Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԵ.
ՊԷՕՅԻՒՔ ՏԷՐԷ

Գիւղ մ ՚ է, ուր օդափոխութեան համար կ ՚ երթան ընդհանրապէս. բայց էրիկ փոխելու համար գացողներ ալ չեն պակսիր ։

  Գրեթէ ամենէն հարուստներն են, որ այս գիւղը կ ՚ երթան ամառներն եւ շռայլութեամբ կեանք կ ՚ անցունեն. շատերն ալ հարուստ կոչուելու համար կ ՚ երթան հոն ։

  Շատ գեղեցիկ տուներ կան ծովեզերքի հրապարակին վրայ։ Կիներն այն տուներուն դռները կբանան եւ այն դիրքով կնստին գաւիթի մէջ, որ անցնողները կտեսնեն անոնց ամուսիններուն նիւթական եւ մարմնական հարստութիւնը։

Գիշերները շատ բազմութիւն կ ՚ ըլլայ այդ հրապարակին վրայ, բազմութիւն սիրահարութիւններու։ Այդ հրապարակին վրայ նոր սէրեր կստեղծուին. հոն կ ՚ ըլլան խօսկապներ, նշանտուքներ եւ հարսնիքներ. եւ ինչո՞ւ չըլլան. ամեն մարդ հոն աղէկ ժամ անցունելու համար կ ՚ երթայ. անանկ չէ՞, Մարթա տուտու ։

Բնիկ ազգայիններն քիչ են հոս եւ ունին ախոռի պէս տեղ մը, որուն անունը վարժարան դրած են եւ ուր կ ՚ երթան գեղին տղաները՝ ապականեալ օդ ծծելու համար։ Վարժարանն ողորմելի վիճակին մէջ է. գեղացին ալ իւր վարժարանէն նուազ խղճալի չէ, որ աչեր ունի եւ չտեսներ, ականջ ունի եւ չլսեր, իսկ բերան ունի եւ կ ՚ ուտէ։ Անիրաւութիւն չընենք. այս վարժարանին վրայ այն ատեն յարձակինք՝ երբ թաղային կանոնաւոր վարժարանի մը հանդիպինք մեր պտոյտներուն մէջ ։

Բնիկն եկեղեցի ալ չերթար. օդափոխութեան համար գեղը գնացող ազգայիններն են, որ կիրակիէ կիրակի եկեղեցի կ ՚ երթան եւ քիչ մը ստակ կձգեն ։

Գեղիս ազգայիններուն մեծագոյն մասին գործն է սրճարաններու մէջ քաշուիլ եւ նարտ կամ թուղթ խաղալ։ Պզտիկ մասն ալ ձուկ բռնելով կզբաղի ։

Գիւղիս մէջ ազգային տեսակէտով եթէ նշանաւոր եւ մեծ բան մը կայ՝ ան ալ հարուստ ազգայնոյ մը պարտէզն է, որուն դռները հասարակութեան երբեմն կբացուին եւ երբեմն կգոցուին ։

Այս գիւղն շատ յարմար է ամեն անոնց, որք միայն զուարճանալու համար եկած են աշխարհ. ամեն տեսակ զուարճութիւն կայ հոն։

Այս գիւղը թէպէտեւ խոնաւ է, բայց գեղացիներուն գլուխները միշտ չոր են. չգիտեմ, թէ արեւո՛ւ մէջ կտաքցունեն, թէ փուռի մէջ ։