Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՐԱՅՐՔ ՄՈՒԹԻՆ

Աննիւթ բաներուն է՛ն անուշը, մո՛ւթ,

Քօղ ու քօղահան, երազոց ծընող,

Գոհարին պատեան, հոգւոյս մըթնոլորտ,

Քու բուն կայքդ ո՞ւր է, քոյին ո՞ ծընող։

 

Կարօտի քեզ հաւն իր բոյնին համար.

Ու իրենց նընջախորշն նորամոլք քեզմով

Պարուրեն յամայր. քե՛ւ երկնակամար

Յայտնէ ծիր կաթինն ու վարսամն հոլով։

 

Կըրիային պէս գաս, խոյս տաս զերդ ծիծառն`

Երբ բազմաստեղնեան լուցանենք ըզջահ.

Յո՞ գընաս յայնժամ, աղո՜ւ որպէս գառն.

Եղիճներո՞ւն մէջ, ծա՞կ գանկին փորն, ա՜հ։

 

Բայց ի՞նչպէս այնքան անոյշ ես դուն, մո՛ւթ։

Բոյներուն վուվո՞ւն ըզքեզ յօրինէ.

Շողն ադամանդին դու ծըծես պուտ պուտ.

Կամ ուղե՞ղն ուտես մարդուն` երբ նընջէ՜։

 

Հաւատարիմ շան հանգէտ ոտքիս տակ

Փըռուած ես, յորժամ գըրիչն իմ շարժի.

Ու երբ սըրտիս ի խոր զարթնու յիշատակ,

Սեւ թըրթռումներովդ, ո՜հ, նա գանգըրուի։

 

Ծալլըւած ծունկին, անթոց գոգին մէջ,

Սիրե՜ս ճընշըւիլ։ Եւ երբ ծընրադրեմ,

Կամ ծալլեմ թեւերս, ըլլամ խորո՜ւնկ էջ,

Գո՜գ թելադըրուի հոգեակն իմ ի քէն։

 

Յաւերժագոյակ, լոյսէն շատ առաջ

Կայիր դուն էից ու չէից վըրայ.

Քու ծոցէդ ծընան կապոյտ ու կանաչ.

Խորքդ յաւիտեան կեանքն եռայ ու զեռայ։

 

Մո՜ւթ յոգնատըխուր, մո՜ւթ ամենահրաշ.

Ովկէաններուն յատակը դուն չե՞ս,

Որ կու լա՜ս ճերմակ մարգարիտն անմաշ.

Որ ճերմակ փրփուրն երկնաժանեկե՜ս։

 

Ու մարգարիտը դու կ՚առլընուս, մո՛ւթ,

Որպէս բովանդակ անդունդն էութեան.

Սեւ քար սըրտից մէջ դուն կը դընես գութ,

Ու ճերմակ թեւոց տակ մերթ գերեզման։

 

Ո՞չ քու սեւդ է, որ կ՚ընէ աչքն հըզօր.

Ո՞չ քու թեւդ յըղէ աղօթքն երկնաճե՜մ,

Ո՞չ թեւդ, որ գըրկէ մարդն յարգանդի մօր.

Ո՞չ քու սեւդ է, որ կ՚ընէ զխաչ վըսեմ։

 

Աննիւթ բաներուն է՜ն անուշը, մո՛ւթ,

Մեղրըդ ո՞չ հոնկէ` խաչին թեւերէն,

Հոգւոյն մէջ հոսէ. ու քու բուն անունդ

Չէ՜ մի տառապանք, որ գայ մեզ երկնէն։

Ոսկեղջիւր, 12 Մարտ 1895

(Մասիս, 16 Ապրիլ 1899)