Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի՛ՆՉՊԷՍ Կ՚ՈՒԶԷԻ ՄԵՌՆԻԼ

ԶՕՀՐԱՊԻՆ ԵՒ Հ. ԱՍԱՏՈՒՐԻՆ

Ադչափ ետեւէս ինկեր, ինէ գրուածք կ՚ուզէք «Մասիս»ին համար։ Ահաւասիկ, կրնաք նէ, հրատարակեցէք։ - Ե.


Մեռնիլ ես ի՛նչպէս կ՚ուզէի, գիտէ՞ք.

Անձնասպանութեամբ. օդակախելով

Մարմինս առաձիգ` փայլակնածայրէն

Հուր խարազանին բեկբեկ փեռեկող,

Որով Ամուրին յաւիտենական`

Բռնուած բըռընկա՜ծ անհուն մոլուցքէն`

 

Ծեծէ փոթորիկն, ու ծովուց վըրայ

Փրփրեղէն ոտիւք եւ ամպրոպ թեւօք

Շուտ-շուտ վազցընէ զայն յիմարարշաւ,

Ու ծըւէն-ծըւէն ցըրուէ հալածէ.

 

Եւ անձինըս հետ, յուսահատութեան

Խիտ խըցիկներով հիւսուած ծանրացած,

Մինչ անդընդոց խորն ընդքարշ տանէի՜

Խարազանն հուրէ եւ զայն բըռնող ձեռք…։

 

Ու առանց կայծակի մընա՜ր փոթորիկ,

Եւ առանց ձեռքի` շանթարձակն Աստուած,

Եւ անունս` առա՜նց յուշ յիշատակի։

 

Կամ թէ լինէի՜ յիշատակն հըրէշ,

Որ երկընքի մէջ եւ երկրի վրայ,

Շըրթամբք հըրեղէն, ձեռօք ջըղաձիգ

Անէ՜ծք անիծուէր յաւէտ յաւիտեան…։

1892

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1911, էջ 19)