Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.
ՔԱՐԱԿԷՕՄՐԻՒՔ ԵՒ ՍԱԼՄԱԹՕՄՐՈՒՔ

( Միացեալ թաղ

Շուտ ըրէ, բարեկա՛մ, բարեկամներուդ ես քեզ մեղայ ըսէ, գնա՛ խոստովանանք եղիր, հաղորդուէ՛ ու ծնողներուդ վերջին ողջոյնդ տուր. եթէ ողջ առողջ դառնանք՝ բան մը կորսնցուցած չենք ըլլար, իսկ եթէ մեռնինք՝ չենք տանջուիր, թէ ինչո՛ւ չկատարեցինք մեր քրիստոնէական, ընտանեկան եւ բարեկամական պարտաւորութիւնները… բարեկամներու մնաք բարով չըսած մեռնիլը մեծ անքաղաքավարութիւն է։ Թերեւս հարցունես ինձ, թէ ի՜նչ հարկ կայ այս պատրաստութիւններն ընելու, պատերա՞զմ պիտի երթանք։ Ո՛չ, բարեկա՛մ, պատերազմ չպիտի երթանք, այլ Խաս ֊ գիւղ բանող շոգենաւներէն մէկուն մէջ պիտի մտնենք ։

—Ո՛չ, ո՛չ, ես այդ շոգենաւները չեմ մտներ ։

—Տղայութիւն պէտք չէ, մի՛ վախնար ։

—Ուխտ ըրած եմ չմտնելու ։

—Կնիկ մի՛ ըլլար, աշխարհիս վրայ ամեն բան մեզի համար է. քաջալերուէ՛, նետուէ նայիմ սա շոգենաւին մէջ, մահէն վախցողը մարդ ըսուելու չէ արժանի։ Օ՛ն անդր, քաջալերութիւն, հապ օ՛ն յառաջ ։

Ահա շոգենաւուն մէջն ենք Հոս նստէ՛. քաջութեամբ նստէ, ծունկերդ շատ մի բանար, որ սա խեղճ մարդն ալ նստի ծունկերո՞ւդ վրայ եկան նստեցան. վնաս չունի, համբերէ Բայց տե՛ս կռնակս ալ կ ՚ ելնեն կը նստին։— Հոգ չէ, խեղճ բեռնակիրները հոգի չունի՞ն։— Շունչս կտրիլ սկսաւ։— Բան մ ՚ ալ չես ըլլար, կը վարժուիս։— Շոգենաւն ո՛րչափ ծռեցաւ, մէջը ջուր առնել սկսաւ, պիտի խեղդուինք։— Բան չկայ, ամեն բան տեսնելու չէ։ Ահա եկանք Պալատ, պատրաստուէ՛ որ ելնենք, սակայն կամաց կոխէ նաւամատոյցին ոչ չփլի ։ Եբրայեցիներու շուկայէն պիտի անցնինք հիմա, ժամացոյցդ եւ քսակդ պահպանէ՛։ Ահա քեսմէ քայեա կոչուած զառիվերը, ուսկից վեր ելնելու համար գոնէ չորս կանգուն երկայնութեամբ շնչառութիւն ունենալու է։ Զառիվերին գլուխը հասանք. Սալմաթօմրուքն է հոս։ Մեծ փողոցին վրայի զբօսարանը թաղին ազգային զբօսարանն է։ Տես, քարերուն վրայ հինգ տեսակ Ազգ. լրագիրներ դրուած են, որոնց երեսը նայող չկայ. թանգարան մ՚ալ կայ, որուն տէրն է սոյն թաղին Գրասիրական ընկերութիւնն, որ վեց տարեկան ըլլալով՝ ակռային վախն անցուցած է եւ օր ըստ օրէ աճելու վրայ է։ Աս ընկերութեան նպատակն է լրագրով, գիրքերով եւ կիրակնօրեայ դասախօսութիւններով թաղին մէջ ընթերցասիրութիւն տարածել։ Այս զբօսարանին մէջ կգտնուին դիւանագէտներ, որոնք ամեն օր կքննադատեն կամ Պիսմարքի ընթացքը կամ Կլատսթընի աշխարհավարութիւնը։ Յառաջանանք դէպի Քարակէօմրիւկ։ Այս գինետունները քանի մը ամիս առաջ գոցուած էին, իսկ հիմա նորէն բացուեցան՝ դեսպաններու շնորհիւ։ Թաղեցիները շնորհակալութեան ուղերձ մը կստորագրեն դեսպաններու տալու համար, վասնզի խեղճերը իրիկունները Պալատու գինետունները կ ՚ երթային խմելու եւ գիշերուան ժամը չորսին հազիւ կրնային իրենց տուները մտնելու, որով իրենց ընտանիքներէն յանդիմանութիւններ կլսէին։ Զրոյց կպտըտի, թէ թաղեցին պիտի պնդէ եղեր, իրիկունները կանուխ տուն երթալը դիւրացնելու համար, որ իւրաքանչիւր տան քովը պզտիկ գինետուն մը բացուի ։

