Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԷ.
ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔ

Վոսփորի մէկ հոսանքը կպահանջէ, որ Գուզկունճուքի նաւամատոյցին մերձենալու համար՝ նաւավարն իւր նաւակն միշտ դէպի Պէյլէրպէյ ուղղէ եւ դէպի հոն թի քաշէ. վասնզի եթէ դէպի Գուզկունճուք ուղղուի՝ Իւսկիւտարի առջեւ կը գտնէ ինքզինք։ Գուզկունճուքցին միշտ այս ճանբով երթեւեկելուն համար սովորութիւն ըրած է իրեն՝ եկեղեցի երթալու համար դէպի Պէյլէրպէյի նաւամատոյցին զբօսարանն ուղղել իւր գնացքը, վասն զի եթէ դէպի եկեղեցին առնէ իւր քայլերն՝ ինքզինքը գինետուններու մէջ կգտնէ։ Ցամաքն ալ ունի իւր հոսանքները ։

  Այս թաղն թէպէտեւ պաշտօնապէս Իճատիէյի հետ միացած է, բայց ոչ֊պաշտօնապէս չէ միացած եւ ոչ մէկ թաղին հետ ։

  Օրհնեա՜լ է Աստուած. հոս բնաւ կռիւ չպատահիր թաղին վարժարանին վրայ

—Փա՜ռք քեզ Աստուած. վերջապէս տեսանք թաղ մը, ուր կռիւ չըլլար եղեր վարժարանին վրայ։ Կեցցէ՛ Գուզկունճուքցին Գուզկունճուքցիին օղի մը տար ինձմէ

  Այո՛, Գուզկունճուքին մէջ բնաւ կռիւ չեն յարուցաներ թաղին վարժարանին վրայ. եւ ասոր պատճառն ալ կրնաք գուշակել, եթէ ըսեմ ձեզ, որ Գուզկունճուքի մէջ ազգային վարժարան չկայ

—Հիմայ հասկցուեցաւ, որ թաղին վարժարաններն են եղել կռուոյ պատճառները ։

  Արդարեւ կայ պզտիկ շէնք մը, ուր պզտիկ տղաներ կ ՚ երթան քնանալու համար։ Թաղեցին անգամ մը սրդողած ըլլալով վարժարանին դէմ՝ ուխտ ըրած է լումայ մը չտալ անոր համար, եւ հիմայ ուխտադրուժ չսեպուելու համար՝ ստիպուած է քսակին բերանը չբանալ իւր վարժարանին համար ։

Մինչեւ այսօր հոս թաղային կռիւ ալ տեսնուած չէ, եւ ասոր ալ պատճառն սա է, թէ այս թաղին մէջ

—Թաղ չկայ, այնպէս չէ՞ ։

Այս թաղին մէջ եթէ մէկը սխալի եւ սեւին ճերմակ ըսէ՝ իւր դէմը չգտներ ուրիշ մէկն՝ որ ելնէ ըսէ. ո՛չ, այդ սեւ է եւ ոչ ճերմակ։ Ահա ասանկով վիճաբանութիւն բնաւ չըլլար, գլուխներն առաջուան պէս անփոփոխ կը մնան եւ միայն ֆէս երը կը փոխուին, եւ այն ալ երկու տարին անգամ մը ։

  Հոս տարին երկու հարիւր յիսուն օր կը տօնեն եւ կը հանգչին։ Ոչ ոք կը փափագի հարստութիւն դիզելու, փառք վաստկելու եւ համբաւ հանելու. ամեն մարդ կփափագի ձուկ դիզելու, ձուկ վաստկելու եւ ձուկ հանելու. տկար ստամոքս ունենալով՝ ոչխարի կամ կովու միսը կդպչի իրենց։ Եթէ իրենց սիրտերուն մէջ քիչ մը դպրոցասիրութեան եռանդ ունին՝ ան ալ կմարի այն գինիէն, զոր կը խմեն ձուկին վրայ եւ որ կը թափուի իրենց եռանդին վրայ։ Եթէ օղի խմէին՝ թերեւս եռանդն բորբոքէր. բայց ասոնք ուրիշ թաղերու ազգայիններուն պէս երեկոները գինետուններու մէջ շատ չեն անցուներ, այլ քանի մը գաւաթ խմելով՝ իրենց տուները կ ՚ երթան ։

  Ասոնց սովորութիւնն է՝ ամեն գիշեր կամ ամեն կիրակի կամ տօնի օրերն մէյմէկ տուն հաւաքուիլ եւ զբօսնուլ։ Ասոնց խօսակցութիւնն ընդհանրապէս կկազմուի նարտէ կամ խաղի թուղթէ։ Շատ անգամ ալ նաւամատոյցի զբօսարանին մէջ նարտ կխաղան հրէաներու հետ, որոնցմէ զուարճախօսութեան դաս ալ կ ՚ առնեն Անի ոճով։ Նարտ կամ թուղթ խաղալու ատեն կորսնցնողը իրաւունք կ ՚ ունենայ ուզածին եւ կրցածին չափ հայհոյութիւն ընելու. վաստկողը կատարեալ լռութիւն պիտի պահէ եւ երբեմն քթին տակէն պիտի խնդայ, ընկերն ա՛լ աւելի բարկացնելու համար։ Հայհոյութեան մասին՝ այս թաղն պահպանողական կուսակցութեան կը վերաբերի ։

  Այս թաղը կբնակէր վսեմափայլ եւ բարձրապատիւ Ստեփան փաշա Ասլանեան, որ, ինչպէս յայտնի է՝ Երուսաղէմի հաշիւները անձնանուիրաբար քննելու համար երկու հարիւր ոսկի օսմանեան առաւ վեհանձնաբար ։

Կոկիկ եկեղեցի մը կայ հոս, որ կոկիկ եւ գեղեցկաձայն քահանաներ ունի, բայց կոկիկ ջերմեռանդներ չունի ։

  Իգական սեռն ալ գրեթէ արականին պէս կեանք կ ՚ անցունէ. ուսումնասիրութեան վրայ գաղափար ունենալու պատրաստութիւն չունի դեռ։ Օրուան կէսը կ ՚ անցունէ տապկելով այն ձուկերն, որք արականէն կուղղուին։ Ինչպէս Քերականութեան, նոյնպէս ալ Գուզկունճուքի մէջ արականն նախապատիւ է իգականէն. հոս կինն իւր էրկանը յետեւէն կ ՚ երթայ, մինչդեռ Բէրայի մէջ ասոր հակառակն է եւ էրիկն կնոջը յետեւէն երթալու ստիպուած է ըստ աւետարանին, թէ « թողցէ այր զհայր եւ զմայր իւր եւ երթիցէ զհետ կնոջ իւրոյ »։

  Գուզկունճուքի կիները աշխատասէր են։ Նորաձեւութեան մասին Իճատիէյէն կ ՚ առնեն իրենց դասերը ։

Բամբասանք ընելու տրամադրութիւն չունին շատ, իսկ հագուստի մասին բամբասուելու բաւական յարմարութիւն ունին ։

  Գուզկունճուքի օդը հոտած ձուկ կը հոտի եւ կը ստիպէ հոն գացողն իւր քիթը բերանը ծամածռելու։ Օդին պատճառաւն է, որ ընդհանրապէս Գուզկունճուքցիները ծամածռած երես ունին ։