Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՇԱԿԱՆ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ 

Օշական խոստմնապահ մարդ է։ Խոստացած էր Երուսաղէմէն
մեկնելէս վերջ անձամբ գրի առնել իր պատասխանը հարցումներուս
այն մասին, որ կը վերաբերի իրեն վերագրուած «ինքնահակասում»ներուն։ 

Իր խոստումը պահեց։ Ստորեւ կը ներկայացնեմ իր իսկ կողմէ
գրի առնուած այդ պատասխանը, իբրեւ եզրափակում։ 

Բ Թ

 

Ձեզի դէմ բանաձեւուած ամբաստանութիւններուն ինչո՞ւ չէք պատաuխաներ:

 

Այնքան տեղեր գրած եմ այդ մասին։ 

 

Կ՚ակնարկեմ վերջին խաչակրութեան, որ ամբաստանութիւն մը չէ, այլ՝ ճակատագիր մը գրեթէ ։ 

 

Ձեզի կը թուի։ Ինծի համար ամբաստանութիւնները արժանի կը նկատեմ ուշադրութեան, երբ կու գան ուղղակի մատուցումով մը, այսինքն՝ անձնական գիրով մը. անոնց պատասխանած եմ միշտ։ Այլապէս կ՚անգիտանամ, որքան ալ ըլլան ծանրակշիռ այդ ամբաստանութիւնները։ Կ՚անգիտանամ դարձեալ անուղիղ, այսինքն՝ ուրիշներու առիթով հասցէիս չեղուած բոլոր ակնարկութիւնները։ Յայտարարած եմ, որ առաջիններով չունիմ՝ ժամանակ զբաղելու։ Դուք գիտէք, թէ ի՛նչ են գրիչիս վրայ դրուած արգելքները։ Երկրորդով  ինծի հասած սլաքներուն դէմ ալ պինդ եմ ըրած կաշիս։ Կէս դարի կը մօտենայ, գրականութեան ճամբով, զիս harceler ընող հալածանքը։ Վարժուած եմ։ Հոս թերեւս աւելորդ չէ յայտարարել, գէթ մէկ անգամի համար, որ Օշականին դէմ գրոհը հերոսութեան, ասպետութեան չ՚առաջնորդեր։ Եթէ ախոյեանները գիտնային, թէ Օշական իր գրականութեան համար անդրանիկ հարուածը ստացած է… Թորոս աղա Սարըեանէ. այսինքն՝ մեր գիւղի Թաղական Խորհուրդի ատենապետէն, որ իր ստորագրութիւնը մետաղով միայն կրնար դնել, այն ատեն թերեւս պիտի հրաժարէին այդ միամիտ փառքէն։ Աղեքսանդր Փանոսեանէն, Սմբատ Բիւրատէն մինչեւ նորագոյն նիզակաւորնե՜րը։ Հետեւաբար այդ մարզին վրայ անխոցելի եմ, ըստ ժողովրդական առածին՝ « մեռած էշը գայլէն չի վախնար »։ 

 

Կը կարծեմ, թէ իրողութիւնը սա ակնոցով գունաւորելու մէջ չունիք շահ մը։ Մէջտեղն է ձեր դէմ ճակատը ու ատոր կազմութեան մէջ մեծ է ձեր բաժինը։ Անիրաւ էք այդպէս խուսափելով։ Այդքան մեծամի՞տ ։

 