Այս թաղին փողոցներուն թիւը երեսունը մէկի կհասնի. բայց ասոնց մէջ կան անանկ փողոցներ, որոնցմէ անցնելու համար կատարեալ մարմնամարզութիւն գիտնալու է. առանց ասոր, կա՛մ գլուխդ կկոտրես կամ թեւդ եւ կամ ուրիշ մէկ կողմդ։ Փողոցներ կան, որ Կ. Պօլսոյ առումէն ի վեր նորոգուած չեն եւ նորոգուելիք ալ չունին ։

Ահա Քարակէօմրիւկի եկեղեցին, որուն անունն է Ոսկեբերան եւ ուր կայ հրաշագործ Աստուածածին։ Ուխտատեղի է, ջերմեռանդ եւ բարեպաշտ ուխտաւորները պզտիկ Չարխափան կ ՚ անուանեն այս աղօթից տունը։ Զաւակ չունեցող այրերն ու կիները հոս ուխտի կու գան, շատ զաւակ ունեցողներն ալ հոս ուխտ կ ՚ ընեն։ Պարապ պտըտողները, հիւանդութենէ ելնողները, իրենց սպասաւորներուն իրաւունքը ուտողները, իբրեւ աւանդ առնուած ադամանդները ուրիշի ծախողները, որբեւայրիներուն ստակը կլանողներն ընդհանրապէս հոս ուխտի կու գան ։

Այս տեղի քահանաներն ալ քիչ ֊ շատ ուսած են հրաշագործութիւն եւ երբեմն ֊ երբեմն պզտիկ հրաշքներ ալ կգործեն։ Ջերմեռանդի մը կողմէ Աստուածածնայ պատկերին նուէր տրուած զուտ ոսկիէ գօտի մը երկու օրուան մէջ ոսկեզօծ պղնձի փոխուեցաւ. ուրիշի մը նուիրած խաս թէլփէչէն ալ սիմ ի այլափոխուեցաւ ։

Երբեմն ինքնիրմէ ասանկ այլակերպութիւններ տեղի կ ՚ ունենան այս եկեղեցւոյն մէջ, այլակերպութիւններ՝ որ ուրիշ եկեղեցիներու մէջ ալ պակաս չեն ։

Թաղիս քարոզիչն ալ կտրուկ մարդմ ՚ է, շատախօսութիւն չսիրեր. շատ անգամ պաշտօնական գրութիւններն եւ երբեմն ալ աւետարանը կհամառօտէ եւ այնպէս կկարդայ, ունկնդիրներուն ձանձրոյթ չտալու համար ։

Թաղական խորհուրդը մօտերս պիտի որոշէ, որ օրինաւոր տետրակ ունենայ եկեղեցական անօթներու, որպէսզի անոնք ալ հրաշքով չփոխուին կամ երկինք չհամբառնան։ Մեծ զգուշութիւն եւ խնամք պէտք է այն թաղերը, ուր հրաշքներ կգործուին ։

Սոյն միացեալ թաղն, որ կբաղկանայ Քարակէօմրիւկ, Սալմաթօմրուք, Սուլթան Համամ, Պզտիկ եւ Մեծ Մալթա թաղերէ՝ ունի հինգհարիւր յիսունը չորս տուն հայ։ Ամենէն բազմամարդն է Սալմաթօմրուք, որ ունի չորս հարիւր քսան եւ ութը տուն, մէկ եկեղեցի, մէկ նախակրթարան, մէկ ուսումնարան եւ աղջիկներու վարժարան մը։ Յիշեալ դպրոցներուն մէջ կան հարիւր երեսուն եւ ութ աշակերտ եւ ութսունը չորս աշակերտ ուհի կամ աշակերտ անոյշ կամ աշակերտա դուխտ ։ Վեց տարեկանէն վեր աշակերտ կամ աշակերտուհի չընդունուիր, վասնզի այս տարիքին մէջ հոն կսորվին հայերէն, տաճկերէն, ֆրանսերէն, անգղիերէն, գերմաներէն, սլավերէն, եբրայերէն, թուաբանութիւն, տրամաբանութիւն, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, կրօնագիտութիւն, գծագրութիւն, երաժշտութիւն, բնագիտութիւն, քիմիաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, մարմնամարզութիւն, հոգեմարզութիւն. հոս ընթերցանութիւնը իրենց մօրն արգանդին մէջ կ ՚ ուսանին։ Թաղեցին իւր վարժարաններուն այս հրաշալի յառաջադիմութիւնն պարտաւոր է Ուսումնական Խորհրդոյն, որ բնաւ հոգ չըներ նոյն ֊ իսկ եթէ աչերովն ալ տեսնէ, որ մսավաճառ մը վարժարանի տնօրէնութիւն կամ հոգաբարձութիւն կ ՚ ընէ ։

