Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԴ.
ԷՅՈՒՊ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ

Ս. Եղիայի Էյուպը պտըտած ենք, քիչ մ ՚ ալ Աստուածածնայ Էյուպը շրջինք ։

Այս թաղն ձեռներն աշխարհէս քաշած է. քայլ մը յառաջ երթալու կամք չունի, եւ եթէ չենք սխալիր՝ աշխարհ եկած ըլլալուն վրայ ալ զղջացած է։ Եթէ կարելի ըլլար՝ երկնից դէմ բողոք կբառնային ասոնք, թէ ինչո՛ւ զիրենք աշխարհ ղրկած է ։

Այս թաղեցին վերջին ծայր բարեպաշտ եւ ջերմեռանդ է. քիչ կ ՚ ուտէ, շատ կաղօթէ ։

Դաստիարակութիւնը չսիրեր, ուստի կարեւորութիւն չտար վարժարանին. թէպէտեւ երիտասարդներէն ոմանք կջանան թաղին մէջ ուսման սէր տարածելու ։

Այրերն եւ կիներն յուսահատ վիճակ մ ՚ ունին. ընդհանրապէս իրենց գլուխներն միշտ ի խոնարհ կբռնեն, որպէս թէ մէկէ մը յանդիմանուած ըլլային ։

Պէտք է գիտնալ, թէ ասոնք ծոյլ չեն, կաշխատին, բայց մեքենաբար եւ միշտ կը մնան հոն՝ ուր որ են ։

  Աստուծոյ մօտ եւ սատանայէ հեռի են եւ այնչափ երկիւղած են, որ եթէ Ս. Եղիա անդիի թաղին մէջ երկաթեայ տախտակն քիչ մը ուժով շարժէ՝ ամենքն ծակէ ծակ կփախչին մուկի պէս ։

Ասոնց մէջ գիրութիւն չկայ. ընդհանրապէս նիհար են բայց քաջառողջ ։

Արբեցութիւն չունին, ջուր կխմեն միայն ։

  Լաւ երազ կմեկնեն. այս թաղին մէջ մարդ չկայ, որ ամեն գիշեր քանի մը հարիւր երազ չտեսնէ։ Օր մը ծերերին մէկը կ ՚ ըսէր.

—Այս գիշեր մինչեւ լոյս աչքերս չգոցեցի. բայց ո՜րչափ ալ երազ տեսայ ։

Կերեւի թէ ասոնք իրենց արթուն եղած ատենն ալ երազ կտեսնեն։ Եւ ես չպիտի զարմանամ այսուհետեւ, թէ ինչո՛ւ երբեմն քանի մը ամիսներ երազ չեմ տեսներ. վասնզի Էյուպցիները կտեսնեն իմ տեսնելիք երազներն, եւ կամ այնչափ շատ երազ կտեսնեն, որ մեզի երազ չմնար տեսնելու ։

Շատ տուներու մէջ Պղնձէ քաղաք, Երազահան եւ վիճակահանութեան գրքեր կը գտնուին, բայց Համպուրկի վիճակահանութեան չեն գրուիր ։

Հագուստի մասին ալ բնաւ փոփոխութիւն չէ կրած այս թաղն լուսահոգի Յակոբ պատրիարքին օրէն ի վեր ։

  Այսու ամենայնիւ կիներն, թէպէտեւ աշխատասէր եւ հաւատարիմ՝ զիրար բամբասելու մասին ալ ծոյլ չեն ։

Օդը շատ թեթեւ է, եւ այս թեթեւութիւնն ալ այդ միլիոնաւոր երազներէն առաջ եկած է ։