Օ՜, ո՛չ, տղաս, ո՛չ։ Ես կ՚ենթադրեմ, որ անիրաւ չեմ։ Ունիմ առարկութիւններ։ Ամէնէն առաջ, ինչ որ իբրեւ ամբաստանութիւն, շատ յաճախ, կը բանաձեւուի իմ մասին, գրեթե միշտ սխալ հասկացողութեան մը, ասպարէզէն բառով մը՝ թիւրիմացութեան է ծնունդ, այս բառն ալ գործածելով ոչ-գիտակցական խեղաթիւրում մը։ Մարդիկ, անգամ մը դիրք առնելէ վերջ մէկու մը դէմ, այդ մէկուն գրածներուն մէջ իրենց ուզածը պիտի գտնեն հո՛ն՝ ուր այդ փափաքը թելադրող բան մը ուրուանայ։ Այսպէս, հեռուէն, շունն ու գայլը, այծն ու ոչխարը իբրեւ կերպարանք որոշ շէնքով մը չորքոտանիներ են։ Մօտէ՞ն։ Ձեզի կը ձգեմ տարբերացման պարտքը։ Ահա թե ինչու այնքան քիչ իմ ժամանակը պիտի խնայէի՝ հերքելու համար աս ու ան իմաստունին, բանաստեղծին, քննադատին թեկուզ փառակերտ ենթադրութիւնները։ Բան մը ստոյգ է ինծի. ա՛ն՝ որ կը կարդայ ոեւէ մէկը կանխապատրաստ մտայնութեամբ, գրեթե միշտ պիտի գտնէ իր փնտռածը։ Ու որքան քիչ` թիւը անոնց, որոնք պիտի կարդան գիրքին հաշուոյն։ Ու զիս կը մեղադրեք, որ չեմ պատասխաներ, առանց անդրադառնալու ինծի գալիք վնասին, միայն ժամանակի տեսակէտէն։ Ժողովուրդը կ՚ըսէ ջրհորը մէկ հոգին քար մը կը ձգէ, քառասուն պէտք է ըլլայ ատիկա հանելու համար։ Գրոհներուն նկարագիրը տարերային ըլլալն է ու իմաստնացած եմ բաւական հեղեղին դէմ թի քաշելուն անիմաստութեան։ Կայ անշուշտ դառնութիւնը՝ գրոհի այդ ասպետներուն խեղճութեան ծնունդ։ Գիտեմ ինքզինքս բռնել։ Որքան աւելի ծանրակշիռ է պարագան, օրինակ, միլիոնաւոր զոհերուն, որոնք շոգենաւ ներկողի մը փառքը կազմեցին տասը-քսան տարի առաջ։ Դուն կոտրտէ գլուխդ՝ հասկնալու համար, որ ութսուն միլիոն զարգացած ժողովուրդի մը մէջ ինչպէս կարելի եղաւ ներկարարները կայսրութիւնը։ Այնպէս որ՝ ինծի դէմ՝ դրոշին մէջ ճճիներու բաժինը չեմ աւաղեր։

 

Միշտ կը շեղիք։ Ձեր գրականութիւնն ալ հիմնովին կ՚ուրացուի ձեր իսկ աշակերտներէն

 