Ժողովուրդը մեծ մասամբ տգէտ է, եւ տգիտութիւնն պաշտպանութիւն գտնելով՝ օր ըստ օրէ յառաջ կ ՚ երթայ։ Եթէ այս վարժարանին մէջ գիտութեան տեղ տգիտութեան դասեր աւանդուէին՝ առաջին կարգի վարժապետանոց մը կ ՚ ըլլար տգիտութեան ։

Իրենց վիճաբանութեան եղանակին վրայ թեթեւ գաղափար մը տալու համար՝ կհրատարակենք հոս վիճաբանութիւն մը, որ երկու հոգւոյ մէջ տեղի ունեցած է.

—Բարեկա՛մ, այս տեսուչն մեր զաւակներուն ապագայն կսպաննէ ։

—Ո՛չ, այս տեսուչն մեր զաւակներուն ապագայն կշինէ. երէկ լալընճի Ահմէտ աղան վարժարաններու այցելութիւն մը ընելով՝ շատ գոհացուցիչ գտեր է զանոնք ։

—Բայց երէկ պօզաճի Տիմիթրօն կպնդէր, թէ այդ մարդն այդ պաշտօնին մարդ չէ ։

—Սխալ է, պօզաճին կիրք ունի մեր տեսուչին դէմ, որ իրիկուններ պօզա չխմեր ։

—Խորհուրդ մը ընենք եւ սա տեսուչը փոխենք. մեղք է մեր զաւակներուն ։

—Ատանկ բան չըլլար, դուն քու նստած խանութիդ վարձքը չես կրնար վճարել եւ կելնես ազգային գործերուն մէջ կմտնես ։

—Ես քեզի պէս ուրիշին իրաւունքը չեմ ուտեր, դուն ինձի աղէկ նայէ՛ ։

—Բերանդ ժողվէ՛, հիմա աթոռը գլխուդ կիջեցնեմ, հա՛ անպիտա՛ն ։

—Դուն ալ ասկէ վերջը եկո՛ւր տէ, մեր տունէն կնկանդ համար շապխա առ ։

—Անցեալ շաբթու չէ՞ր որ երկար բանթալօնս առիր եւ Քարակէօմրիւկ ուխտի գացիր ։

—Քուկին ինչ վատ ըլլալդ ամեն մարդ գիտէ ։

—Վատը դու ես ։

Ծեծկւուքը կսկսի, ապտակ եւ կից փոխանակուիլ կը սկսին ։

Երրորդ մը կու գայ եւ կմիջամտէ ։

—Բանթալօնի մը համար կը վայլէ՞ որ ։

—Վա՛տ ըսաւ ինձի ։

—( Ականջն ի վար ) Դու ալ այդ աւանակին խօսքին կարեւորութիւն մի՛ տար ։

—Ան ալ ինծի անպիտան ըսաւ ։

—( Ականջն ի վար ) Ամօթ է, այդ իշուն խօսքերուն կարեւորութի՞ւն կու տաս։ ( Բարձր ) Հաշտուեցե՛ք, եղբայր էք դուք… բայց այս բանթալօնի խնդիրը ի՞նչպէս ծագեցաւ ։

—Վարժարանի վրայ խօսք բացուեցաւ ։

—Վարժարանին բանթալօ՞ն պիտի հագցունէիք, ինչ պիտի ընէիք որ ։

—Չէ, տեսուչը ։

—Առնենք, եղբայր, առնենք, տեսուչին բանթալօն մը առնենք, ի՞նչ կ ՚ ըլլայ եղեր ։

—Չես հասկնար, եղբա՛յր, խնդիրը վարժարաններու վրայ էր ։

—Վարժարաններո՞ւ համար կը վիճաբանէիք ։

—Այո՛ ։

—Դուք երկուքնիդ ալ աւանակ էք եղեր վարժարանի մը համար իրարու սիրտ կոտրել ի՞նչ պիտի ըլլայ. ես ալ կարծեցի, որ օգտակար բանի մը համար կը վիճէիք ա՛յ աւանակներ ։

Վիճաբանողներն այս դիտողութիւնն իրաւացի կգտնեն, կզղջան, որ չնչին խնդրոյ մը համար զիրար վիրաւորած են, կպագտուին, կհաշտուին եւ ուխտ կ ՚ ընեն, որ մէյ մ ՚ ալ վարժարանն իրենց բերանը չառնեն ։

