Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՐՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ

Ինչպէս մանուկ մը նըսեմ՝

Մայրամուտէն տըժգունած՝

Ահա նորէն, Տէ՛ր Աստուած,

Կարօտագին կը սպասեմ…

 

Ո՞վ պիտի գայ։ Չե՞մ գիտեր։

Ցուրտ երկընքիդ ակնդետ,

Իմ այս յոգնած սըրտիս հետ՝

Որո՞ւ համար կու լամ, Տէ՛ր… ։