Ջրհեղեղէն չէի խօսեր անշուշտ։ Ուրացումին դէմ ո՛չ թէ պաշտպանութիւն, որ առնուազն եղկելի պիտի ըլլար՝ եթէ ոչ ծիծաղելի, այլ՝ անգիտացում։ Աշխարհի բոլոր բժիշկները անկարող պիտի ըլլային կոյրերու աչքերը բանալու, եթէ այդ կոյրերը կամաւ կը փակեն զանոնք։ Ասկէ զատ, կայ հանրածանօթ, շքե՜ղ խղճմտանքը մեր գրական հրապարակին։ Որ անօգուտ կ՚ընծայէ ամէն լուսաբանութիւն։ Ըսէք, առտուն կանուխ, թերթի մը սիւնակէն, ամէնէն անհեթեթ, անկարելի իրողութիւն մը, գրուածքի մը համար, անձի մը շուրջը, գաղափարաբանութեան մը հաշուոյն, նոյնիսկ ճիշդ ու ճիշդ ներհակը այդ իրողութեան, ու պիտի տեսնէք, որ իրիկուան թերթերը այդ եղջերուաքաղը, այդ անուշիկ գոհարները փառապսակ, խորանարդեալ աճումով մը պիտի մատուցանեն իրենց ընթերցողներուն վայելումին։ Ոչ ոք, որ մտքէն անցընէր գոնէ հեղ մը հետաքրքուիլ բնագրով, անձնաւորութիւնը նկատի ունենալ, կշիռը փորձել լաստակերտուած, հիմնովին յերիւրածոյ գաղափարաբանութեան։ Ու իմացական անգործութեան (inertie intellectuelle) միջամտութեամբը, այդ յիմարանքը, անհեթեթութիւնը պիտի վերածուին պատգամային ճշմարտութիւններու։ Իմ ակնարկութիւնը յստակ է։ Մի տեսնէք ասոր մէջ դառնութիւն։ Հիմա մեր ընկերային պայմանները Սփիւռքին մէջ այնպէս մը դասաւորուած են, որ դժուարութեան մէջ չենք պետական չափերու հանելու մեր կիրքերը, կուրութիւնները։ Ահա թե ինչու չեմ պաշտպաներ։ Գրչի ծայրով պարիսպներ խորտակելու յիմարամտութիւն մը պիտի նշանակէր ատիկա։ Յետոյ, կայ ուրիշ ալ տարօրինակութիւն մը։ Նոյնիսկ բարի-կամեցողութիւն մը, մեր օրերուն, անբաւական՝ քիչ մը արդար ըլլալու, այսինքն՝ հապճեպ չդատելու, ըսուածը, գրուածը ճիշդ տեսնելու։ Վերջին տեսակցութեան մէջ ինծի կը վերագրէք մտածումներ, որոնք մօտիկն են անհեթեթութեան, որով եւ՝ իմս չէին կրնար  ըլլալ։ Կ՚ակնարկեմ նախադասութեանց, որոնց մէջ իմ բերանը կը դնէք անկարելի բաջաղանքը Վենետիկը, Վիեննան մերժելու, որոնք թուղթէ շինուած պալոններ չեն։ Ես կը մերժեմ անոնց այն շքեղ յաւակնութիւնները, որոնցմով իրենց ժամանակէն առնուազն կես դար ետք մարդեր կը յաւակնին մենատիրել հայոց պատմութիւնը, հայոց մշակոյթը, գրականութիւնը, նոյնիսկ լեզուն։ Դուն իսկ քրոնիկի մը մէջ զբաղեցար վենետիկցի վարդապետէ մը հրապարակ հանուած գրական կարծիքներու գոհարներով, ուր Ալիշանի լեզուն առաջարկ կ՚ըլլայ մեր գրական մշակներուն վայելումին պարտադրելու։ Ու դուն թերեւս կ՚անգիտանաս, որ այդ վարդապետին խակութիւնը արդիւնքն է իր տարիքէ նորութեան։ Հմտութեամբ, գրական փառքով ու պատկառելի տարիներով լեցուած մարդեր, 1905ին եղջերուաքաղը կը մատուցանէին մեր բանաստեղծական ճաշակին, Հիւրմիւզի, Ալիշանի, Բագրատունիի քերթողական վաստակը եզակի յայտարարելով։ Ու հիմնովին ձեւի զգայարանքէ զուրկ մէկը գրելը ձեւի զգայարանք մըն է Վիեննացի այս անգամ, գրել գիտնալու մենաշնորհ մը կը պոռար մեր գլխուն, մեր նոր գրականութեան ամէնէն իրաւ գրողներէն մէկուն զլանալով գրել գիտնալու տարրական իսկ պարտք մը, պարկեշտութիւն մը։ Ահա իմ մերժածները։ Ու ահա թէ ինչպէս դուն ալ մաս կ՚առնես խաչակրութեան։ Տակաւին։ Ես չեմ ըսած կը պաշտեմ Էջմիածինը: Նախ նախադասութեան տգեղութեան, երկրորդաբար՝ իր բացարձակութեան պատճառով։ Ես ըսած եմ՝ կը պաշտպանեմ Էջմիածինը ։ Հին դպրոց մը, որ պարագաներու բերումով, աւելի ատակ է հայ բանասիրութիւնը մշակելու, նախատարրին հետ իր մերձաւորութենէն նպաստաւորուած։

 

Կ՚ամբաստանուիք մանաւանդ հակասութեան մեղքերով ։ 

 

Օրինա՞կ։ 

 

Նոյն գիրքին մէջ նոյն մարդուն հասցէին կ՚ընէք իրար հակասող յայտարարութիւններ ։ 

 

Այդքա՞ն։ 

 

Ալ ի՞նչ կ՚ուզէք. երբ նոյն գիրքին մէջ էջի մը վրայ բանաստեղծ մը իրաւ է, ուրիշ էջի մը վրայ՝ տաղաչափ ։

 