Թաղականի կռիւները հոս պակաս չեն։ Երբ թաղական խորհրդոյ ընտրութեան ձեռնարկուի՝ մարդուն մէկը Դիոգինէսի լապտեր մը կ ՚ առնէ երեք հազար հոգիէն ինը հոգի գտնելու համար, եւ դարձեալ չյաջողիր։ Թաղական ըլլողն կա՛մ վեց ամիսէն հրաժարական կու տայ եւ կամ իւր անկողինը Թաղական խորհրդարանը կփոխադրէ ։

Սալմաթօմրուքի մէջ կան քանի մը մարդեր, որոնք մեծ գործ մը տեսնելով անմահանալու համար իրենց շանը պոչը կը կտրեն ։

Քսանի չափ հարուստներ կան, որոնք ազգային բարենպատակ գործերուն համար իրենց քսակն չեն խնայեր։ Ասոնցմէ տասն եւ ութ հատը անցեալ տարի իմանալով, որ Դպրոցասիրաց Արեւելեան ընկերութիւնն իրենց պարահանդէսի տոմսակ պիտի ղրկէ՝ անմիջապէս տեղ մը հաւաքուեցան եւ որոշեցին թաղը ոտք չկոխել, մինչեւ որ պարահանդէսը տրուի ։

Հոս ալ ուրիշ թաղերու պէս շատ մը ընկերութիւններ կազմուած են եւ կործանուած են։ ա բ գ ֊ ի ընկերութիւնը հաստատուած օրն՝ թաղեցին կյուսար, որ հիմնական կերպով սկսուած սոյն ընկերութիւնն աա բբ գգ պիտի գար ախչ, բծպ, գկջ, դհռ ֊ ն, եւ բա, բե, բի, կարդալով՝ օր ըստ օրէ յառաջ պիտի երթար… Ընկերութիւնն այսօր իւր անունն իսկ մոռցած է։ Ուրիշ քանի մը ընկերութիւններ ալ կազմուեցան, բայց անոնք եւ օ ֆ ֊ էն սկսած ըլլալով՝ խիստ կարճատեւ կեանք ունեցան։ Հիմայ ճ մ յ ֊ էն ընկերութիւն մը հաստատելու միտք ունին։ Այդ ընկերութիւնները որքան որ անուն չունին այսօր՝ դրամագլուխ մը ունին, որ կազմուած է քսանը մէկ հատ երկաթուղւոյ բաժնետոմսէ, վաթսունը վեց եւ երեք քառորդ արծաթ մէճիտէ, քսան բարայէ, տասն ոսկիէ, երկուք ու կէս ոտք ունեցող թիկնաթոռէ ու մէջը պարապ մէկ մելանի շիշէ։ Այս դրամագլուխը կպահպանեն քանի մը անձեր ազատ եւ անկախ ո՛ եւ է պաշտօնական եւ ոչ ֊ պաշտօնական երաշխաւորութենէ եւ պատասխանատուութենէ, եւ թաղեցին կխպնի երթալ այդ անձերէ ստորագրութիւն առնել ։

Պզտիկ մաս մը կայ այս գիւղին մէջ, որ երբեմն կշարժի, երբ երկրաշարժ ըլլայ։ Բայց մեծ մասն անշարժ ըլլալով՝ լուսաւորութիւնը կկաղայ հոն ։

Իգական սեռը արականէն աւելի պարկեշտ է։ Աղէկ հագուելու բնաւ հոգ չտանիր. ամեն օր ալ չհագուիր, տարին անգամ մը կհագուի, մնացած օրերը գիշերազգեստով պատուհանին առջեւ կնստի եւ ֆէս կհիւսէ։ Ասոնց համար տօնի օր չկայ. չորս տարին անգամ մը կ՚երթան եկեղեցին, որ իրենց քթին քովն է, եւ իրենց քիթն ալ մեծ չէ, որ եկեղեցւոյն հեռաւորութիւնն պատճառ բռնեն։ Ասոնք լալըն կհագնին եթէ չորս տարին անգամ մը եկեղեցի երթան։ Այս թաղի կիներուն հայերէն խօսակցութիւնն ուրիշ թաղի կիներուն խօսակցութենէն կզանազանի սա կէտին մէջ, որ ուրիշ թաղի կիներն հայերէնի մէջ տաճկերէն բառեր կխառնեն, մինչդեռ ասոնք տաճկերէնի մէջ հայերէն բառեր խառնելով յառաջ կտանին մայրենի լեզուն։ Ասոնք կարող են Մշակի մէջ հայերէն յօդուածներ գրել ։

Այս թաղն առողջ օդ մ ՚ ունի. եւ եթէ թաղեցին գէշ օդի մը մէջ աշխարհ գալու ստիպուէր՝ մեռած պիտի ծնէր ։