Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Լ.
ՆԱՐԼԸ ՔԱԲՈՒ

Աղքատ թաղ մ ՚ է ։

Ժամանակաւ քանի մը հարուստ վաճառականներ իրենց մէջ հոգաբարձութիւն մը կազմելով՝ թաղին վարժարանը կկառավարէին. իսկ մէկ֊երկու տարիէ ի վեր այդ հոգաբարձութիւնը լուծուած է, եւ թաղեցին ինք իր գլխուն կկառավարէ իւր վարժարանն, որ ինչպէս յայտնի է՝ նախանձելի վիճակ մը չկրնար ունենալ, թաղային վարժարան մ ՚ ըլլալուն պատճառաւ ։

Այս թաղին եկեղեցւոյն ժամակոչներն այնքան արթուն անձեր են, որ ուրիշ թաղերու գողերուն եթէ եկեղեցական անօթ պէտք ըլլայ՝ թաղիս եկեղեցիէն կ ՚ առնեն կտանին ։

Թաղիս մէջ դրամով հարուստ ազգային չկայ, բայց սրտով ամենն ալ հարուստ են։ Իրենց պարտաւորութիւնը կճանաչեն՝ եթէ իրենց ներկայացունես զայն, եւ ազգօգուտ ձեռնարկութիւններու համար իրենց լուման չեն մերժեր ։

Թաղս ծովեզերեայ ըլլալով՝ թաղեցին լաւ լողալ գիտէ օղիի մէջ ։

Կիները աշխատասէր են եւ եթէ պատուհաններուն նայիս՝ հոս ամեն օր լաթ կը լուան. վասնզի իրենց տանը պատուհաններէն ամեն օր ճերմակեղէն կախուած են ։

Օդը մեղմ է, թաղեցւոյն բնաւորութեանը պէս. իսկ երբ հարաւը փչէ եւ ծովն ալէկոծ է՝ թաղեցին ալ ծովուն հետ կկորուսնէ իւր հանդարտ բնաւորութիւնը եւ ալիքներուն պէս կկատաղի ։

Այս միջոցին Նարլը քաբուցիի մը առջեւէն մի քալեր փողոցի մէջ. զքեզ կտապալէ եւ կ ՚ անցնի կ ՚ երթայ ալիքի պէս։