Բայց ինչո՞վ կը փաստէք, որ մարդ ամէն րոպէ բանաստեղծ է։ Այդ ձեր պահանջը կը վերածուի սա տեսակ անհեթեթութեան մը։ Քանի որ Բենիամին Թաշեանը մարդ է, ուրեմն անոր տասնըհինգամեայ մտածումները չեն կրնար չըլլալ յիսնեակը հասնող մարդուն ալ մտածումները։ Ո՞վ ըսաւ, որ մարդ նոյնն է բոլոր  տարիներուն։ Եթե ֆիզիք մարդը անկարող է ազատագրուիլ ճակատագրին կնիքէն, ո՛ր հրաշքով պիտի ուզէիք, որ հոգեկան մարդը ըլար զերծ այդ կնիքէն։ Կրնամ հարիւրաւոր օրինակներով բացատրել քեզի, որ եթէ արուեստը տարիք չունի, արուեստագէտը՝ ունի։ Եօթանասունէն մինչեւ ութսուն, ԺԸ. րդ դարու ամէնէն զօրաւոր ուղեղը, Էմաննուէլ Քանթ ապրեցաւ տասնամենի մանուկի մը ուղեղովը։ Քսանամենի, « Առաջին տերեւք » քերթուածաշարքին մէջ, Ռ. Պէրպէրեան հասարակ տաղաչափ մըն է, բայց յիսնամենի՝ առնուազն իրաւ տառապող մը, որ իր զգայութիւնները արտայայտելու համար չափուած բարբառը կը գործածէ։ Երկու հակամարտ իրողութիւններ՝ ասոնք։ Ու ո՞ր օրէնքով ասոնք ըսելը պիտի որակուէր հակասութիւն ։ Քսանամենի Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան քաղցրաբարբառ Հիւրմիւզ մըն է, այսինքն՝ պերճաշուք տաղաչափ մը, դառնալու համար մահուան մօտ տարիներուն մեր ամէնէն իրաւ բանաստեղծներէն մէկը։ « Սարսուռներ » ոտանաւորներուն հեղինակ Դանիէլ Վարուժանը հասարակ տաղաչափ մըն է, ըլլալու համար, 5-6 տարի յետոյ, « Ցեղին սիրտը »ին եւ « Հեթանոս երգեր »ուն հոյակապ ճարտարապետը։ « Հոգեր »ը եւ « Տաղարան »ը, իրարմէ մօտ կէս դարով բաժնուած, տաղաչափութեան մէջ իրար կը կրկնեն, մինչ « Հրաշալի յարութիւն »ը իր կէսէն աւելիով շքեղ բանաստեղծութիւն է։ Ահա քեզի իրողութիւններ։ Տակաւին խօսի՞լ ուրիշներէ, որոնք անբանաստեղծ տաղաչափներ են 20էն մինչեւ 80: Թէրզեա՞նը։ Աճէմեա՞նը։ Հիսարեա՞նը։ Որոնք 15էն մինչեւ 75 քերթեցին։ Այս կարգի դժբախտութեանց շարքը երկարելուն մէջ ո՛չ քեզի հաճոյք, ոչ ալ ինծի շահ։ Յետոյ, հակասութեան հեքիաթը Օշականին մասին կը սնանի իր էջերը փշաւորող անհուն տառասխալներով ալ թերեւս։ Կայ տակաւին հատուածին ալ նկարագիրը: Գրուածք մը, գէթ գլուխի մը ամբողջութեան մէջ, կը կրէ իմաստը միութեան մը։ Այդ իմաստին մէջ, կտոր մը կը մնայ ենթակայ ընդհանուր ցուցմունքին։ Եթէ ես բանաստեղծութիւն բառը կ՚առնեմ, օրինակ, Պետրոս Դուրեանի հետ մեր մտքին մէջ զուգորդ առումով, հարկադրաբար այդ առումէն դուրս կ՚իյնայ Եղիան։ Եթէ նոյն այդ բառը կ՚առնեմ խառնուածքի տարողութեամբ մը, Եղիա կը ներկայանայ մեր ամէնէն բանաստեղծական խառնուածքներէն մէկը։ Բայց արտասանեցէք Եղիա բառը ու սպասեցէք ձեր միտքին