զայն հասկնալու։ Չէք աւարտած, ա) որովհետեւ ձեր գտածը ձեր սպասածին բոլորովին հակառակ բան մըն էր։ Դուք վարժութիւններ էք իւրացուցած, կը հաւատաք օրէնքներու, կը սպասէք եզրակացութիւններու, վճիռներու, կարճ՝ հրապարակի ընթացիկ եղանակին, ուր ապահով, զգո՛յշ տրամաբանութիւն մը առաջնորդն է մտածողութեան։ Արդ, Օտեանին մէջ փորձուածը գերազանցապէս կեանքին մեթոտն է, որ հատկտուն, կարճ, նեղ, երկար, լայն, չ՚իյնար չափիի ու հաշիւներու։ Դուք պիտի ուզէիք դատաստանական կարգուuարք, վկաներ, դատաւորներ։ Ու երբ կը գտնէք մարդեր, կիրքեր, յոյզեր, տրամա, կը վիրաւորուիք։ Այս ամէնը կրնան ձեր նախասիրանքը կազմել։ Բայց կայ պարագայ մը։ Անմիջական ներկային համար ուր կեանքը ինքնին մթնոլորտ է դատաստանական կարգուuարք մը հանդուրժելի կրնայ ըլլալ։ Մեր օրերու տագնապէն խօսող գիրք մը հասկնալու համար բաւ՝ առաջին աստիճանով թափանցում մը։ Բայց 1860ի մարդ մը որքա՜ն ծանր փոշիներու տակ կը մնայ թաղուած։ Որքա՞ն լոյսերու պէտք ունինք՝ թափանցումը իրագործելու համար։ Ու հարկադրաբար կ՚անջատուիք ներկայէն։ Այս անջատումը ձեզ արտօնողը գրական քննադատութեան մը օրէնքները չէին կրնար ըլլալ։ Խորհեցէք Օտեանի օրերու գրական դաւանանքներուն փառքին, փայլին։ Այսօ՞ր։ Հիմնովին, անվերադարձ մեռած են Օտեանին հիացումները, ատելութիւնները (առաջինէն՝ Հիւկօ, Լամարթին, երկրորդէն՝ Զոլա)։ Այն ատե՞ն։ Այսինքն՝ ո՞ւր, ինչպէ՞ս գտնել, արժեւորել Օտեան բառով մեզի հասած խորհուրդէն կենդանի մաս մը։ Կայ Օտեանի ժամանակին ամբողջական վերարտադրումը, որպէսզի այդ ճամբով հանդիպելի դառնայ Օտեանին ալ խորհուրդը։ Ահա թէ ինչ եմ ըրած։ Բայց կայ դժբախտութիւնը։ Այդ կէս դարը քանի մը ածականով, վճիռով, ոտանաւորող կամ ճառով չի վերբաղադրուիր։ Փշրանքներով որքա՜ն քիչ կը շինենք։ Գրականութեան պատմիչը, ուրեմն, ուզէ-չուզէ՝ պիտի ըսէ քիչ, բայց պիտի բանայ շատ: Այսինքն՝ ընտրէ կեանքին շատ մօտիկ ամէնէն կարկառուն իրողութիւնները։ Ու ամէն մէկ իրողութիւն, իր կարգին, լոկարիթմ մը՝ հարիւրաւոր ուրիշ արմատներու։ Ու նոր չէ, որ լոկարիթմները կը նեղեն։ Նեղուած էք քիչ գտնելով, քանի որ ձեր գտածը չէր կշտացներ ձեր հետաքրքրութիւնը իբր պատմութին։ Բայց չէք արդար, երբ քիչէն շատին բարձրանալու տրամադրութիւն մը չէք մշակած ձեր մէջ։ Կ՚ընդունի՞ք ինծի հետ, որ Օտեանի մենախօսութեան բոլոր ապրումները, տարրերը աւելի կամ նուազ չափով մը կը պատկանէին իր ժամանակին ալ։ Ու հետեւութիւնը. նոյնը չապրեցա՞ն իր ընկերները։ Առանձին-առանձին անոնց մէջ փնտռել այդ գումարը՝ ճշդախուզութի՛ւն։ Բայց նոյն ատեն՝ կրկնութիւն, շատաբանութիւն։ Իր սերունդէն (Զարթօնք) ես սեեռած եմ Օտեանին վրայ ինչ որ այդ մարդոց միսն ու միտքը ապրեցան։ Եթէ կ՚ընդունիք, որ այդ ապրումները շահեկան են, որքան շրջանէն վէպ մը, քերթուած մը, քրոնիկ մը, այն ատեն կը դիւրանայ թափանցումը։ Քրոնիկ մը Օտեանէն՝ վկայութիւն մըն է։ Կը բանամ՝ զայն ու կ՚ունենամ բոլոր մարդերը, որոնցմէ կայծեր են ինկած այդ գիրերուն։ Եթե դուք « Համապատկեր »ի այդ մենախօսութիւնը կը կարդաք դժգոհութեամբ, դժուարութեամբ, կը պարզէք ահա ձեր մտքին վիճակը, որ չէ ազատագրուած, ըսել կ՚ուզեմ՝ տրուածէն՝ չնուաճուածը, տրուածէն՝ լռուածը ձեր միջոցներով  իրագործել։ Միտքի ձեւ մըն է աս ու չեմ աշխատիր զայն դատապարտել։ Կու գայ օրը ու դուք կը հաղորդուիք ինքնաբերաբար սա ճակատագրին, երբ հարկին տակն էք հարիւրաւոր գիրքեր քամելու ու անոնց իսկութիւնը հրամցնելու ձեր ընթերցողներուն։ Չէք աւարտած, բ) վասնզի ձեր միւս վարժութիւնն է լրագիրի պէս կարդալ ամէն բան։ Ձեր աչքերուն ինկող ամէն էջ, առանց ճիգի պարտաւոր է ձեր մտքին տեղաւորուիլ անմիջական թափանցումով մը։ Ասիկա՝ ձեր գոհունակութիւնը։ Արդ, եթէ քերթուած մը բացուելու համար կարօտ է լայն ժամանակի, Օտեանի ներքին մենախօսութենէն էջ մը, նոյնքան խիտ ապրումներու գումար մը ըլլալուն, կարօտ է լայն ժամանակի, իր մատուցումը ընելու համար ձեր մտքին։ Պիտի չվազէք, զայն կարդալու ատեն, ինչպէս վարժուած էք ընելու ուրիշ ընթերցումներու ատեն։ Կարդալու եղանակին փոփոխութիւնը ուրեմն անհրաժեշտ կը դառնայ։ « Համապատկեր »ը վէպ մըն է, բայց ոչ՝ ոստիկանական։ Անոր ծանրութեան կեդրոնը անձնաւորութիւնները լիացնող գերագոյն տագնապներէն է կազմուած։ Սխա՛լ՝ կարծել թէ նայուածքը մէկ սեւեռումով կ՚ընէ թափանցումը տրուածին։ Կարդացէք դանդաղ, նոյնիսկ վերադարձով, անդրադարձով ու պիտի գտնէք, որ յոգնութեան զգացումը պիտի փոխուի ուրիշ բանի մը, որ եթէ միշտ հաճոյքը չէ, է՛ առնուազն մտքի ապահովութիւն, չըսելու համար՝ գոհունակութիւն։ Ի վերջոյ մեր քայլերը նոյն կշռոյթով չեն առներ հարթութիւնն ու զառիվերը կամ զառիվարը։ գ) ձեր առարկութիւնը՝ այդ մենախօսութեան անտեղիութեան, զոր ուրիշ քննադատ մըն ալ նետեց հասցէիս, կ՚ընդունիմ անմեղութիւն։ Եթէ գրուածք մը, ինքնիր մէջ, ինքնիրմով ինքզինքը կը պարտադրէ (եթէ դուք չէք ըսած այդ պարագան, միւս քննադատը գրած է), այդ իսկ առաքինութիւնով ինքզինքը կը պաշտպանէ։ Տարիներ առաջ, վէպի մը առիթով յայտարարեր էի. Վէպ մը ինծի համար ճերմակ թուղթ մըն է ։ Հոն նետուածին տեսակարար կշիռն է, որ էջը կը կենսագործէ։ Վէպի տեղ թուղթը կը գտնէք գրական վերլուծման հատորի մը մէջ։ Եթէ այդ էջը բան մը ըսած է ձեզի, այն ատեն տեղի կամ անտեղի բառեր են, էջին համար գործածուած։ Օրէնքներու ի՛նչ հարկ դիմել։ Օշականէն զգացուած յոգնութիւնը կը բաժնեմ ընթերցողին հետ։ Բայց ի՞նչ արած, որ զայն թեթեւցնելու աշխատանք մը ուրիշ աւելի անօգուտ յոգնութիւն մը պիտի արժէր հեղինակին։ Ըսել, թէ թեթեւ է « Խոնարհները », կը նշանակէ կեանքի փոքր քանակով մը բաւարարուիլ։ Ըսել, թէ ծանր է « Մնացորդաց »ը, կը նշանակէ հոն դիզուած կեանքին կշիռովը տառապիլ։ Ես չէ, որ  պիտի դառնայի ետ, իմ գործովս զբաղվելու, երբ այնքան գործ կը սպասէ հերթի, սեւեռուելու համար։