Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՒՂԱՆԿԱՐ

Խոտերուն տակ, որ աջ ահեակ,

Խոտերուն տակ, որ ետք յառաջ,

Քըմայօրօ՜ր, քըմայապա՜ր,

Կը պատկերեն զխորհուրդ կենաց,

Կը թաքչի օձն` աչքերը բաց,

Դաշտաց աղջկան բոպիկ ոտիցն

Ըսպասելով, թեւ համակ օձն,

Երբ թուխ ամպոց մէջ ծրարուած`

Կնոջ գլխոյն, լանջքին լրտես

Մնայ արծիւն, զոյգ թեւ, մէկ թիռ։

 

Իր լրութեամբն աղջկան մարմնոյն,

Մըտաց, սրտին ու հոգւոյն տէր

Մի միայն մարդն ըլլալ կրնայ,

Թեւին` շրթամբք լնու զթերին։

(Լոյս, 2 Փետրուար, 1908)