ԻԱ.
ՊՕՅԱՃԻ
ԳԻՒՂ
Այս
գիւղին
ազգայինները
ժամանակաւ
այնչափ
կքնանային,
որ
շատ
մը
բժիշկներ
իրենց
չքնացող
հիւանդները
հոս
կղրկէին։
Ոմանք
ալ
կպնդէին,
թէ
Եպիմենիդէսը
հոս
ծնած
ըլլայ։
Չհաւատալու
բան
չկայ.
իրենց
շատ
քնանալուն
ամենահզօր
մէկ
փաստն
ալ
այս
էր,
որ
հոն
բնաւ
թաղականի
կռիւ
լսուած
չէր.
եթէ
չքնանային՝
կարելի՞
էր
միթէ
որ
կռիւ
չհանէին
եւ
իրենց
աղաղակներովն
լրագիրներու
էջերը
չլեցնէին
։
Բայց
քանի
մը
ժամանակէ
ի
վեր
այս
գիւղն
արթնցած
է
շնորհիւ
երիտասարդութեան,
որ
ընկերութիւն
մը
հաստատած
է՝
գիւղին
վարժարանը
յառաջ
տանելու
համար
եւ
որ
վերջերս
իւր
հաշուեցուցակն
ալ
հրատարակած
է
։
Գիւղիս
հայերը
շատ
ուժեղ
ստամոքս
ունին.
անոնց
իւրաքանչիւրն
ոչխար
մը
կարող
է
ուտել
եթէ
ուրիշի
մը
տունը
ճաշի
հրավեր
ուի։
Համեղ
կերակուրներէն
աւելի
կախորժին
քան
թէ
խօսարաններէն
եւ
լսարաններէն
։
Պօյեաճի
գիւղցին
շատ
կսիրէ
իւր
անունը
փոխել։
Կարապետը
Քարլօ
եւ
Մկրտիչը
Պաթիսթ
կ՚ըլլան
հոն։
Շաբաթէ
մը
ետքը
նորէն
կփոխուին
անոնք
եւ
Ժան
կամ
Բօլ
կ
՚
ըլլան,
եւ
մարդս
կստիպուի
ամեն
շաբթու
առաջին
օրն
իւր
բարեկամն
հարցունել
։
—Այսօրուան
անունդ
ի՞նչ
է
։
—
Ժօզէֆ
։
Քուկի՞նդ
։
—
Մարթէն
։
Զուարճութիւնը
շատ
կսիրեն,
ամիս
մը
շարունակ
կրնան
ուտել,
խմել
եւ
երգել,
առանց
ամենափոքր
անհանգստութ
եան
մը
զգալու
։
Հոս
սա
աղէկութիւնը
կայ,
որ
իրարու
միս
չեն
ուտեր
եւ
իրարու
հետ
շատ
սիրով
են։
Եթէ
երբեմն
պատահի
իրարու
հետ
վէճի
բռնուիլ՝
քառորդէ
մը
կհաշտուին
եւ
դրսէն
բնաւ
միջամտութիւն
չեն
ընդունիր,
իրենց
անկախութիւնը
պաշտպանելու
համար։
Ասոնք
ընդհանրապէս
այնչափ
իրարու
քիթ
մտնելով
կխօսակցին,
որ
հեռուանց
տեսնողն
կկարծէ,
թէ
իրենց
խօսակցութիւնը
քթի
վրայ
է
։
Կիներէն
ոմանք
թէպէտ
եւ
իրենց
անունները
չեն
փոխեր,
բայց
այնչափ
կփոխեն
կերպարանքն,
որ
ցերեկին
չես
ճանաչեր
այն
կինն,
զօր
առաւօտուն
տեսած
ես,
ոչ
ալ
երեկոյին
կճանաչես
այն
աղջիկն,
զոր
ցերեկին
տեսած
ես։
Միօրինակութիւնն
այս
գիւղին
մէջ
շատ
ձանձրութիւն
կպատճառէ,
եւ
մենք
կզարմանանք,
որ
Պօյաճի
գիւղցին
ի՞նչպէս
կը
համբերէ
եւ
շաբաթը
անգամ
մը
տուն
չփոխեր։
Խնդրենք
Աստուծմէ,
որ
այս
մոլութիւնն
թաղականներուն
եւ
վարժարանը
կառավարող
անձերուն
վրայ
չգործադրուի։
Իգական
սեռն
շատ
կսիրէ
ճաշակով
հագուիլը
եւ
ճաշակով
բամբասելը
։
Ամառուան
եղանակին
մէջ
շատ
տեղերէ
կու
գան
հոս
օդափոխութեան
համար։
Ժամանակաւ
ուխտի
կ
՚
երթային,
հիմա
միայն
օդափոխութեան
կ
՚
երթան
։
Գիւղիս
հայ
տուներուն
թիւը
ճիշտ
չգիտցուիր,
բայց
վաթսունի
եւ
եօթանասունի
մէջ
տեղը
կկարծուի
։
Օդը
խիստ
է,
այսինքն
միապետական
է,
իսկ
բնակիչները
մեղմ
են
։
Գիւղիս
անունէն
ոմանք
կենթադրեն,
թէ
ատենօք
կիները
հոս
պօյա
ներ
կշինեն
եւ
իրենց
երեսներուն,
մազերուն
եւ
աչերուն
կը
քսեն
եղեր։
Ես
ենթադրութեամբ
ուրիշներուն
մեղքն
առնելու
կը
վախնամ։