Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ՆՈՐ ՏՈՒՆ

Իբրեւ թէ բնաւ չունէր կորուստ, էր անհոգ

Քաջ նաւավարն` օժտեալ սըրտիւ ու խելօք։

Հարուստ էր նա, ցորքան իր տեղն էր մեծ ծով,

Ցորքան դաստակքն ունէին կար ու կորով։

Աշխատեցաւ. ո՛չ եւս էին եազըճիք,

Ձիլ տասնոցներն ու խօլատո՜ւր ձեռաձիրք.

Այն տիտոններն ալ, ոյց լեզուաւ էր խնդրած

Քադ ֆռանգ, սէն ֆռանգ, եւ միշտ էր զայնս ըստացած,

Քանի մը զոյգ թի զարնելու փոխարէն.

Եղո՜ւկ, արդէն հին պատմութիւն` այդ ամէն։

Սակայն Եանգօն որոշած էր շինել տուն.

Թէեւ հանգիստ, կինն իրիկունն եւ առտուն

Կը տանէր գլուխն. «Ա՜խ, տունն ընտո՞ր երեցաւ»։

Տան գաղափարն հըրդեհին օրն իսկ ծընաւ

Նաւավարին հաստատորոշ մըտաց մէջ։

Որբ եւ այրի փարթամ տիկին մը` խորէջ

Մեծ քարահանք մ՚ունէր. Եանգօն դիմեց նմայ.

Սա հաճեցաւ, որ քարի պէտքն անդ հոգայ

Քաջ նաւավարն, ոյր նաւն նըստած էր Տիկին։

Եւ իր ծընած հողոյն վըրայ սիրագին

Եանգօն երկու խուցով կանգնեց իւր տընակ.

Թէպէտ եւ փոքր, այլ եւ փոքր էր իւր քըսակ.

Նաւավար մեր պարկեշտ` պարտքէն կը սոսկար,

Նա՛, որոյ դէմ մըրրիկն յաճախ էր անկար։

Եւ օր մը կինն ւ՚ երկեակ որդիքն իւր սիրուն

Առաջնորդեց բերկրեալ նաւազն ի նոր տուն։

Ժըրագլուխ կինն (որոյ, անշուշտ, չէր ծածկեր

Եանգօն անունն, ըզգիրս եթէ գուշակէր)

Ժըրագլուխ կինն, ում համակրած եմ անյքան,

Պագաւ… ոչ ձեռքս եւ կամ ճակատս խոհական,

Այլ տընակին դուռն ու մըտաւ ի… դըրա՜խտ.

Զի դրախտ մ՚է հիւղն, ուր բընակի սիրտ անախտ։

Եւ Եանգօն միշտ կ՚օրհնէ զիւր մայր, որ իւրեան

Ընտրեց կին մը քաղցր այնպիսի մեղուաջան.

Այլ ամենէն վեր երկնից Տէրն նա կ՚օրհնէր,

Որ այնպիսի մայր մ՚էր նըմա պարգեւեր,

Շընորհալի, տընտեսագէտ, քաջարթուն,

Կամաց, սըրտի տէր, երկրաւոր զըւարթո՜ւն։