ներկայացածը պիտակելու։ Պիտի գտնէք, որ երբեք բանաստեղծը չի գար։ Ահա հակասութեան բացորոշ օրինակ մը։ Կ՚առնեմ ուրիշ մը՝ բոլորովին նոր։ Այս անգամ հասկցողի մը գրչին տակ։ Արշակ Չօպանեան զիս կը մեղադրէ, որ գրած ըլլամ, թէ Արեւմտահայ գրականութիւնը մեր աշխարհաբարին շեղումովը, վաղը երբ ենթարկուի հաշուեյարդարի, մեր գտնելիքը չարչիներու փաղանգ մըն է անկէ եւ ուրիշ ոչինչ։ Ու իմ հիացումները ինծի դէմ գործածելով, հեշտանքը կ՚ապրի Օշականի հռչակաւոր հակասութիւնը իր կարգին ապացուցած ըլլալու։ Այդ վաստակաւոր վարպետը շատ լաւ ծանօթ է իմ հիացումին Վարուժաններէն, Հրանդներէն, Զարդարեաններէն, Մեծարենցներէն, անոնց անունովը զիս կործանել ուզելու ատեն։ Արդ, իմ մտքին անկիւնէն իսկ չի կրնար նման անհեթեթութիւն մը անցած ըլլալ, արեւմտահայ իրաւ արուեստագէտները չարչիներու վերածելու։ Տրուած հատուածին մէջ իմ նկատողութիւնը կ՚երթայ արեւմտահայ վէպին, ան ալ նկատուած իբրեւ բարքերու մթերք, տիպարներու հանդիսարան եւ ոչ թէ այդ վէպին, այդ գրականութեան թանկագին բանուորներուն։ Հիմա կը հրաւիրեմ քեզ, որ արագ մը միտքիդ բերես արեւմտահայ վիպական վաստակը մինչեւ 1915 ու ըսես ինծի, թէ ունի՞նք աւելի շքեղ անձնաւորութիւն մը այդ վէպէն, քան Երուխանի Բարթողը Ամիրային աղջիկը »)։ Տիկին Եսայեանի հերոսուհինե՞րը։ Բայց անոնք մեր գրականութեան բարքերու հարցին հազիւ կը պատկանին։ Ինչպէս կը տեսնէք, իմ դիտողութիւնը որքան սխալ է մեկնուած մեր գրականութիւնը հասկցող ու դատող մարդէ մը։ Ալ ի՞նչ կը զբաղեցնէք զիս ճերմակ–կտուցներով, որոնք պոռալու համար թառ կ՚ելլեն։ Դեռ չեմ շահագործել բնութեան աւերները, շրջապատին ճնշումը, որոնք մեզ կը փշրեն, մեզմէ անկախ։ Կարդացէք Օշականը, իր էջին, գլուխին ընդհանրական թելադրութեանցը մէջ։ Հակասութիւնը կը դատապարտեմ, երբ կենցաղական, կուսակցական, շահակցական մտահոգութեանց կը սպասարկէ։ Եղան մարդեր, որոնք թերթի մը մէջ մարդ մը արժանի յայտարարեցին չորս յոբելեանի, ամիս մը վերջը զայն կարդացուելու շնորհէն իսկ անժառանգ ոչնչութիւն մը ներկայացնելով։ Ահա՛ հակասութիւնը։ Ըսի քեզի, թէ տասնըեօթը տարեկանիս ես պայքարեր եմ իմ մտածումներուս համար իմ պաշտամունքը գրաւող մարդոց իսկ փառքին, հեղինակութեան դիմաց։ 1900ին Ալիշան չէր կարդացուեր։ Ըսի ատիկա։ 1947ին, Ալիշան իբրեւ քերթող պատմութիւն է եւ ոչ թէ կեանք։ Ահա՛ ամբողջ տրաման։ Զիս հակասութեան մէջ կը յայտարարեն, երբ իմ հիացումը պոռամ Ալիշան աշխատաւորին, հաւատաւոր հայրենասէրին, հսկայ, անզուգական հաւաքիչին արժանիքներուն համար։ Ու շատ խօսեցուցիր զիս։ Գնա՛ գործիդ։